ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՄԻՇՈՒՍՏԻՆ ԵՐԷԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ

Երէկ, Մինսքի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներուն ժողովը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ Միջկառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին, որու ծիրէն ներս հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստինի հետ։ Զրոյցի ընթացքին ռուս վարչապետը նշեց, որ Մոսկուա առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ Հարաւային Կովկասի փոխադրութեան ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը՝ ըստ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններուն։ Գործնական աշխատանքը կ՚ընթանայ եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս՝ փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ։ Միշուստին յիշեցուց, որ Սեն Փեթերսպուրկի Տնտեսական ֆորումի ընթացքին տեղի ունեցած է այս խումբի հերթական նիստը։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ մեծապէս կարեւորեց տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու բացումը, ամբողջ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ ձեռնարկուած աշխատանքին շնորհիւ կարելի կ՚ըլլայ յստակ որոշումներ առնել։ Արդարեւ, տարածաշրջանի տնտեսական եւ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու բացումը կարեւոր է բոլոր պետութիւններուն տեսակէտէ՝ առաւել եւս, որ ընթացիկ իրավիճակին մէջ սա ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն։

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2022