ԱՆԳԱՐԱ-ՌԻԱՏ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Սելմանը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս նախագահը պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց բարձրաստիճան հիւրը։ Անգարա-Ռիատ առանցքին վրայ նոր շրջանի մը սկիզբը կը բնորոշէ այս այցելութիւնը։ Էրտողանի եւ Սելմանի զրոյցը տեւեց շուրջ 1 ժամ 40 վայրկեան։ Հանդիպումէն վերջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ քննարկումները ծաւալուած են անկեղծ ու եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ։

Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին ուժանիւթի, տնտեսութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2022