ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր կը հիւրընկալուի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Սա ամբողջ աշխարհին կողմէ հետաքրքրութեամբ սպասուած ժամադրութիւն մըն է։ Միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է նախարարներու կողմէ այսօր կատարուելիք յայտարարութիւններուն վրայ։ Հիւր նախարարը երէկ երեկոյեան ժամերուն արդէն հասաւ Թուրքիա։ Լաւրովի ընկերակից պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ զինուորական իրաւասուներ։ Սերկէյ Լաւրովի այցելութեան ընդառաջ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները նախապէս տեղեկացուցած էին, որ Չավուշօղլու-Լաւրով բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։

Այս օրուայ քննարկումներուն առանցքը կը կազմէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմն ու Սուրիոյ իրադարձութիւնները. նիւթեր, որոնք Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ բացառիկ նշանակութիւն ունին։ Ուքրայնայի նաւահանգիստներուն մէջ կուտակուած հացահատիկի տեղափոխման համար Թուրքիա խտացեալ աշխատանք կը տանի թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ Ուքրայնայի հետ։ Այս օրուան բանակցութիւնները էական նշանակութիւն կ՚ունենան կողմերու առկայ մտահոգութիւններու յաղթահարման եւ այս խնդրին հաւանական լուծում մը ապահովելու տեսակէտէ։

Չավուշօղլու եւ Լաւրով կը շօշափեն նաեւ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտիներու ձեւաւորման վերաբերեալ կուտակուած խնդիրները՝ մինչ Թուրքիա կը բարձրաձայնէ այդ երկրի հիւսիսին նոր գործողութիւններ իրականացնելու մտադրութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2022