«ՓԹԻԹ»ԻՆ ՆՈՐ ԴԻՄԱԳԻԾ

Պէյրութէն կը հաղորդուի, որ «Փթիթ» մանկապատանեկան կայքէջը վերջերս ենթարկուած է բարեփոխման եւ այդ հիման վրայ հասած է նոր ծաղկումի մը։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի խրախուսանքով կեանքի կոչուած է այս ծրագիրը։ Այժմ «Փթիթ»ի տպագիր տարբերակը աւելի կատարելագործուած է, իսկ կայքէջը բոլորովին նոր ձգողականութիւն մը ապահոված՝ մանաւանդ լսատեսողական նոր հնարաւորութիւններու հաստատումով։ Յառաջիկայ շրջանին կայքէջի իւրաքանչիւր թարմացումը պիտի ունենայ յատուկ նիւթ մը եւ համապատասխան առանցքին շուրջ ամբողջական գիտելիքներ պիտի մատուցէ պատանի այցելուներուն։

Միւս կողմէ, «Փթիթ»ի խմբագրութիւնը այս շրջանին կը համագործակցի նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան հետ։ Շնորհիւ այս համագործակցութեան, Երեւանի մէջ լոյս տեսած է «Փթիթ»ի յատուկ համար մը, որ ուղղուած է այն պատանիներուն, որոնք ընտանեօք Հայաստան հաստատուած են Հալէպէն կամ Պէյրութէն եւ արեւմտահայերէնով կ՚արտայայտուին։ Յատուկ թիւի պատրաստութեան նպաստած է նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի տնօրէնութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2022