ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի 2021-2022 կրթական շրջանի ընթացաւարտները խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ առին՝ արժանանալով ջերմ վերաբերմունքի։ Շրջանաւարտութեան հանդէսը տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, թաղային խորհուրդի պատուակալ ատենապետուհի Մոնիք Երկանեան, խորհուրդի միւս անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի տնօրէնուհի Դալար Մավիեան, Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլու, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Յայտագրի գործադրութեան առընթեր յաջողագոյն շրջանաւարտները ստացան զանազան պարգեւներ։ Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին բարեմաղթութիւններ յղեց ընթացաւարտներու կրթական ապագայ ճանապարհին համար։
Թրքահայ կեանք
- 02/07/2025