ԱՆԳԱՐԱ-ՌԻԱՏ ԱՌԱՆՑՔԻՆ ՎՐԱՅ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Սէուտական Արաբիոյ Մուհամմէտ պին Սելման արքայազնը այս օրերուն կ՚իրականացնէ շրջագայութիւն մը, որու ծիրէն ներս կ՚այցելէ նաեւ Թուրքիա։ Երեք տարի վերջ առաջին անգամ Ծոցէ դուրս ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ Մուհամմէտ պին Սելման, որու ծրագրի առաջին փուլը հանդիսացաւ Գահիրէն, ուր ան մէկտեղուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի հետ։ Աւելի վերջ ան ուղեւորուեցաւ Ամման, ուր հիւրընկալուեցաւ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորին կողմէ։
Մուհամմէտ պին Սելման այսօր ալ կը ժամանէ Թուրքիա։ Անգարայի մէջ ան կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Անցեալ ապրիլին նախագահ Էրտողան այցելած էր Ռիատ եւ ներկայիս ի շարունակութիւն Անգարա կու գայ Սէուտական Արաբիոյ իշխանը։
Կը հաղորդուի, որ Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բանակցութիւններու ժամանակ օրակարգի վրայ կու գան ուժանիւթի, տնտեսութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան խորացման հեռանկարները։
Վերջին շփումներով արդէն յաղթահարուած կը համարուի Անգարա-Ռիատ առանցքի մօտաւոր անցեալի փակուղին։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Մուհամմէտ պին Սելմանի այցելութեան ընթացքին Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ալ ստորագրուած է 14 համաձայնագիր՝ շուրջ 7.7 միլիառ ամերիկեան տոլար ընդհանուր արժէքով։