ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

2021-2022 մարզաշրջանի Թուրքիոյ ֆութսալի լիկը եզրափակուեցաւ՝ մեր համայնքին տեսակէտէ պատմական եւ իսկապէս պատուաբեր յաջողութիւնով մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ ֆութսալի լիկի ախոյեանը դարձաւ Շիշլի մարզակումբի կազմը։ Շիշլիցիները իսկական յաղթարշաւէ մը վերջ առաջատարի դիրքը նուաճեցին, ինչ որ համայնքային շրջանակներէն ներս մեծ ուրախութեան առիթ դարձաւ։ Զանազան քաղաքներէ ներս կազմակերպուած փուլերուն շիշլիցիները ընդհանուրին մէջ 14 հանդիպում ունեցան։ Այդ մրցումներու արդիւնքին Շիշլի ապահովեց 11 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրեց միայն 1 պարտութիւն։ Հուսկ, 35 նիշով Շիշլի դարձաւ ախոյեան։ Շիշլիի կազմէն զանազան մարզիկներ ալ առանձնացան իրենց յաջողութիւններով՝ մանաւանդ, որ շիշլիցիները արձանագրեցին 109 կոլ ու դարձան լիկի ամենառմբարկու խումբը։ Շիշլիի կազմէն Մուհամմէտ Ալթունայ 35 անգամ նուաճեց մրցակիցներու դարպասը։

Այս արդիւնքին հիման վրայ Շիշլի մարզակումբը յառաջիկայ տարի Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեաններու լիկին մէջ պիտի ներկայացնէ Թուրքիան։ Սա արդէն նոր հորիզոն մը կ՚ուրուագծէ մարզակումբին առջեւ ու նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ անոր գործունէութիւնը։ Արդարեւ, երկիրը միջազգային ասպարէզի վրայ ներկայացնելու պատասխանատուութիւնը, բնականաբար, ծանր է։

Թուրքիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան ֆութպոլի զարգացման գծով տնօրէն Օղուզ Չեթին ջերմ արտայայտութիւններով շնորհաւորեց ախոյեան շիշլիցիները եւ յաջողութիւն մաղթեց ՈՒԷՖԱ-ի ֆութսալի ախոյեաններու լիկի յառաջիկայ մրցապայքարին մէջ։

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերներն ալ երէկ բաժնեցին ֆութսալի կազմի անբացատրելի ուրախութիւնը՝ մաղթելով ապագայ յաջողութիւններ։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2022