ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Ան­տար­բե­րու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս, ար­գելք մըն է կեան­քին բնա­կան ըն­թաց­քին՝ որ կը դժուա­րաց­նէ ա­նոր ար­դիւ­նա­ւո­րու­թեան պայ­ման­նե­րը։ Ա­մէն մար­զի մէջ ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծէ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը։ Ան­տար­բե­րու­թիւ­նը կը հա­կա­սէ մար­դուն սկզբնա­կան կո­չու­մին, քա­նի որ Աստուած,  ան­հու­նօ­րէն ե­րա­նա­լի եւ կա­տա­րեալ ինքն իր մէջ, զուտ բա­րու­թեան ծրագ­րով մը ա­զա­տօ­րէն ստեղ­ծեց մար­դը՝ որ­պէս­զի զայն մաս­նա­կի՛ց ը­նէ իր ե­րա­նա­ւէտ կեան­քին։

Ուս­տի մարդ կո­չուած է ի­րե­րօգ­նու­թեան, ի­րա­րու թե­րու­թիւն լրաց­նե­լու եւ տկա­րու­թիւն­ներ զօ­րաց­նե­լու։

Եւ երբ մարդ ան­տար­բեր է իր կո­չու­մին, ա­պա ու­րեմն հա­ւա­տա­րիմ չէ՛ իր ինք­նու­թեան՝ ան­ծա­նօթ իր էու­թեան։ Մինչ­դեռ ինք­զինք ճանչ­նալ, պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն ու­նե­նալ ա­ռա­քի­նու­թիւն է, ազ­նուու­թիւն եւ մար­դա­վա­յել ըն­թա՛ցք։

Մար­դիկ կո­չուած են սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցե­լու այս պար­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ հաս­տա­տե­լով եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լով զայն, ապ­րեց­նե­լով զայն եղ­բայ­րա­կան միու­թեան մը մէջ՝ ո­րուն ա­մէն մէկ ան­դա­մը ա­զատ է եւ հա­ւա­սա՛ր։ Այս պատ­ճա­ռով, մարդ երբ ան­տար­բեր է իր կո­չու­մին, ան­տար­բեր է նաեւ իր իսկ ինք­նու­թեան։

Հոս շե­ղում մը ը­նենք, եւ ան­տար­բե­րու­թեան պատ­ճառ­նե­րէն «ան­գի­տա­պաշ­տու­թեան» վրայ խորհր­դա­ծենք։

Ան­գի­տա­պաշ­տու­թիւ­նը (agnosticisme) զա­նա­զան ձե­ւե­րով կը յայտ­նուի մարդ­կա­յին մտքին։ Կարգ մը պա­րա­գա­նե­րու մէջ՝ ան­գի­տա­պաշ­տու­թիւ­նը կը մեր­ժէ ժխտել Աս­տուած, մա­նա­ւանդ, ան կ՚են­թադ­րէ գե­րա­կայ էա­կի մը գո­յու­թիւ­նը։

Բայց այս «գե­րա­կայ էակ»ը ինք­զինք չի կրնար յայտ­նել եւ ո­րուն մա­սին ո՛չ ոք կա­րող է ո­րե­ւէ բան ը­սել։ Տար­բեր պա­րա­գա­նե­րու մէջ, ան­գի­տա­պաշ­տը լռու­թիւն կը պա­հէ Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան մա­սին, յայ­տա­րա­րե­լով եւ ըն­դու­նե­լով, թէ ան­կա­րե­լի՛ է փաս­տել զայն եւ նոյ­նիսկ հաս­տա­տել զայն կամ ժխտել։ Բա­նա­կան կը տես­նուի այս տե­սու­թիւ­նը, քա­նի որ այն՝ ո­րուն գո­յու­թիւ­նը ա­պա­ցու­ցա­նել կա­րե­լի չէ, կա­րե­լի չէ ու­րեմն զայն հաս­տա­տել կամ մեր­ժել։

Ան­գի­տա­պաշ­տու­թիւ­նը կրնայ եր­բեմն բո­վան­դա­կել ո­րոշ ո­րո­նում մը Աս­տու­ծոյ, սա­կայն կրնայ հա­ւա­սա­րա­պէս ներ­կա­յաց­նել «ան­տար­բեր կե­ցուածք» մը՝ փա­խուստ մը գո­յու­թեան վեր­ջին հար­ցա­կա­նէն եւ հեղ­գու­թիւն մը «բա­րո­յա­կան խղճմտանք»ի նկատ­մամբ մա­նա­ւանդ։

Ան­գի­տա­պաշ­տու­թիւ­նը, դժբախ­տա­բար շատ յա­ճախ հա­մա­զօր է «գործ­նա­կան ա­նաս­տուա­ծու­թեան»։­

Ա­նաս­տուա­ծու­թիւ­նը, որ­քա­նով որ Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան ժխտո՛ւմ մըն է կամ մեր­ժում մը, մեղք մըն է։ Նաեւ ա­ռա­ջին պա­տուի­րա­նին՝ ուր կ՚ը­սէ. «Սի­րէ՛ քու Տէր Աս­տուածդ բո­լոր սրտովդ, բո­լոր ան­ձովդ եւ բո­լոր մտքովդ»։ Այս ուղ­ղու­թեամբ. «Քու Տէր Աս­տու­ծուդ երկր­պա­գու­թիւն պի­տի ը­նես եւ Ա­նոր միա՛յն պի­տի ծա­ռա­յես» (ՄԱՏԹ. Դ 10)։

­Շա­տեր, սա­կայն բնաւ չեն ընբռ­ներ, նոյ­նիսկ բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը մեր­ժեն, կ՚ու­րա­նան, կը դրժեն այն սերտ ու կեն­սա­կան կա­պը՝ որ մարդս կը միաց­նէ Աս­տու­ծոյ, այն աս­տի­ճան որ «ա­նաս­տուա­ծու­թիւն»ը ա­մե­նա­ծանր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն մին կը հա­մա­րուի։

Յա­ճախ ա­նաս­տուա­ծու­թիւ­նը կը հիմ­նուի մարդ­կա­յին ան­տար­բե­րու­թեան վրայ եւ կը հաս­տա­տուի մարդ էա­կին ինք­նիշ­խա­նու­թեան թիւր յղա­ցու­մին ներ­քեւ։

Ար­դա­րեւ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը, ընդ­հա­նուր առ­մամբ փոր­ձու­թիւն մըն է՝ ո­րուն կը յա­ջոր­դէ մո­լու­թիւն եւ մո­լո­րու­թիւն։ Մարդ կրնայ Աս­տու­ծոյ սի­րոյն դէմ զա­նա­զան կեր­պե­րով մե­ղան­չել, ո­րոնց գլխա­ւորն է՝ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը՝ որ կ՚ան­տե­սէ կամ կը մեր­ժէ նկա­տի առ­նել ո­րե­ւէ ար­ժէք, ո­րե­ւէ ճշմար­տու­թիւն եւ մա­նա­ւանդ աս­տուա­ծա­յին սէ­րը։ Կ՚ան­գի­տա­նայ, կամ ան­գի­տա­նալ կը ձե­ւաց­նէ Ա­նոր կան­խա­հա­ճու­թիւ­նը եւ կը մեր­ժէ, կ՚ու­րա­նայ Ա­նոր զօ­րու­թիւ­նը։

Ան­տար­բե­րու­թիւն­նե­րու շար­քին՝ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն մը, տեղ կը գրա­ւէ կրօ­նա­կան ան­տար­բե­րու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ կրօն­քը սեր­տօ­րէն կա­պուած է մարդ­կա­յին կեան­քի ամ­բողջ ե­րես­նե­րուն հետ։ Կրօն­քը ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծէ ամ­բողջ կեան­քին, եւ ըն­թաց­քը կ՚ո­րո­շէ ա­նոր։ Էա­կա­նա­պէս ան­կէ կա­խում ու­նին ոչ միայն Ե­կե­ղեց­ւոյ, այլ ա­մէն աշ­խար­հագ­րա­կան ծա­ւա­լում եւ ա­ճում, մին­չեւ իսկ մար­դուն ներ­քին ա­ճու­մը եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մը։ Ուս­տի մարդ որ­քան ալ հե­ռու զգայ ինք­զինք կրօ­նա­կան ի­րո­ղու­թե­նէն, ան ի վեր­ջոյ, կեր­պով մը կա­խեալ է ան­կէ, քա­նի որ կրօն­քը ըն­կե­րա­յին կեան­քին ըն­թացք տուող կա­րե­ւոր ազ­դակ մը ե­ղած է միշտ։ Եւ այս ի­մաս­տով, որ­պէս ըն­կե­րա­յին ե­րե­ւոյթ, կրօն­քը ան­տե­սել, ա­նոր կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ու­րա­նալ՝ ըն­կե­րա­յին կեան­քի ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը ո­չինչ հա­մա­լեր կը նշա­նա­կէ։

 Ու­րեմն, քա­նի որ մարդ ըն­կե­րա­յին էակ մըն է, եւ յատ­կա­պէս ըն­կե­րու­թեան մէջ ապ­րե­լու ծրագ­րուած է, ա­պա ու­րեմն, ա­նոր ան­բա­ժա­նե­լի տար­րին՝ կրօն­քին ալ պէտք է ար­ժա­նի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ըն­ծա­յէ։ Այս ալ կը նշա­նա­կէ՝ ան­տար­բեր չըլ­լալ կրօ­նա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու։ Ան­շուշտ հոս, խնդրոյ ա­ռար­կայ է կրօն­քի էա­կա­նը՝ որ­մէ պէտք է բա­ցա­ռել ձե­ւա­կան զա­նա­զա­նու­թիւն­նե­րը եւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Իր ընդ­հա­նուր էու­թեան մէջ կրօն­քը մասն է ըն­կե­րա­յին ե­րե­ւոյթ­նե­րուն, ա­նոնց­մէ ան­բա­ժան, դեր մը կա­տա­րե­լով այն ե­րե­ւոյթ­նե­րուն ի­րա­կա­նաց­ման մէջ։

Հա­ւատ­քի մա­սին, կարգ մը բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու մա­սին, ա­նոնց ըմբռ­նու­մին մա­սին տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ կրօ­նա­կան տար­բեր մտայ­նու­թիւն­նե­րը, կրնան ըն­կե­րու­թեան մէջ, նոյ­նիսկ ըն­տա­նի­քի մը մէջ լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րու աղ­բիւր մը գո­յաց­նել։ Այն ա­տեն ան­հատ­նե­րու ա­մէն մէ­կուն կրնայ ներ­կա­յա­նալ փոր­ձու­թիւն մը՝ որ կը ստեղ­ծէ կրօ­նա­կան ան­տար­բե­րու­թիւն մը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ կրօ­նա­կան ան­տար­բե­րու­թեան պատ­ճառ կրնայ ըլ­լալ նոյ­նինքն հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն եւ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րուն ան­հո­գու­թիւ­նը եւ  ան­տար­բե­րու­թիւ­նը՝ որ տի­պար կը հան­դի­սա­նան ու զզուանք կը պատ­ճա­ռեն ժո­ղո­վուր­դին։ Վստա­հու­թեան պա­կա­սը ա­հա, այս­պէս կը սկսի ժո­ղո­վուր­դին մէջ, եւ կը տա­րա­ծուի…։

Շա­տեր ան­տար­բեր են կրօ­նա­կան ար­ժէք­նե­րու՝ ի­րենց առ­ջեւ լաւ օ­րի­նակ­ներ չու­նե­նալ­նուն  պատ­ճա­ռով։

Ար­դա­րեւ մար­դիկ կրնան Աս­տու­ծոյ սի­րոյն դէմ զա­նա­զան կեր­պե­րով մե­ղան­չել. ո­րոնց­մէ կա­րե­ւո­րա­գոյնն է «ան­տար­բե­րու­թի՛ւն»ը՝ որ կ՚ան­տե­սէ կամ կը մեր­ժէ նկա­տի առ­նել աս­տուա­ծա­յին սէ­րը, կ՚ան­գի­տա­նայ Ա­նոր կան­խա­հա­ճու­թիւ­նը, եւ կը ժխտէ Ա­նոր զօ­րու­թիւ­նը եւ կ՚ու­րա­նայ ճշմար­տու­թիւ­նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 22, 2015, Իս­թան­պուլ

 

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2015