ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ ԽԱՂԱՂԵՑԱՒ

Ե­րեք­շաբ­թի առ­տուան դէմ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կե­րու թան­կա­ցու­մին դէմ բո­ղո­քի դուրս ե­լած հա­զա­րա­ւոր ե­րե­ւան­ցի­նե­րու խա­ղաղ նստա­ցոյ­ցը թի­րախ դար­ձած էր ոս­տի­կա­նու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ջրցան մե­քե­նա­նե­րով, մա­հակ­նե­րով ու վա­հան­նե­րով զի­նուած ոս­տի­կան­ներ յար­ձա­կած էին խա­ղաղ նստա­ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րուն վրայ՝ փոր­ձե­լով զա­նոնք հե­ռաց­նել Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յէն։ Ոս­տի­կան­նե­րը չէին խու­սա­փած նաեւ յար­ձա­կե­լէ լրագ­րող­նե­րուն վրայ, ո­րոնց նկա­րա­հան­ման սար­քե­րուն ալ վնաս հաս­ցու­ցած էին։ Ա­նոնք կա­լա­նա­ւո­րած էին նաեւ 237 ցու­ցա­րար­ներ, ո­րոնց մէկ մա­սը ար­դէն իսկ ա­զատ ար­ձա­կուե­ցան ե­րէկ ի­րի­կուն։

Ցու­ցա­րար­նե­րը ե­րէկ օ­րուան ըն­թաց­քին հա­մախմ­բուե­ցան Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ, ուր ի­րի­կուան դէմ ար­դէն իսկ գո­յա­ցած էր մեծ բազ­մու­թիւն մը։ Նա­խա­ձեռ­նող­նե­րը ոս­տի­կա­նու­թե­նէն պա­հան­ջե­ցին մին­չեւ ի­րի­կուն ժա­մը 20.00 ա­զատ ար­ձա­կել բո­լոր կա­լա­նա­ւոր­նե­րը։ Ժա­մը 20.00-ին դրա­կան պա­տաս­խան չստա­նա­լով, ցու­ցա­րար­նե­րը սկսան քա­լե­լու դէ­պի նա­խա­գա­հա­կան պա­լատ, դար­ձեալ յայտ­նուե­լով Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ, ուր ի­րենց կը սպա­սէին ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րը՝ ցոյ­ցը զսպե­լու բո­լոր մի­ջոց­նե­րով։

Ցու­ցա­րար­նե­րը երբ հա­սան ոս­տի­կա­նա­կան շղթա­յին, տե­ղե­կա­ցան, որ բո­լոր կա­լա­նա­ւո­րուած­նե­րը ա­զատ ար­ձա­կուած են։

Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ ցու­ցա­րար­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­ցին ոս­տի­կա­նու­թեան ղե­կա­վար­նե­րուն հետ, ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ցոյ­ցի խա­ղաղ ըն­թաց­քը։ Փոխ-ոս­տի­կա­նա­պետ Յու­նան Պօ­ղո­սեան խոս­տա­ցաւ ու­ժի մի­ջոց չկի­րար­կել ցու­ցա­րար­նե­րու դէմ։ Նա­խա­պէս ալ փոխ-ոս­տի­կա­նա­պետ Վա­լե­րի Օ­սի­պեան նե­րո­ղու­թիւն խնդրած էր ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ գոր­ծադ­րը-ւած բռնու­թեան հա­մար եւ խոս­տա­ցած էր պատ­ժել ան­հա­մա­չափ բռնու­թիւն գոր­ծադ­րած ոս­տի­կան­նե­րը։

«Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նող խում­բի ան­դամ­նե­րը ե­րէկ ուշ գի­շե­րին հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն քննար­կե­ցին Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին հետ հան­դի­պե­լու հար­ցը։ Կար­ծիք­ներ կա­յին, որ հա­մա­ձայ­նին հան­դիպ­ման գա­ղա­փա­րին այն պայ­մա­նով, որ հան­դի­պու­մը սփռուի ու­ղիղ ե­թե­րով։

Միւս կող­մէ, Ե­րե­ւա­նի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պա­նա­տու­նը մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց ցու­ցա­րար­նե­րը ցրուե­լու ըն­թաց­քին ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ կի­րար­կուած ան­հա­մա­չափ ու­ժին, ինչ­պէս նաեւ ոս­տի­կա­նու­թեան կեդ­րո­նին մէջ գոր­ծադ­րուած բռնու­թիւն­նե­րուն մա­սին հա­ղոր­դում­նե­րուն ա­ռըն­չուած։ Կա­տա­րուած­նե­րուն ար­ձա­գան­գե­ցին նաեւ ԵԱՀԿ-ը, Ե­րե­ւա­նի մօտ Մեծն Բրի­տա­նիոյ դես­պա­նու­թիւ­նը ե­ւայլն։

Այս եւ այլ դես­պա­նա­տու­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին ո­րոշ կա­ռոյց­նե­րու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ բռնած դիր­քո­րոշ­ման շուրջ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս ե­կաւ նաեւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։ Ան ը­սաւ, թէ ե­ղած ար­ձա­գանգ­նե­րը կը դի­տար­կեն որ­պէս երկ­րէ ներս ժո­ղովրդա­վա­րու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղեալ գոր­ծըն­կեր­նե­րու շա­հագրգ­ռու­թեան վկա­յու­թիւն։ «Ան­գամ մը եւս կը վե­րա­հաս­տա­տենք Հա­յաս­տա­նի մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, հիմ­նա­րար ա­զա­տու­թիւն­նե­րուն եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան մեր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը», ը­սաւ ան։ Նալ­պան­տեան նշեց, թէ ի­րա­ւա­սու մար­մին­նե­րը քննու­թիւն կը կա­տա­րեն ոս­տի­կա­նու­թեան իսկ կող­մէ մատ­նա-նը­շւած թե­րու­թիւն­նե­րը շտկե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ դի­մա­տետ­րի իր է­ջին վրայ գրա­ռում­ներ հրա­պա­րա­կեց նաեւ հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ Սերժ Թան­գեան։ Ան նախ նշեց, թէ կ՚ամ­րապն­դուի Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը եւ ա­ւել­ցուց, որ նման ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցող օ­տար ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը պէտք է ազ­գայ­նա­ցուին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2015