ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ
Յաճախ բարեկամներ հարց կու տան, թէ ո՞ր երկիրը կ՚ուզէիր ապրիլ. պատասխանս մի՛շտ նոյնը կ՚ըլլայ. Հնդկաստան: Ի դիմաց անոնց զարմացած հայեացքներուն կը պատասխանեմ, թէ Հնդկաստանը կարծիքովս աշխարհի ամենէն հարուստ երկիրներէն մէկն է՝ եթէ ո՛չ ամենէն հարուստը:
Համացանցի եւ լրատուական միջոցներու միջոցով մարդոց մէջ տեղ գտած է այն կարծիքը, որ Հնդկաստան աշխարհի ամենէն աղքատ ու չքաւոր երկիրներէն մէկն է, որովհետեւ այդտեղ տեսած են հին ու քանդուած փողոցներ, կիսակառոյց տուներու մէջ ապրող ժողովուրդ եւ մարդկային տարրական պայմաններէ հեռու ապրող հաւաքականութիւն մը. նոյն այդ տպաւորութեամբ մեզի ծանօթ են Ափրիկեան շատ մը երկիրներ, ուր մինչեւ իսկ ծարաւութեան պատճառով մանուկներ ու մեծահասակներ կը մեռնին:
Իրականութեան մէջ աշխարհի վրայ հարուստ եւ աղքատ երկիրներ գոյութիւն չունին. հարուստ է ա՛յն երկիրը, որ ունի մշակելու հող, բանող ձեռքեր եւ դիւանագիտական ու տնտեսագիտական ճիշդ ուղղութիւն, սակայն աղքատ ու չքաւոր է ա՛յն երկիրը, ուր գոյութիւն ունի չարաշահութիւն եւ անհաւասարութիւն:
Մի քանի ամիսներ առաջ երկիրներու տնտեսագիտութիւնը ուսումնասիրող համաշխարհային կազմակերպութիւն մը Հնդկաստանը յայտարարեց անհաւասարութեան եւ անարդարութեան մէջ աճ արձանագրող երկիրներու ցանկին մէջ, ուր աղքատը տարուէ տարի աւելիով կ՚աղքատանայ, իսկ հարուստը իր հարստութեան վրայ նորերը կ՚աւելցնէ: Այնպէս ինչպէս վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ սկսած ենք տեսնել, նոյնպէս Հնդկաստանի մէջ ալ միջին դասակարգ ըսուած խաւը սկսած է կորսուիլ եւ վերածուիլ երկուքի՝ աղքատ ու հարուստ:
Ուսումնասիրական ընկերութիւններու համաձայն, այսօր աւելի քան 800 միլիոն աղքատ քաղաքացի ունեցող Հնդկաստանի մէջ կ՚ապրին աւելի քան 119 միլիառատէր մարդիկ (միլիոն չէ՛), որոնք կը տիրեն ամբողջ երկիրի հարստութեան 77 առ հարիւր տոկոսին. 1.3 միլիառ հաշուող երկիրի մը մէջ 800 միլիոն աղքատ քաղաքացի. ուսումնասիրութիւնը այդ անհամեմատելի վիճակը կը բացատրէ հետեւեալ ձեւով: Հնդիկ քաղաքացի մը կառավարութեան կողմէ ճշդուած նուազագոյն ամսականով պէտք է աշխատի 941 տարի, որպէսզի յաջողի շահիլ ա՛յն գումարը, որ մեծահարուստներու պատկանող ընկերութիւններ կը շահին մէկ ամսուայ ընթացքին: Հնդիկ քաղաքացին նուազագոյնը ամսական դրութեամբ կը ստանայ 100 ամերիկեան տոլար, որ տարեկան կը կազմէ 1.200 ամերիկեան տոլար, մինչ անցնող տարի Հնդկաստանի ամենէն հարուստ մարդը մէկ տարուան ընթացքին իր հարստութեան վրայ կ՚աւելցնէ 6.6 միլիառ տոլար. այդ մէկ տարուան շահով կարելի է կրթական եւ առողջապահութեան ոլորտը զարգացնել, նկատի ունենալով, որ Հնդկաստանի ամենէն մեծահարուստ մարդը՝ Մուքէշ Ամպանի ունի 104 միլիառ տոլարի հասնող հարստութիւն մը:
Այս անհամեմատելի անդունդը կը ստեղծուի այն պատճառով, որ նման աղքատ երկիրի մը մէջ անհամեմատելի սուղ են բժշկութիւնն ու կրթութիւնը. այսօր Հայաստանի համալսարաններուն մեծ մասը լեցուած են հնդիկներով, որովհետեւ համալսարանի, օդանաւի եւ կեցութեան բոլոր ծախսերը իրարու հետ հաշուած Հայաստանի մէջ ուսանիլը իրենց համար աւելի՛ յարմար է՝ քան Հնդկաստանի մէջ:
Աղբիւրներ կը յայտնեն, որ բժշկական դարմանումներուն սղութեան պատճառով տարեկան միլիոնաւոր մարդիկ կը մահանան Հնդկաստանի մէջ՝ բժիշկի մօտ երթալ չկարենալու պատճառով:
Վերոյիշեալ բոլոր տուեալները պատճառ կը դառնան մանկական ամուսնութիւններու. այսօր անչափահաս տարիքին ամուսնութեան առաջնորդուող աղջիկներուն 40 առ հարիւր տոկոսը Հնդկաստանի մէջ է. օրական դրութեամբ հարիւրաւոր մանուկներ՝ 11-12 տարեկան որպէս հարս կ՚երթան ուրիշի մը մօտ՝ ձեւով մը ընտանիքին բեռը թեթեւցնելու համար (հակառակ այն իրողութեան, որ պետութիւնը 18 տարեկանէն վար եղող ամուսնութիւնները անօրինական կը նկատէ):
Հնդկաստանի մէկ այլ անհաւասարութիւնը հարուստին եւ աղքատին մէջ առ մէջ ապրիլն է. ընդհանրապէս այլ երկիրներու հարուստ դասակարգն ու աղքատը կ՚ապրին հեռու՝ գրեթէ օտար եւ անծանօթ իրարու ապրելաձեւին: Օրինակ՝ Թուրքիոյ մէջ եւս գոյութիւն ունին շրջաններ ու աղքատ ու համեստ դասակարգը կ՚ապրի եւ անդին այլ վայրեր, ուր ապրելու համար մեծ գումարի տէր պէտք է ըլլալ: Սակայն վիճակը այդպէս չէ Հնդկաստանի մէջ. Հնդկաստանը այնպիսի երկիր մըն է, ուր մեծահարուստն ու աղքատը կրնան ապրիլ քով քովի՝ ամբողջութեամբ անտարբեր: Պահ մը զննեցէ՛ք յօդուածին կցուած նկարը. աղքատ հիւղակներու կից շինուած հրաշալի շէնք մը, հարուստ լողաւազաններով ու մարզադաշտերով. նոյն միջավայրին մէջ հարուստը կը յղփանայ, իսկ մի քանի քայլ անդին աղքատը իր անօթութենէն կը մեռնի:
Եւ այս բոլորը կը պատահի ողջ աշխարհին աչքերուն դիմաց, ուր արդարութիւն ու հաւասարութիւն քարոզելով հանդերձ մարդիկ անարդարութիւն կը գործեն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՍԱՄՈՒԷԼ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
(1907-1987)
Մեր թուականէն 35 տարիներ առաջ՝ 7 յունիս 1987-ին Պաքուի մէջ մահացած է բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Սամուէլ Գրիգորեան:
Գրիգորեան ծնած է 22 ապրիլ 1907 թուականին, Լեռնային Ղարաբաղի Շոշ գիւղին մէջ: Բանաստեղծը փոքր տարիքէն ականատես եղած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի արհաւիրքին։ Ականատես եղած է եղբօր եւ մօր սպանութեան, որ մինչեւ իր կեանքին վերջ ազդած է բանաստեղծին վրայ։ Այդ տարիներուն տեղափոխուած է Պաքու, ուր ստացած է իր կրթութիւնը։ Աւարտելով դպրոցական կրթութիւնը ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական կաճառ, ուր աշակերտած է ժամանակուան յայտնի գրողներու եւ բանաստեղծներու, որոնք մեծապէս ազդեցութիւն գործած են բանաստեղծին վրայ:
Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք եղած է Ատրպէյճանի ձայնասփիւռի կոմիտէութեան հայերէն բաժնի պատասխանատուն. 1956-1981 թուականներուն եղած է «Գրական Ատրպէյճան» հայալեզու գրական հանդէսի գլխաւոր խմբագիր:
Տակաւին աշակերտական տարիներէն Սամուէլ բանաստեղծութեան հանդէպ սէր ունեցած է. ան իր առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակած է 16 տարեկան հասակին եւ 27 տարեկանին՝ 1934-ին հրատարակած է իր առաջին բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, «Լիրիկական յոյզեր» խորագրով, որուն յաջորդած են աւելի քան 40 ժողովածուներ, որոնք հրատարակուած են Պաքուի, Երեւանի եւ Մոսկուայի մէջ: Անոր յայտնի ժողովածուներէն են «Առանց քեզ», «Կասպիականի առաւօտը», «Լիութիւն», «Մօր սիրտը» եւ այլ աշխատութիւններ:
Բանաստեղծութեան կողքին Գրիգորեան զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով. հայերէնի թարգմանած է ազէրի, ռուս եւ այլ ազգութեան պատկանող շատ մը բանաստեղծներու եւ գրողներու գործերը. աղբիւրներու համաձայն, Գրիգորեան թարգմանած է աւելի քան երկու հազար գործ:
Գրիգորեան Ալեքսանդր Շիրվանզատէէն ետք եղած է երկրորդ անձը, որ արժանացած է Ատրպէյճանի Ժողովրդական գրող եւ բանաստեղծ կոչումին: Շնորհիւ իր վաստակին, բանաստեղծը արժանացած է «Աշխատանքային կարմիր դրօշ», «Ժողովուրդներու բարեկամութեան», «Պատուոյ նշան» եւ «Աշխատանքային գերազանցութեան համար» շքանշաններուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024