ՄԱԼԱԹԻԱՑԻ ՆԿԱՐԻՉ ՍԱՐԳԻՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԸ՝ ՆՈՐ ԼՈՅՍԻ ՆԵՐՔՈՅ
Հայաստանի մէջ յիշած են յիրաւի մոռցուած անուն մը՝ Մալաթիա ծնած եւ անցեալ դարուն նշանակալի գործունէութիւն ունեցած մեծատաղանդ արուեստագէտ Սարգիս Խաչատուրեանը:
Անցնող օրերուն Կիւմրի ժամանած էր Հայաստանի մօտ Հնդկաստանի դեսպանը՝ Շիրակի մարզպետին հետ քննարկելու Կիւմրիի մէջ անջատ թանգարան-ցուցասրահ մը կառուցելու ծրագիրը: Թանգարան-ցուցասրահին մէջ նախատեսուած է ցուցադրել Սարգիս Խաչատուրեանի կողմէ հնդկական վիմափոր տաճարներու՝ Աժանթայի քարանձաւներու որմնանկարներու պատճէններուն այն մասը, որոնք այժմ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ կը պահուին:
Հայաստանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Քիշան Տան Տեւալն ու Շիրակի մարզպետ Նազելի Պաղտասարեանը պատրաստակամութիւն յայտնած են, որպէսզի հայ-հնդկական մշակութային կապերը արտացոլացնող եւ մարդկութեան հնագոյն յուշարձաններէն մէկուն հայ արուեստագէտին ունեցած առընչութիւնը ներկայացնող այս ծրագիրը կեանքի կոչուի:
Մեր լրահոսին մէջ յայտնուած այս լուրը առաձնակի ուշադրութեան չարժանացաւ, մինչդեռ 1939-1940 թուականներուն Հնդկաստանի մէջ Սարգիս Խաչատուրեանի կողմէ ընդօրինակուած այդ հնագոյն տաճարին որմնանկարները ժամանակին իրենց արժանի տեղը գտած են զանազան միջազգային թանգարաններու մէջ, ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու, Փարիզի «Լուվր»ի, եւրոպական այլ ցուցասրահներու, ինչպէս նաեւ՝ Հնդկաստանի մէջ: Շատ թանգարաններու մէջ կը պահուին այդ որմնանկարներէն օրինակներ:
Աժանթան, որ պուտտայական տաճարավանքային համալիր է Հնդկաստանի Մահարաշտրա նահանգին մէջ, կը նկատուի Հնդկաստանի հնագոյն յուշարձաններէն մէկը, որ կ՚արտացոլացնէ երկրին կրօնական խորհրդաւոր պատմութիւնը:
Աժանթայի հրաշալիքները դարեր շարունակ ծածկուած են բուսականութեամբ ու անյայտ մնացած: Երբ պուտտայականութիւնը Հնդկաստանի մէջ անկում ապրած է, հաւատացեալներուն թիւը պակսած է՝ վանականները լքած են այդ վանքերն ու տաճարները։ Այդ բոլորը պատահաբար յայտնաբերուած է 1829-ին, երբ այդ կողմերը յովազի որսի ելած անգլիացի զինուորները Աժանթայի ձորին մէջ հանդիպած են քարայրներու մուտքին։ Աժանթայի կոթողները թիւով քսանինն են, որոնք միակտուր են՝ փորուած 78 մեթր բարձրութեամբ մէկ ամբողջական ժայռի մը մէջ։
Պուտտայական ժամանակաշրջանին պատկանող այդ տաճարներուն կառուցումը տեւած է շուրջ ութ հարիւր տարի։ Ըստ տեղեկութիւններուն, տաճարները շինելու սկսած են մեր թուարկութենէն երկու դար առաջ եւ շարունակուած մինչեւ մեր թուարկութեան ութերորդ դարը։ Դժբախտաբար ո՛չ մէկ արձանագրութիւն, ոչ մէկ փաստաթուղթ մնացած է, ուր կը պատմուի, թէ որո՞ւ կամքով ու նախագիծով կառուցուած են այդ կոթողները, ուր դարեր շարունակ կ՚արձագանգէին վանականներուն աղօթքները: Անյայտ մնացած են վարպետներուն ու կառուցողներուն անունները։
Կերպարուեստը հոն բուռն ծաղկում ապրած է մանաւանդ 5-6-րդ դարերուն։ Շինարարական աշխատանքները աւելի աշխոյժ բնոյթ կրած են 5-րդ դարու վերջին, 6-րդ դարու առաջին կէսին եւ նոյն ժամանակահատուածին ստեղծուած են Աժանթայի աւելի կատարեալ քանդակներն ու որմնապատկերները։
Քարանձաւները կը բաժնուին երկու մասի՝ աղօթասրահներ եւ վարդապետներու սենեակներ: Համալիրը կը տարածուի Վակխորի գետի երկայնքով՝ 550 մեթր տարածութեամբ, գրկելով գետին թեքութիւնը: Աժանթայի պատերուն մանրանկարչութիւնը ծանօթ է ողջ աշխարհի տարածքին, անոնք հիմնականօրէն պուտտայական առասպելներու պատկերազարդումներն են:
1937-ին նկարիչ Սարգիս Խաչատուրեան կը հետաքրքրուի Աժանթայի որմնանկարներով եւ կը տեղեկանայ, որ անոնք փճացումի վտանգին տակ են: Նկարիչը կ՚ուղեւորուի Հնդկաստան՝ որմնանկարները փրկելու համար ձեռնամուխ կ՚ըլլայ անոնց պատճէնահանման։ Մինչ այդ որմնանկարները անծանօթ էին արուեստի աշխարհին եւ հայ նկարիչին շնորհիւ տարածուեցան աշխարհով մէկ եւ հանգրուանեցին կարեւոր վայրերու մէջ: Հնդկական մշակոյթի այդ մեծարժէք գործերը, փաստօրէն յայտնութիւն եղան Խաչատուրեանի շնորհիւ եւ հարստացուցին համաշխարհային արուեստի գանձարանը։ Նոյն աշխատանքը ան կրկնած է նաեւ Սէյլանի, Սրի Լանքա, որմնանկարներու փրկութեան աշխատանքին մէջ։
Մասնագէտներու բարձր գնահատանքին արժանացած այդ գործերուն մէկ մասը նկարիչին այրին՝ նկարչուհի Վաւա Խաչատուրեան, տասնեակ տարիներ պահպանելէ ետք՝ 1971-ին ցուցադրած է Հայաստանի Նկարիչներու տան մէջ եւ ապա նուիրած է Հայաստանի Պետական պատկերասրահին:
Միայն Հնդկաստանը չէ եղած Սարգիս Խաչատուրեանի հետաքրքրութիւններուն մէջ. 1931 թուականին ան Իրանի կառավարութեան հրաւէրով Սպահանի մէջ վերականգնելու սկսած է Սեֆեան շրջանի որմնանկարները, միաժամանակ կատարած է պատճէնահանումներ, զորս ցուցադրած է Փարիզ եւ Եւրոպայի այլ քաղաքներու մէջ։ 1934 թուականին հիմնադրած է Նոր Ջուղայի Հայկական արուեստի թանգարանը։
Իրանի պատմութեան մէջ մեծ դեր ունի շահական Սեֆեան տոհմի կառավարման շուրջ երեքդարեայ ժամանակահատուածը։ Ինչպէս յայտնի է՝ Շահ Ապպաս իր կառավարման սկզբնական շրջանին՝ 1598 թուականին, Սեֆեան գահանիստը Ղազվինէն տեղափոխած է Սպահան՝ միտք ունենալով Արեւելքն ու Արեւմուտքը կապող մեծ կեդրոն մը ստեղծել եւ մշակութային նոր միջավայր ձեւաւորել:
16-րդ դարուն, երբ Սպահանը մայրաքաղաք կը հռչակուի, հիմք կը դրուի շահական պալատներու շինարարութեան: Պալատները գրաւած են ճանապարհորդները՝ իրենց որմնանկարներով եւ շքեղ նկարազարդումներով, սակայն դժբախտաբար քիչ պալատներ հասած են մեր օրերը եւ բոլորին նկարազարդումները թուղթի վրայ չեն պահպանուած:
Շահ Ապպասի օրով կառուցուած պալատներէն երկուքին՝ Ալի Ղափու եւ Չեհել Սոթուն պալատներուն որմնանկարները փրկուած են Սարգիս Խաչատուրեանի շնորհիւ, որ զանոնք ընդօրինակած է եւ յանձնած Իրանի կառավարութեան:
Սարգիս Խաչատուրեան Իրան մեկնած էր 1929 թուականին՝ պետական հասարակական գործիչ, դիւանագէտ, թարգմանիչ Յովհաննէս Խան Մասեհեանի յորդոր-խնդրանքով՝ նորջուղայեցի պատանիներուն նկարչութեան դասեր տալու: Շրջելով Իրանի զանազան շրջանները, տեսած է պատմական պալատներու որմնանկարներուն անմխիթար վիճակը: Անոր հետաքրքրութիւնն ու նուիրուածութիւնն ալ առիթ դարձած են, որ պետական մակարդակով իրեն վստահին զանոնք վերականգնելու եւ ընդօրինակելու գործը:
Թէ՛ հնդկական պուտտայական տաճարներուն, թէ՛ շահապասեան շրջանի պալատներուն որմնանկարներէն դրուագներ յետագային ան գործածած է արուեստի մէջ՝ այդպէսով մշակութային շերտերով հարստացուցած իր նկարները:
Խաչատուրեան ծնած է Մալաթիա, 1886 թուականին: Պզտիկ տարիքին նկատուելով իբրեւ լաւագոյն աշակերտ՝ ղրկուած է Կարինի Սանասարեան վարժարանը ուսանելու, որմէ ետք փոխադրուած է Հալէպ եւ իր ձեռքը վերցուցած հայկական եկեղեցիներու նկարազարդման աշխատանքը։ Այնուհետեւ Փարիզի, Միւնիխի եւ Հռոմի մէջ մինչեւ 1914 թուականը կատարելագործած է իր նկարչական ձիրքն ու տաղանդը:
1915 թուականին, ականատես ըլլալով դարասկիզբի դէպքերուն, անցած է Անդրկովկաս եւ այդ դէպքերը դարձուցած է իր ստեղծագործութեան հիմնական նիւթը:
Յովհաննէս Թումանեանը, Անդրանիկը եւ ուրիշներ Սարգիս Խաչատուրեանը կոչած են «Հայոց վշտի երգիչ»։ 1917 թուականէն նկարիչը անդամակցած է Թիֆլիզի Հայ արուեստագէտներու միութեան։
ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՍՏԱՆԻՇԵՐՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿԸ
Սարգիս Խաչատուրեան Խորհրդային Հայաստանի առաջին փոստանիշերու հեղինակն է։ 1921 թուականին տպագրուած են Խորհրդային Հայաստանի առաջին 16, Սարգիս Խաչատուրեանի ինքնօրինակ գծանկարներով նամականիշերը, որ կոչուած են առաջին կոստանդնուպոլսեան թողարկում։ Նամականիշերը տպուած են վիմատպութեան ձեւով սովորական թուղթի վրայ՝ ակռաներով եւ առանց ակռաներու: Այդ նամականիշերը նախատեսուած էին սովեալներու համար սակագինի 50 տոկոսի չափով գանձուող յաւելավճարի համար, սակայն գործածուած են նաեւ հիմնական սակագինը վճարելու նպատակով:
1920-ական թուականներուն Սարգիս Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները նուիրուած են հայկական նիւթերուն, անոր նկարները կը ներկայացնէին Հայաստանի բնութիւնը, տօնախմբութիւնները, գաղթականութիւնը. «Արարատը Երեւանէն», «Գաղթական կիներ», «Ճաշի բաժանումը», «Բամպակահաւաքը Արարատեան դաշտին մէջ», «Հայ որբերը անապատի մէջ», «Հայ գաղթականներ», «Վարագայ վանքի տօնը», «Սեւանայ կղզիի եկեղեցիները» եւ նման խորագրերով նկարները ատոր վառ ապացոյցն են։ Այս շրջանի որոշ աշխատանքներ նկարիչը ցուցադրած է եւրոպական ցուցահանդէսներուն, որուն ականատեսներէն եղած է նաեւ Աւետիք Իսահակեան, որ իր յուշերուն մէջ գրած է. «Մենք գրիչով չենք կրնար տալ այն ինչ որ դուն կ՚ընես վրձինով...»:
Սարգիս Խաչատուրեանի նկարներուն մէջ ազգային տարազները, ճարտարապետական յուշարձանները եւ այլ նիւթեր պատկերուած են վառ ու տպաւորիչ գոյներով: Ան ջանացած է դասական, մասնաւորապէս իտալական արուեստի սկզբունքները համադրել տպաւորապաշտական արուեստի սկզբունքներուն հետ:
1924 թուականին արուեստագէտը Վիեննայի մէջ հրատարակած է «Արմենիա» ալպոմը։ Եղած է իտալական միջազգային արուեստագէտներու եւ Վիեննայի Գեղարուեստագէտներու միութեան անդամ, «Անի» հայ արուեստագէտներու ընկերութեան հիմնադիր անդամներէն եւ քարտուղարը։ Այս շրջանին անոր ստեղծագործութեան մէջ գերիշխող դարձած է դիմանկարային ժանրը:
Խաչատուրեան անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Պոլսոյ, Փարիզի, ինչպէս նաեւ՝ Եգիպտոսի, Իտալիոյ, Հոլանտայի, Անգլիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։ Անոր ստեղծագործութիւնները այսօր կը պահուին Փարիզի, Լոնտոնի, Վիեննայի, Պրիւքսելի, Նիւ Եորքի եւ այլ քաղաքներու թանգարաններուն մէջ, Վրաստանի Ազգային թանգարանին եւ Հայաստանի Պետական պատկերասրահին մէջ:
Խաչատուրեան 1941-ին հաստատուած էր Նիւ Եորք, մահացած է 1947-ին՝ Փարիզ: Անոր աճիւնը տեղափոխուած է հայրենիք եւ 28 դեկտեմբեր 1977-ին վերայուղարկաւորուած Երեւանի մէջ: Անոր գործերուն վերջին ցուցահանդէսը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է 2016 թուականին՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ եւ նուիրուած էր Սարգիս Խաչատուրեանի 130-ամեակին:
Ահաւասիկ, Կիւմրիի մէջ կառուցուելիք նոր թանգարանը լոյս պիտի սփռէ մալաթիացի նկարիչ Սարգիս Խաչատուրեանի արուեստին վրայ՝ արուեստասէրին յիշեցնելով այս մոռցուած անունը: Ստորեւ՝ Յովսէփ Մելքոնեանի յօդուածէն հատուած մը, տպուած 2019 թուականին, Լոս Անճելըսի «Նոր Օր» թերթին մէջ՝ Սարգիս Խաչատուրեանի մասին:
ՄՈՌՑՈՒԱԾՆԵՐԸ. ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՍԱՐԳԻՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ (1886-1947)
ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ լիբանանահայ օրաթերթերէն «Զարթօնք»ին մէջ տեսայ կարճ տեղեկատուութիւն մը՝ գեղանկարիչ Սարգիս Խաչատուրեանի (1886-1947) կեանքին, արուեստին եւ հասարակական գործունէութեան մասին։ Տեղեկատուութեան կողքին տպուած էր նաեւ իր հեղինակութեան պատկանող նկարչական պաստառի մը վերարտադրութիւնը, որ կը ներկայացնէր երկու հնդկուհիներ իրենց գունագեղ զգեստներով եւ ջուրի կարասներով։
Լիբանանահայ օրաթերթը գովելի նախաձեռնութեամբ մը սովորութիւն մը ըրած էր վերջերս հայ գեղանկարիչներու մասին այսպիսի փոքրիկ տեղեկութիւններ հաղորդել ընթերցողներուն՝ «Օրացոյց» խորագրին տակ:
Այս տեղեկատուութիւնը անձնապէս հաճելի անակնկալ մը եղաւ ինծի համար։ Արդարեւ, տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով սփիւռքահայ մամուլին մէջ կը տեսնէի գեղանկարիչ Սարգիս Խաչատուրեանի մասին գրութիւն մը կամ նման տեղեկատուութիւն մը։ Կարծես տարիներու ընթացքին ան անցած էր «մոռցուածներու» կարգին, որովհետեւ սփիւռքի հայ հանրութիւնը ընդհանրապէս անծանօթ կամ անտեղեակ մնացած է անոր գործունէութեան եւ գեղարուեստական վաստակին, քար լռութեան մատնելով անոր յիշատակը։
Այս լրատուական ծանօթութիւնը եւ պաստառին վերարտադրութիւնը յիշողութեանս մէջ արթնցուցին անցեալի պատկերներ։
Արդարեւ, յունիս-յուլիս 1976 թուականին լիբանանցի պաշտօնակիցի մը հետ Հնդկաստան շրջապտոյտի գացած էի։ Այդ տարիներուն ասպարէզային պարտաւորութիւններու պատճառով պաշտօնի կոչուած էի Արաբական ծոցի երկիրներէն Օմանի Սուլթանութեան պատկանող Մասքաթ մայրաքաղաքին մէջ։ Մասքաթէն Պոմպէյ 2 ժամուայ օդանաւային թռիչքի տարածութիւն մը կար ու Մասքաթի ամառնային ճնշիչ եւ հեղձուցիչ տաքէն Հնդկաստանի զով շրջանները արձակուրդի գացողներու թիւը զգալի կ՚ըլլար այդ շրջանին։
Հնդկաստան մասնաւոր հմայք մը ունեցած է միշտ ինծի համար շատ կանուխ տարիքէս։ Երկրի ազգային ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ Մահաթմա Կանտիի եւ անոր գործակիցներու «Խաղաղ ընդդիմութեան» գաղափարախօսութիւնը եւ փիլիսոփայական հայեացքը մեծ տպաւորութիւն ձգած էին վրաս, երբ տակաւին երկրորդական վարժարանի մը ուսանող էի Պէյրութի մէջ։ Միաժամանակ, Հնդկաստան իբրեւ «Ոչ-յանձնառու երկիրներու» հիմնադիր անդամներէն մին միջազգային քաղաքական կեանքին մէջ աշխոյժ եւ շնորհակալ աշխատանք մը կը տանէր խաղաղասէր վարչապետ Ժաւահարլալ Նեհրուի ղեկավարութեան տակ՝ «Պաղ պատերազմ»ին պատճառով բեւեռացած աշխարհին խաղաղութեան յուսատու լոյս մը դառնալով։
Այդ հմայքի կողքին կար նաեւ այլ անձնական բնոյթ ունեցող պատճառ մը։ Արդարեւ, այդ տարիներուն Պոմպէյի հետզհետէ նօսրացող հայ գաղութը որոշում կայացուցած էր հայ կարիքաւոր ուսանողներու կրթաթոշակներ շնորհել առիթ տալու համար անոնց, որ իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակեն տեղւոյն հնդկական համալսարաններու մէջ։ Այդ կրթական նպաստէն օգտուողներէն առաջիններէն եղած էի ես ու 1964-ի առաջին ամիսներուն Հնդկաստան կը հասնէի ուսումս շարունակելու Պոմպէյի Յիսուսեան համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժնին մէջ։ Թէեւ համալսարանական ուսումիս աւարտին Պէյրութ վերադարձած էի 1968-ին այսուամենայնիւ շարունակած էի մօտիկ կապեր պահել նախկին դասընկերներու, բարեկամներու եւ մասնաւորապէս Պոմպէյի հետզհետէ փոքրացող հայ գաղութի մնացորդացին հետ։ Հետեւաբար, երբ 1976 թուականին առիթ կը ներկայանար ինծի կրկին Հնդկաստան այցելելու, մտադրած էի հին բարեկամներու տեսութեան կողքին նաեւ շրջապտոյտ մը կատարել Հնդկաստանի պատմական շրջաններուն մէջ, զորս տեսնելու առիթ չէի ունեցած նախապէս։
Այդ մէկ ամիս տեւող շրջապտոյտի ընթացքին, ընկերակից լիբանանցի բարեկամիս հետ, յաջորդաբար այցելեցինք Հնդկաստանի արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող «Էլլորա»ի եւ «Աժանթա»ի նշանաւոր քարակոփ տաճարները, որոնք Հնդկաստանի հին քաղաքակրթութեան լաւագոյն նմոյշները կը հանդիսանային։ Ժայռերու մէջ փորուած հսկայ տարածութեամբ եւ մեծղի չափերով Հինտու կամ Պուտտայական կրօններու պատկանող աղօթատեղիներ հանդիսացած էին այս տաճարները անցեալին իրենց աննման արձաններով, ժայռերու վրայ քանդակուած զարդարանքներով եւ ամեհի բարձրութեամբ չաստուածներու կերպարներով։ Այս քարակոփ տաճարները շինուած էին Քրիստոսէ վեց դարեր առաջ ու կը հանդիսանային մարդկային տաղանդին, ձիրքին եւ երեւակայութեան արդիւնք եղող աննման պատմական կեդրոններ։ Իբրեւ այդպիսին անոնք այլ նման ճարտարապետական սքանչելիքներու կողքին այժմ կը գտնուին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Կրթական, գիտական եւ մշակութային ընկերակցութեան (UNESCO) «Համաշխարհային ժառանգ» նկատուող ոգեկան եւ ֆիզիքական կառոյցներու ցուցանշային տոմարի պատուոյ ցանկին վրայ։
Այդ շրջապտոյտի ընթացքին երկուքս յաջորդաբար այցելեցինք նաեւ Հնդկաստանի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող Ակրա քաղաքը՝ տեսնելու նշանաւոր Թաժ Մահալը, Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհին եւ երկրի հարաւագոյն շրջանի Պանկալոր քաղաքը, ի վերջոյ հասնելու համար Մայսոր (այժմ Քարնաթաքա) նահանգի համանուն մայրաքաղաքը, որ անցեալին այդ շրջանի Մահարաժայի կամ իշխանի նստավայրը հանդիսացած էր։
Տեղւոյն զբօսաշրջութեան յատուկ վայրերու կողքին այցելեցինք նաեւ Մայսորի Մահարաժային նախկին արքայական պալատը։ Շքեղ, հոյակապ եւ մեծղի պալատ մըն էր, որ անկախ Հնդկաստանի կազմաւորումէն եւ արքայազուն իշխաններու օրինական գահընկէցութենէն ետք վերածուած էր նշանաւոր թանգարանի մը, ուր պահպանուած էին արքայական շրջանի կահոյքները, արուեստի գործերն ու կենցաղային դրոյթի ամենազանազան երեւոյթները։
Այս հսկայ թանգարանը պտտելու ընթացքին պատերէն կախուած նկարչական պաստառներն ու կտաւները ուշադրութիւնս գրաւեցին։ Ես ո՛չ արուեսագէտ եմ եւ ո՛չ ալ արուեստաբան, սակայն այդ պաստառներու վառ գոյները եւ բնաբան նիւթերու խորքը գրաւիչ տպաւորութիւն մը ձգեցին վրաս ու կարծես քաշողական ուժով իրենց մօտ հրաւիրեցին զիս։ Երբ մօտէն զննեցի նկարները՝ անակնկալի եկայ տեսնելով, որ այդ նկարներուն անխտիր մեծամասնութիւնը կը կրէր հայանուն արուեստագէտի մը ստորագրութիւնն ու անունը։ Այդ արուեստագէտը կը կոչուէր Սարգիս Խաչատուրեան։
Ակամայ յիշեցի, որ Պոմպէյի հայ գաղութի տարեց անդամներէն ոմանք ուսանողութեան տարիներուս պատմած էին, թէ ինչպէս հայ գեղանկարիչ մը տարիներ անցուցած էր Պոմպէյէն 300 մղոն հեռու վայրի մը մէջ գեղարուեստական առաքելութեան մը անձնատուր՝ յաճախ կեանքը վտանգի ենթարկելով։ Յետագային, տարիներ ետք, անոր անունը լսած էի հայ մամուլէն, երբ 1970-ի սկիզբներուն իր այրին՝ Վաւա Խաչատուրեան, որ նոյնպէս ճանչցուած գեղանկարիչ մըն էր, Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպած էր իր մահացած ամուսնոյն գործերուն նուիրուած ցուցահանդէս մը։ Սփիւռքի հայ մամուլը այդ առիթով արձագանգ հանդիսացած էր այս դէպքին ու յիշողութեանս մէջ տեղ մը արձանագրուած էր Սարգիս Խաչատուրեանի անունը։ Պէտք է խոստովանիմ, որ այս պատահական արձագանգներէն զատ շատ քիչ բան գիտէի իր մասին։
Հետեւաբար, այդ թանգարանին ցուցադրուած պաստառները մէջս հետաքրքրական հարց մը ստեղծեցին։ Ի՞նչ գործ ունէին Հնդկաստանի այդ հեռաւոր անկիւնին մէջ Սարգիս Խաչատուրեանի ստորագրութիւնը կրող կտաւները եւ պաստառները, որոնք կը ցուցադրուէին այդ պալատ-թանգարանին մէջ։
Այս անակնկալ հանդիպումը պատճառ եղաւ, որ Սարգիս Խաչատուրեանի կեանքին, գեղարուեստական ու հասարակական աշխատանքին շուրջ փնտռտուքներ կատարեմ աւելի լաւ հասկնալու այս եզակի հայ արուեստագէտին անցեալն ու պատմութիւնը…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ