ՍԻՐՈՒԱԾ ՈՒ ՉՍԻՐՈՒԱԾ ՄԱՆՈՒԿԸ -(Գ.)
Գ.- ՎԱԽ ԵՒ ՍԱՐՍԱՓ.- Հակառակ Տէր Թոդիկի օրերէն դարեր անցնելուն, մեծ ծնողներէն շատեր կը շարունակեն համոզուած մնալ, որ մանուկ մը կրթելու եւ իրենց համար կարծուած «ճիշդ» ճամբու մէջ դնելու լաւագոյն միջոցը վախցնելն է, որուն դիմաց մանուկը պիտի հանդարտի եւ ընէ այն՝ ինչ մայրը կամ հայրը կը հրահանգէ ընել:
Մեզմէ ո՞վ մանկութեան չէ սպասած այն «հրէշը», որ չար մանուկները կը տանէր. կամ այն բժիշկը՝ որ չար մանուկներուն ասեղ կ՚ընէ: Իմ մանկութեանս օրինակ «տոպրակճի» ծերուկ մը կար, որ իր անգոյ գոյութեամբ զիս կը մղէր կէսօրները բարի բարի քնանալու:
Մանուկները վախով կրթելը կը բաժնուի երկու մասի.-
Ա.- Անմեղ վախ.- Անմեղ վախը վերը յիշուածներն են, որոնք կ՚օգնեն ծնողքին կացութենէ մը դիւրութեամբ դուրս գալ ու փրկել պահը:
Բ.- Գիտակցուած վախ.- Շատեր կը շարունակեն համոզուած մնալ, որ հեղինակութիւն ունենալու, իր ներկայութիւնը աւելի փաստելու եւ հնազանդ մանուկներ ունենալու համար անհրաժեշտ է խստութիւնը եւ մի՛ զարմանաք, եթէ մինչեւ օրս հանդիպիք հին գլուխներու, որոնք մանուկին դիմաց շատ խնդալն ու ծիծաղիլը ամօթ ու սխալ նկատեն:
Խօսինք երկուքին մասին:
Անմեղ վախը, որքան ալ անմեղ թուի, վերջապէս վախի զգացում մըն է, որ կու տայ մանուկին մէջ: Այդ «անմեղ» վախին զոհ կը դառնայ շատ անգամ Աստուած. ո՞ր մանուկը երբեւէ լսած չէ «Աստուած քար կը նետէ», «Աստուած պապան կը պատժէ», «Աստուած պապան դժոխք կը ղրկէ» արտայայտութիւնները. ծնողքը այդտեղ պահը փրկելու կը նայի, սակայն առանց զգալու մանուկին մէջ վախ եւ բնականաբար վախին պատճառով ատելութիւն կը սերմանէ Աստուծոյ հանդէպ, որովհետեւ մանուկին համար այն որ կը պատժէ, չար է, իսկ ան որ կը սիրէ՝ բարի: Այս անմեղ վախը պատճառ է, որ շատ մը մանուկներ վախնան նոյնիսկ եկեղեցականէն, որովհետեւ անոնք համոզուած են, որ անոնք ո՛չ թէ սիրոյ քարոզիչներ են, այլ պատժողներ՝ եթէ չքնանայ կամ մօրը խօսքերը մտիկ չընէ:
Բարեկամներէս մէկուն տղան շատ անհանդարտ է եւ ամէն անգամ որ իրենց մօտ երթամ եւ չարութիւն մը ընէ՝ մայրը կ՚ըսէ. «Հրայրը կը պոռայ հա՛, բարի կեցիր, որ չպոռայ»: Հրայրը՝ որ մանուկներու համար հոգի կու տայ, կը դառնայ «ջղային» եւ «պոռացող» Հրայր մը:
Գիտակցուած վախը առեղծուածային նիւթ մըն է. այսօր աշխարհը լեցուն է շփացած ու անկիրթ մանուկներով եւ ծնողներ տեսնելով այդ բոլորը կը հաւատան, որ խիստ չըլլալու պարագային իրենց մանուկը եւս կրնայ նոյն վիճակին մէջ յայտնուիլ: Իրականութեան մէջ այդ խստութեան եւ բարեհամբոյր վերաբերումին մէջ կը տատանի մանուկին մեծերուն հանդէպ ունենալիք յարգանքը. շատ խստութեամբ մեծցնողը ընդհանրապէս կ՚ունենայ ուրիշներու հանդէպ յարգալիր մանուկ մը, մինչ միւսները աւելի եսակենդրոն ապրող մանուկներ, որոնց համար կարեւոր է միայն սեփական եսին բաւարարումը:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ տարիքի բերումով, մանուկներ արդէն մինչեւ վեց տարեկան որոշ բնական վախեր կ՚ունենան՝ ձայնէն, լոյսէն, անասուններէ եւ այլն. ծնողքի մը կողմէ բանեցուած յաւելեալ վախը կրնայ միայն վնասել:
Ցաւ ի սիրտ, այսօր հանրութեան մէջ նոյնիսկ կը տեսնեմ ծնողներ, որ «հո՛ս նայիր ոտքերդ կը կտրեմ» ըսելով կը փորձեն մանուկը կրթել. թէ՛ վախը եւ թէ հրապարակաւ պախարակուիլը կը սպաննէ մանուկին մէջ եղած ինքնավստահութիւնը:
«Գլուխդ պիտի կտրեմ...». նման արտայայտութիւններու դիմաց մի՛շտ կը մեղադրեմ ծնողքը, որովհետեւ եթէ սկիզբէն ճիշդ ձեւով մշակումը կատարուի, վստահ եմ, որ «գլուխ» կտրելու չի հասնիր եւ եթէ հասած է գլուխ կտրելու՝ կը նշանակէ անցեալին տեղ մը սխալ եղած է:
Վախը սակայն երկու ձեւով երեւան կու գայ ապագային մանուկին մօտ. վախով հասակ առած մանուկներ երկու ծայրայեղութեան կրնան հասնիլ. մին կրնայ ամբողջ կեանք մը վախով ու անինքնավստահ վիճակով ապրիլ, մինչ ուրիշ մը կրնայ իր վախի ազդեցութեան տակ ինք եւս վախազդու անձի մը վերածուիլ՝ համարձակութեան սահմաններն իսկ անցնելով: Կեանքը կը փաստէ, որ կռուազան մարդոց մեծամասնութիւնը ունեցած է ոչ փայլուն մանկութիւն մը՝ լեցուն վախով, որ զինք հասցուցած է այսօրուան վիճակին:
Այս բոլորը կու գան փաստելու, որ ծնողք դառնալը կարծուածին չափ այնքան ալ դիւրին բան մը չէ, որովհետեւ ծնողք ըլլալը նման է արուեստագէտ ըլլալու, որուն պարտաւորութիւնն է ստեղծել ապագայ սերունդն ու քաղաքացին՝ «ինչ որ ցանես այդ կը հնձես» սկզբունքով:
Մեր շուրջ կը տեսնենք, թէ այլազգիներ երիտասարդ տարիքին ամուսնանալով կ՚ունենան աւելի քան 7-8 զաւակներ. մեծաւ մասամբ նման ընտանիքներէն ծնունդ կ՚առնեն ոճարագործները, չարագործներն ու գողերը, որովհետեւ ծնողք դառնալը դիւրին բան մը չէ. աշխատանք ու հոգատարութիւն կ՚ակնկալէ:
•վերջ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱՐՏԱՇԷՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
(1931-2017)
Մեր թուականէն 91 տարիներ առաջ՝ 22 յունիս 1931-ին Սիւնիքի մարզի Սառնակունք գիւղին մէջ ծնած է քանդակագործ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ժողովրդական նկարիչ՝ Արտաշէս Յովսէփեան:
Յովսէփեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Սիսեանի միջնակարգ դպրոցէն ներս: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ աշխատած է որպէս բանուոր եւ ապա 1954 թուականին ընդունուած է «Փանոս Թերլեմեզեան» ուսումնարան, ուր երկու տարի ուսում ստանալէ ետք ղրկուած է Լենինկրատ՝ ուսումը շարունակելու Ռեպինի անուան գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան ու ճարտարապետութեան կաճառէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1961 թուականին:
Յովսէփեան ուսումը աւարտելէ ետք մասնակցած է Ալեքսանտր Թամանաեանի յուշարձանին համար կայացած մրցոյթին եւ արժանացած է առաջին եւ երկրորդ մրցանակներուն. այդ յուշարձանի բացումը կատարուած է 1974 թուականին եւ մինչեւ օրս կը զարդարէ Երեւանի գեղեցկագոյն այգիներէն մէկուն մուտքը:
Բացի Թամանեանի արձանէն, Յովսէփեան հեղինակ է աւելի քան յիսուն քանդակներու եւ յուշարձաններու, որոնք զետեղուած են Երեւանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ: Անոնցմէ յայտնի են իր ծննդավայր Սիսեանի մուտքին տեղադրուած մեծ արծիւը, «Օրբելի եղբայրներ» աշխատութիւնը, Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բարձրաքանդակները, Նիկողայոս Ադոնցի, Արմէն Տիգրանեանի, Բեկոր Աշոտի, Արթուր Մկրտչեանի, Եղիշէ Չարենցի եւ այլոց յուշարձաններն ու կիսանդրիները: Յովսէփեանին կը պատկանին նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ ճակատի բարձրաքանդակները:
Շնորհիւ իր վաստակին ու աշխատանքին, Յովսէփեան 1989 թուականին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արուեստի վաստակաւոր գործիչի, ինչպէս նաեւ 2006 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Ժողովրդական նկարիչ կոչումներուն:
Արուեստագէտը մահացած է 6 յուլիս 2017 թուականին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ