ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Սեն Փեթերսպուրկի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան՝ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղեալ աշխատանքային խումբի հանդիպումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սեն Փեթերսպուրկի 25-րդ միջազգային տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս եռակողմանի աշխատանքային խումբին ժողովը՝ գլխաւորութեամբ այս երեք երկիրներու փոխ-վարչապետներուն։ Հայաստանի կողմէ այս հանդիպման մասնակցեցաւ փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան։ Ծանօթ է, որ այս գործընթացին մէջ Ռուսաստանը կը ներկայացնէ փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, իսկ Ատրպէյճանը՝ փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները «Արմէնփրէս» գործակալութեան տեղեկացուցին, որ եռակողմանի աշխատանքային խումբի համանախագահներու աշխատանքային հանդիպում մը տեղի ունեցած է Սեն Փեթերսպուրկի մէջ։ Քննարկման օրակարգին կապակցութեամբ որեւէ մանրամասնութիւն չէ հաղորդուած։

Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Ալեքսէյ Օվերչուք այցելած էր նաեւ Անգարա, ուր ընդունուած էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2022