ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին Դիլիջանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին։ Աշխատանքային այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին երկու հարեւան երկիրներու վարչապետները նշեցին, թէ բարձրաստիճան խտացեալ շփումները կը վկայեն հայ-վրացական յարաբերութիւններու աշխոյժ զարգացման եւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակի մասին։

Վարչապետները կանգ առին Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան օրակարգային հարցերուն եւ հեռանկարներուն վրայ։ Փաշինեան եւ Ղարիպաշվիլի կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային իրավիճակին ու զարգացումներուն շուրջ։ Կողմերը վերահաստատեցին բարեկամական կապերը հետեւողականօրէն խորացնելու պատրաստակամութիւնը եւ պայմանաւորուեցան աշխոյժ երկխօսութիւնը շարունակել։

Դիլիջանի տեսակցութեան ընթացքին երկու վարչապետներու կողքին էին արտաքին գործոց նախարարներն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարները։

Հարկ է յիշեցնել, որ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին ալ վերջին օրերուն այցելած էր Պաքու։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2022