ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի ընտանիքի ներկայացուցիչներ՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքը։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլիի կազմը վերջին օրերուն ախոյեան աւարտած էր Թուրքիոյ ֆութսալի լիկը։ Ուստի, երէկ ակումբի վարչայինները մարզիկներն ու մարզիչները Գումգաբու փութացին՝ ախոյենութեան բաժակով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց արձանագրուած յաջողութիւնը ու մաղթեց յարատեւութիւն։

Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ախոյենութեան բաժակով նկարահանում, ինչ որ յատկանշական պահ մըն էր։

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2022