ՎԱՆԵՑԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ
Հայաստանի ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ երէկ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, երկրի խորհրդարանական ընդդիմութեան յառաջատար դէմքերէն Արթուր Վանեցեան հրաժարեցաւ երեսփոխանի պաշտօնէն։ Ան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս կը գլխաւորէր ընդդիմադիր «Պատիւ ունիմ» դաշինքի խորհրդարանական խմբակցութիւնը։ Արթուր Վանեցեան, որ 2018 թուականի իշխանափոխութենէն վերջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի լծակիցներէն եղած էր՝ զբաղեցնելով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը, աւելի վերջ դարձած էր ընդդիմադիր։ Վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ իր գլխաւորած «Հայրենիք» կուսակցութիւնը եւ երկրի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը կազմած էին դաշինք մը։
Վերջին շրջանին Հայաստանի ընդդիմութիւնը փորձեց աշխուժանալ եւ ժողովուրդը շարժման անցընելով ապահովել իշխանափոխութիւն՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի եւ Արցախի հիմնախնդրի մտահոգիչ իրադարձութիւններու պայմաններուն ներքեւ։ Ըստ էութեան, ընդդիմութիւնը չկարողացաւ հասնիլ այդ նպատակին եւ Վանեցեանի պատգամաւորի պաշտօնէն հրաժարիլն ալ համընկնեցաւ այդ փուլին։ Այսպէսով կը դադրի գոյութիւն ունենալէ նաեւ «Պատիւ ունիմ» դաշինքը։
Արթուր Վանեցեան հրաժարականի որոշման շուրջ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկած է ծաւալուն գրառումով մը։