ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց մեր վարժարաններէն խումբ մը սաներ։ Այսպէս, «Բարեկամ» խումբի պատասխանատուներու նախաձեռնութեամբ Գումգաբու փութացին Էսաեան, Սահակեան-Նունեան եւ Մէրամէթճեան վարժարաններէն աշակերտներ։ Տղաքը նախ այցելեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, որու համալիրէն ներս շրջայց մը կատարեցին եւ իրենց ուխտի աղօթքը ըրին՝ գլխաւորութեամբ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի։ Աւելի վերջ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ անոնք ընդունուեցան Նորին Ամենապատուութեան կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց տղոց հետ, որոնց մեծամասնութիւնը առաջին անգամ կ՚այցելէր Պատրիարքարան։

Հանդիպման աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը բոլորին տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2022