ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՄԱՆ ՄՂՈՒՄ
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը կը շարունակէ խրախուսել կրթական մշակներու վերապատրաստման ուղղեալ ծրագիրները։ Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ նախորդ ամիսներուն վերապատրաստման աշխատանոցներ յառաջ տարուեցան, ինչ որ այս ձեւաչափին մէջ ընթացք ստացած ծրագրի առաջին տարին բնորոշեց։ Երէկ, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս առաջին տարուան եզրափակիչ հաւաքոյթը։ Հարկ է նշել, որ վերապատրաստման աշխատանոցներուն յիսունութ կրթական մշակ մասնակցած էր։ Երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին անոնցմէ իւրաքանչիւրին մասնակցութեան հաստատագիր մը յանձնուեցաւ, նաեւ անոնց նուիրուեցան հիմնարկի կողմէ հրատարակուած գիրքերէն օրինակներ։
Եզրափակիչ հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ անդամներէն Սարգիս Էրքոլ։ Աշխատանոցի վարիչ Նաթալի Պաղտատ-Քոճապայի կողմէ կատարուեցաւ ցուցադրութիւն մը, որով ամփոփ տեղեկութիւններ ներկայացուեցան աշխատանոցներու ամբողջ գործունէութեան եւ ընդհանուր նիւթերուն շուրջ։
Հուսկ, սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլորը ամրան արձակուրդին համար փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ եւ ապագայ աշխատանքի համար ընդգծեցին պատրաստակամութիւն։