ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՀԻՒՐ

Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր դարձած առաջին հայ գիտնականը՝ Արտեմ Փաթափութեան այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Երէկ, Երեւանի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան կեդրոնէն ներս։ Տեղեկատուութեան թեքնոլոժիներու բնագաւառին մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէ այս ընկերութիւնը, ուր Արտեմ Փաթափութեանի հիւրընկալումը իսկական դէպքի մը վերածուեցաւ։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ «Սինոփսիս Արմենիա»ի ղեկավար տքթ. Երուանդ Զօրեան։

Միւս կողմէ, ջիղակենսաբան Արտեմ Փաթափութեան այսօր կէսօրուան ժամերուն այցելեց Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի «Քոպրէյն» ուղեղի հիմնարար հետազօտութիւններու գիտակրթական կեդրոնը։ Մասնագէտներու կողմէ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Փաթափութեան, որ կեդրոնի նիստերու դահլիճէն ներս հանդէս եկաւ նաեւ դասախօսութիւնով մը։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2022