ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջերս երկօրեայ կարեւոր գագաթաժողով մը կազմակերպեց, ինչ որ առիթ դարձաւ բազմակողմանի քննարկումներու։ Այսպէս, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնն ու Եւրոպայի մասնաճիւղերու ղեկավարութիւնները մէկտեղուեցան Ժընեւի մէջ, ուր ներկայ էին նաեւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի, Ռազմավարական խորհրդատուութեան խորհուրդի եւ Երիտասարդ արհեստավարժներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ հիւր ատենախօսներ։ ՀԲԸՄ-ի Զուիցերիոյ մասնաճիւղին կողմէ յառաջ տարուած էին կազմակերպչական աշխատանքները՝ գլխաւորութեամբ Վահէ Կապրաշի, որ իր գործակից ընկերներուն հետ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր մասնակիցները։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւս ներկայ գտնուեցաւ Ժընեւի հաւաքին, որու ծրագիրը սկսաւ ընդունելութիւնով եւ պաշտօնական ընթրիքով, Ժընեւի «Պօ-Ռիվաժ» պանդոկի համալիրէն ներս։ Հաւաքի մասնակիցները այցելեցին նաեւ Ժընեւի Ս. Յակոբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին ու յարակից Հայկական կեդրոնը, որոնց յարած հրապարակը վերջերս վերանուանուած է Հայաստանի անունով։ ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներն ու իրենց հին ու նոր ընկերները այս առթիւ ունեցան անմոռանալի նոր յիշատակներ։

Ըստ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան աղբիւրներու հաղորդումներուն, շուրջ 15 երկիրներէ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ծաւալուեցան քննարկումները՝ նիստերու կամ աշխատանոցներու ձեւաչափին մէջ։ Վերլուծումներ կատարուեցան համաշխարհային նոր իրողութիւններու եւ նոր դիրքաւորումներու լոյսին տակ հայաշխարհի դէմ յանդիման մնացած վիճակներուն շուրջ։ Ժողովականները մասնաւորապէս ուշադրութիւն կեդրոնացուցին այն հրատապ նպատակներուն վրայ, որոնք կրնան պայմանաւորել ՀԲԸՄ-ի ապագայ առաքելութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2022