ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՆԳՈՅ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ
Եթէ հարցնելու ըլլաք, որ ազգի մը յաջողութիւնը ինչին մէջ կը կայանայ, առանց վարանելու կրնամ ըսել, որ գաղտնիքը անցեալէն դասեր քաղելուն մէջ կը կայանայ. իրապէս կը յաջողի ա՛ն, որ նոյն սխալները չի՛ կրկներ եւ չի յայտնուիր այն վիճակին մէջ՝ որ տասնամեակներ եւ կամ դար մը առաջ անցած եւ տուժած էինք:
Մեր այսօրուան քաղաքականութեան մէջ նոր բան մը չկայ երբեք եւ հետեւաբար մեր քաղաքական գործիչներէն «նոր որոշում»ներ առնելու տեղ կը պահանջուի անցեալը լաւապէս ուսումնասիրել, որովհետեւ ինչքան ալ փորձենք անտեսել, պատմութիւնը դարձեալ իր սովորութեան համաձայն ինքզինք պիտի կրկնէ:
Պատմութեան ու քաղաքականութեան մէջ փոխուածը ընդհանրապէս միայն ժամանակը կ՚ըլլայ. նպատակն ու հաշիւները կը շարունակեն մնալ նոյնը՝ նոյնիսկ դարեր ետք, այդ իսկ պատճառով կարելի չէ յստակօրէն բացատրել քաղաքականութեան ինչութիւնը, որովհետեւ քաղաքական գործիչներու կողմէ արտասանուած ճառերն ու ուղերձները, անոնց մէջ նշուող մարդասիրական ու խաղաղապաշտ դարձուածքները ա՛յն չեն՝ ինչ որ է քաղաքականութեան իսկութիւնը:
Այսօր երբ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կ՚ուզէ համերաշխութիւն հաստատել դրացի, սակայն դարեր շարունակ որպէս թշնամի դիտուած պետութիւններուն հետ, կը փորձեմ պատմութեան մէջէն դուրս բերել ա՛յն օրերն ու պահերը, երբ նոյն հաշտութեան ու համերաշխութեան ըմբռնումներով անոնք մօտեցած են իրար:
Անոնցմէ առաջին օրինակը կ՚ուզեմ տալ Թիֆլիզի մէջ հրատարակուած «Զանգ» օրաթերթի ուրբաթ, 18 օգոստոս 1906-ի թիւին երկրորդ էջին Բ. սիւնակին մէջ հրատարակուած թղթակցութենէ մը. Շահէն անունով գրող մը չորեքշաբթի, 9 օգոստոս 1906 թուակիր թղթակցութեամբ մը Շուշիէն կը գրէ.-
«Խաղաղութիւն է...
Լռել են թնդանօթն ու հրացանը, ռումբն ու ատրճանակը... չի լսւում այլեւս նրանց ջղայնացնող երաժշտութիւնը, եւ չորս կողմում լսւում է ցանկալի բառը՝ խաղաղութիւն... բարըշլըխ...
Խաղաղութիւն երկար արիւնից յետոյ, խաղաղութիւն շէն քաղաքը աւերակացնելուց յետոյ, խաղաղութիւն որբերի եւ այրիների թիւը հազարներով աւելացնելու յետոյ, խաղաղութիւն շատ մատաղ կեանքեր կտրելուց յետոյ...
Խաղաղութիւն է...
Այդպէս են ասում, այդպէս են գրում... Խաղաղութիւն է, այդպէս է թւում կեանքը արտաքուստ դիտողին, երբ նա տեսնում է թուրքն ու հայը խօսում, ծիծաղում իրար ձեռք սեղմում, երբ նա տեսնում է երկու թշնամացած հարեւաններին ո՞վ գիտէ քանի երրորդ անգամ «անիծեալ շէյթանին» նզովք կարդալով - մոռնալով երկարատեւ բօյկոտը, հին «ալըշ վերիշն» են սկսել եւ թուրքը հայից, հայը թուրքից կենսական մթերքներ են գնում...
Սիրում ենք հաւատալ խաղաղութեանը, սիրում ենք փայփայել այն գեղեցիկ յոյսը, որ հեռու չէ. կը գայ այն օրը, երբ խաղաղութիւնը վերջնական կը լինի. եւ այն ժամանակ վա՜յ յանցագործներին...»:
Մէջբերումին սկիզբը եթէ նշած չըլլայի գրութեան աղբիւրը, հաւանաբար կարծած ըլլայինք... որ այս բոլորը գրուած են այսօրուան համար, երբ հազարաւոր մատաղ կեանքեր կոտորելէ ետք դարձեալ խաղաղութեան ծիածանը գծել կը փորձենք մեր երկնակամարին վրայ: Նոյնն է ամէն բան... պարզապէս մէկը 1906 թուական, իսկ միւսը 2020-2022... աւելի քան 110 տարուան հեռաւորութիւն, սակայն պատմութիւնը նոյնութեամբ կը շարունակէ մնալ նոյնը:
Քաղաքականութիւնը դարձեալ խաղաղութեան շուրջ կու գայ բոլորուելու շէն քաղաքի աւերումէն ետք միայն, հազարաւոր մանուկներու որբացումէ եւ անտուն վիճակի մէջ մատնուելէ ետք միայն...
Եթէ պատմութիւնը իրապէս ինքզինք կը կրկնէ նոյնութեամբ՝ պահ մը մտածենք, թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ 9 տարիներ ետք... խաղաղասէր այս երկու ազգերուն միջեւ. ինչ կրնայ պատահիլ աշխարհին... Համաշխարհային Երրորդ պատերա՞զմ մը գուցէ. Քաղաքականութեան մէջ խաղաղութիւն բառը զգլխիչ բառ մըն է պարզապէս, նման այն բառերուն, որոնք շատ անգամ առանց իմաստ ունենալու կը գործածուին յօդուածագիրի մը յօդուածը զարդարելու համար:
Այսօր ե՛ս ալ պիտի ըլլամ նոր «Շահէն» մը, վստահ ըլլալով, որ դար մը ետք դարձեալ նոյն խաղաղութեան գովքը հիւսողներ պիտի դառնան նոր Շահէններ եւ այս խաղաղասիրութիւնը երբեք ալ վերջ պիտի չունենայ:
Պատմագիտական համալսարաններու կամ քաղաքագիտութեան նիւթերու ժամանակ ի՞նչ կը սորվեցնեն ապագացու «ղեկավարներ» դարձողներուն չե՛մ գիտեր, սակայն ամենալաւագոյն դասը պատմութեան ուսումնասիրութիւնն է:
Երանի՜ առիթ ըլլար այրելու բոլո՛ր դասագիրքերը եւ անոնց ձեռքը տալ այս օրերուն մոռացութեան դատապարտուած մամուլը, որ իր հնութեամբ շա՜տ շատ աւելի բան գիտէ, քան այսօր գործող բոլո՜ր ղեկավարները:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱՐՇԱԿ ԱԼՊՕՅԱՃԵԱՆ
(1879-1962)
Մեր թուականէն 143 տարիներ առաջ՝ 17 յունիս 1879-ին Սկիւտարի մէջ ծնած է բանասէր եւ պատմաբան Արշակ Ալպօյաճեան:
Ալպօյաճեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանէն ներս, ապա ընդունուած է Կեդրոնական վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1899 թուականին:
Իր առաջին բանասիրական գործը հրատարակած է «Բազմավէպ»ին մէջ, 1901 թուականին, ուսումնասիրելով գրող, բանաստեղծ եւ հրապարակախօս Սրբուհի Տիւսաբը. յետագային այս գիրքը լոյս տեսած է նաեւ առանձին գրքոյկով:
Ալպօյաճեան երկար տարիներ աշխատակցած է «Ծաղիկ» եւ «Բիւզանդիոն» պարբերականներուն, առաւելաբար հանդէս գալով պատմական եւ բանասիրական յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով:
Բանասիրութեան կողքին Ալպօյաճեան զբաղած է նաեւ ուսուցչութեամբ. երկար տարիներ որպէս հայոց պատմութեան ուսուցիչ պաշտօնավարած է Պոլսոյ Էսաեան վարժարանէն ներս. ապա որոշ ժամանակ անցած է Յունաստան, ուր աշխատած է տեղի ամերիկեան որբանոցէն ներս, միաժամանակ աշխատակցելով Պոլսոյ «Վերջին լուր» թերթին՝ որպէս շրջիկ լրագրող:
Ալպօյաճեան 1923 թուականին ուսուցչութեան պաշտօնով մենկած է Եգիպտոս, պաշտօնավարելու տեղի Գալուստեան վարժարանէն ներս: Եգիպոտոս գտնուած միջոցին խմբագրած ու հրատարակած է «Ազատ միտք» շաբաթաթերթը: Ալպօյաճեան իր յօդուածները յաճախ ստորագրած է «Ա.», «Ա. Ա.», «Ալպ», «Արշ», «Ալպօյաճի», «Անգեղացի», «Արմէն Արմէնեան», «Արշակ», «Գրիչ», «Իրազէկ», «Հայ Մարդ Մը» ծածկանուններով:
Բանասէրին ամենէն յայտնի գործերէն են Ազգային Սահմանադրութեան 50-ամեակի առիթով կատարած ուսումնասիրութիւնը, որ հրատարակած է 1910 թուականին: Բանասէրը ուսումնասիրած է գրողներ Գրիգոր Զօհրապի, Մինաս Չերազի, Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի եւ այլոց կեանքն ու գործունէութիւնը: Պատրաստած է «Պամտութիւն հայ գաղթականութեան», «Պատմութիւն Եդովկիոյ հայոց», «Պատմական Հայաստանի արտաքին եւ ներքին սահմանները», «Յուշամատեան կուտինահայերու» եւ այլ աշխատութիւններ:
Բանասէրը մահացած է 24 յունիս 1962 թուականին, Եգիպտոսի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024