ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔԸ

Թէեւ եկեղեցական օրէնքով արգիլուած է բարձրաձայնել անձնական պահերուն հաւատացեալին եւ հոգեւորականին միջեւ տեղի ունեցող խոստովանանքի պահերը, սակայն կը կարծեմ առանց անունի, պարզապէս որպէս երեւոյթ խօսիլը ո՛չ մէկ անպատեհութիւն կրնայ ստեղծել խոստովանողին համար:

Տակաւին նոր հոգեւորական օծուած էի. անծանօթ մը զանգելով խնդրեց, որ իր գրասենեակը այցելեմ. կարեւոր ըսելիքներ ունէր:

Մի քանի օրեր ետք գացի մօտը:

Մօտաւորապէս 50-55 տարեկան միջահասակ մարդ մըն էր. երեւոյթէն կարելի էր կռահել, թէ մեծահարուստ մըն էր կանչողը: Դիմագիծէն կարելի էր ենթադրել, թէ ինք այն մարդոցմէ է, որոնց երեսին վրայ դժուար թէ ժպիտ ուրագծուի: Խնդրեց, որ դիմացի բազմոցին վրայ նստիմ եւ առանց որպիսութիւն հարցնելու անցաւ իր հիմնական նիւթին.-

«Ես արդէն քսան տարի եւ աւելի մարդոց տոկոսով դրամ կու տամ: Այս բոլոր ծրարները կը տեսնե՞ս... բոլորն ալ դատական գործեր են. բոլորն ալ դատարանէն եկած են: Տես օրինակ այս մէկը. պարտքի դրամ տուի եւ չկրցաւ վճարել. հիմա իր տունը դատարանի միջոցով պիտի վերցնեմ: Գիտե՞ս քանի՜ քանի հոգիներ իմ երեսէս բանտեր մտած են, հիւանդացած են. մինչեւ իսկ մէկը անձնասպան եղած է... բայց ի՞նչ կրնամ ընել, մեր գործն ալ այս է: Ես պետութեան բոլոր տուրքերս կը վճարեմ, այդ իսկ պատճառով օրինական գործ կ՚ընեմ եւ հետեւաբար ով որ իր գումարը չվերադարձնէ, օրէնքներու համաձայն իմ արդար իրաւունքս է իր տունը կամ խանութը ձեռք բերել:

«Սկզբնական շրջանին որ այս գործին անցայ, մտքիս մէջ որոշ գումար մը որոշած էի. կ՚ուզէի որոշ հարստութեան մը տէր դառնալ. այդ միտքս դրած գումարը արդէն տարիներ առաջ ունեցայ... հիմա պարզապէս դրամատան մէջ թիւ է, որ կ՚աւելնայ. այդքան գումար ծախսելու պէտք անգամ չկայ. պարզապէս կը կուտակուի:

«Փառք Աստուծոյ. կինս ու զաւակս բանի մը կարօտ չեն. ամէն բան աւելիով ունին. ունին այնքան գումար, որ իմ մահէս ետք նոյնիսկ առանց աշխատելու շատ հանգիստ կրնան ապրիլ, բայց ի՞նչ է ասոր վերջը, մարդ չի գիտեր:

«Մօտս օրական գիտե՞ս ինչքան մարդ կու գայ... մանաւանդ հայեր: Մէկը հիւանդութեան համար դրամ կ՚ուզէ, ուրիշ մը ամուսնանալու եւ ընտանիք կազմելու համար, որովհետեւ աղքատութիւնը այնպիսի բան մըն է, որ յետոն չի կրնար մտածել. կը բաւարարուի ներկային գոհացում տալով՝ ապագան յանձնելով Աստուծոյ յոյսին»:

Պահ մը լռեց. հաւանաբար խիղճի ցաւէն. խիղճի կացութիւնը ստուգելու համար հետեւեալ հարցը տուի.- «Իսկ երբեւէ կը մտածէ՞ք, որ ձեր զաւակը անցնի ձեր տեղը եւ շարունակէ այս գործը»:

Զարմացաւ եւ շփոթուած ըսաւ. «Երբե՛ք զաւակս չեմ մօտեցներ այս գործին եւ իրեն մի՛շտ կ՚ըսեմ, որ երբեք չփորձուի մօտենալ այս գործին: Այս գործին մէջ կրնայ շատ մեծ գումարներ շահիլ, սակայն մարդկութիւնը կորսնցնել. այս գործը ընելու համար պէտք է սպաննել խիղճը. եթէ մեղքանաս՝ ըսես, որ այս մարդը անտուն պիտի մնայ ու չդիմես պէտք եղած քայլերուն, դուն կը տուժես: Պիտի ունենաս այնպիսի սիրտ, որ ուրիշին անտուն մնալը, բանտ մտնելը, արցունքները, անկարող վիճակն ու յուսահատութիւնը ազդեցութիւն չգործէ վրադ:

«Յաճախ կու գան. իրենց երեսէն ու խօսածէն յստակ է, որ երբ պարտքի դրամ վերցնեն, պիտի չկարենան վճարել. արդէն անել ու նեղ կացութեան մէջ են. իրենց համար այդ իրավիճակէն միակ փրկութիւնը իմ տալիք գումարս  է. եթէ չտամ, կրնան ահաւոր խնդիրներու մէջ գտնուիլ, սակայն եթէ տամ, նորէն ահաւոր խնդիրներուն  պիտի մատնուին:

«Սկզբնական շրջանին խիղճով էի. կը մեղքանայի մարդոց, սակայն ետքը նկատեցի, որ նման գործերու մէջ եթէ մեղքանաս՝ կրնաս մեղքանալիք դառնալ: Ես ալ իմ գրպանէս սորվեցայ. շա՜տ շատեր գումարներ վերցուցին սկզբնական շրջանին ու չկրցան վճարել եւ խիղճով վարուեցայ... սակայն վնասողը ես եղայ: Այդ իսկ պատճառով հիմա մեղքանալ բառը գոյութիւն չունի բառարանիս մէջ. կը բերեն ոսկին, կամ տունը գրաւի տակ կը դնեն եւ իրենց ուզածին չափ գումար կրնան վերցնել:

«Ահաւոր գործ է. օրական մէկ դատէն միւս դատը կը մտնեմ. գիշերը գլուխս բարձին կը դնեմ, սակայն գործը հանգիստ չի ձգեր. արդէն քանի՜ տարի եղաւ գիշերը հանգիստ չեմ քնանար. մի՛շտ մտածելիք կայ, մի՛շտ հաշիւներ ու պահանջելիքներ կան. գիտե՞ս ինչ ահաւոր բան է օրական դրութեամբ լսել մարդոց պատմութիւնները, շատ անգամ սուտերը եւ օրական հազար անգամ ոչ ըսելով մերժել:

«Գիտե՞ս, եղած է պարագայ, որ հայրը մահացու հիւանդ է եւ պէտք է անպայման ձեւով մը հիւանդանոց տանին եւ գործողութիւն ընեն. հիւանդանոցը ըսած է մինչեւ գումարը չվճարէք չենք կրնար հիւանդանոց ընդունիլ. ստիպուած մօտս եկան եւ պաղատեցան, որ իրենց պարտքի դրամ տամ՝ խոստանալով ինչքան տոկոս ալ ըլլայ վճարեն. ո՛չ ոսկի ունէին, ոչ ալ տուն՝ որպէսզի գրաւի տակ դնեն: Պահ մը խիղճիս հետ պայքարեցայ, սակայն գործի սկզբունքներուն համաձայն չտուի. երկու օր ետք իրենց հօր թաղումն էր: Գումարը եթէ տայի պիտի փրկուէ՞ր. միայն Աստուած գիտէ»:

Դրամը, որ աշխարհի բոլոր երջանկութիւնները կրնայ «գնել», ժպիտն ու ուրախութիւնը հեռացուցած էր այս մարդուն դէմքէն... մեծամեծ գումարներ ունենալով հանդերձ ժպիտը չէր կրցած գտնել: Մխիթարելը անիմաստ պիտի ըլլար:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍԵԴՐԱԿ ՇԱՀԷՆ
(1888-1975)

Մեր թուականէն 134 տարիներ առաջ՝ 11 յունիս 1888-ին Կարինի Օրօր գիւղին մէջ ծնած է գրող, թատերագիր եւ հասարակական գործիչ Սեդրակ Շահէն (բուն անունով՝ Սեդրակ Շահինեան):

Սեդրակ Շահէն նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ուրկէ 1913 թուականին շրջանաւարտ ըլլալէ ետք անցած է ուսուցչութեան պաշտօնին, պաշտօնավարելով Տիգրանակերտի, Տարօնի, Սասունի, ինչպէս նաեւ իր ծննդավայրի դպրոցին մէջ: Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն Սեդրակ Շահէն ստանձնած է խմբագրութեան պաշտօնը «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի, ուր հրատարակած է նաեւ իր գրութիւններէն ու հրապարակախօսութիւններէն շատեր:

Հրապարակախօսութենէն եւ արձակէն աւելի Սեդրակ Շահէն գրած է թատրերգութիւններ, որոնցմէ յայտնի են «Կարկառուն կամարներ»ը, «Քսան կախաղաններ»ը, «Զէյթուն»ը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Սեդրակ Շահէն առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1964 թուականին, որուն լոյսին տակ «Հայաստանի հոյակապ նուաճումները» աշխատութեան մէջ գրի առած է տպաւորութիւնները:

Կեանքի վերջին տարիներուն Սեդրակ Շահէն մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր կնքած է իր մահկանացուն։ Թատերագիրը մահացած է 24 հոկտեմբեր 1975 թուականին, Լոս Անճելըսի մէջ: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Շաբաթ, Յունիս 11, 2022