ՀԱՑԱՀԱՏԻԿԻ ՄԻՋԱՆՑՔ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Միջազգային օրակարգի վրայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան Չավուշօղլու-Լաւրով բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին եւ Սուրիոյ առկայ իրադրութեան վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Բանակցութեանց յաջորդած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Չավուշօղլու տեղեկացուց, որ քննարկուած են նաեւ այլ տարածաշրջանային հարցեր, որոնք երկու երկիրներու հասարակաց հետաքրքրութեան առարկայ են։ Երէկուան բանակցութիւններէն առաջ պաշտօնական աղբիւրները հաղորդած էին, որ Չավուշօղլու եւ Լաւրով կ՚անդրադառնան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

«Մենք պայմանաւորուեցանք, թէ ինչպէս պէտք է շարունակել աշխատանքը Հարաւային Կովկասի մէջ, գիտէք, Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «3+3» ձեւաչափի մասին։ Առաջին հանդիպումը իրականացուցինք Մոսկուայի մէջ, վրացի գործընկերները չկարողացան մասնակցիլ, բայց կը շեշտենք, որ միշտ ուրախ կ՚ըլլանք զանոնք այնտեղ տեսնելով։ Յաջորդ հանդիպումը կը պատրաստուի շատ մօտաւոր ապագային», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով Անգարայի մէջ։

Սուրիոյ իրադրութեան պարագային Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսաստան կը կարեւորէ Թուրքիոյ՝ սահմանային անվտանգութեան վերաբերեալ զգայնութիւններն ու մտահոգութիւնները։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի երկայնքով արտաքին ուժերու կողմէ սպառնալիքներ ստեղծուած են։ Իր կարգին, Չավուշօղլուն ալ յայտնեց, որ թէ՛ Ռուսաստան եւ թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ խոստումներ ունին, որպէսզի տարածաշրջանը ահաբեկիչներէ մաքրագործուի։ Այդ խոստումներու յարգուիլը կը պահանջուի Թուրքիոյ կողմէ եւ սա բնական իրաւունք մըն է։ «Սուրիոյ սահմաններու եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնն ալ անգամ մը եւս շեշտեցինք», ըսաւ Չավուշօղլու։

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի պայմաններուն ներքեւ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ուքրայնայէ ներս արդէն հնձուած եւ կուտակուած հացահատիկի արտահանման հնարաւորութիւններուն վրայ։ Լաւրով յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է այս հարցի լուծման ուղղութեամբ Թուրքիոյ հետ աշխատելու, սակայն Ուքրայնայի նաւահանգիստները պէտք է ականազերծուին։ Այժմ կը նախատեսուի, որպէսզի Սեւ ծովու մէջ Թուրքիոյ վերահսկողութեամբ հացահատիկի միջանցք մը բացուի՝ այդ բերքի տեղափոխման համար։

Չավուշօղլու երէկ հերթական անգամ շեշտեց Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը՝ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքիի մասնակցութեամբ գագաթաժողով մը հիւրընկալելու ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ այժմ յարաբերաբար աւելի դրական մթնոլորտ մը կը տիրէ՝ Մոսկուայի եւ Քիեւի բանակցային սեղան վերադարձի հաւանականութեան առումով։ Չավուշօղլու դիտել տուաւ, որ հացահատիկի միջանցքի պարագային կը նախատեսուի Իսթանպուլի մէջ ստեղծել քառակողմ դրութիւն մը՝ ՄԱԿ-ի, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի մասնակցութեամբ։ Ուքրայնայի հացահատիկի եւ արեւածաղիկի միջազգային շուկայ տեղափոխման փոխարէն Ռուսաստանի արտածումներուն առջեւ դրուած խոչընդոտներու վերացման պահանջն ալ Թուրքիոյ կողմէ կը համարուի արդար եւ օրինակելի։

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2022