ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐՈՒ ՓՈՒԼ
Նկատի ունենալով, որ նոր կանոնադրութիւնը մինչեւ տարեվերջ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութիւններու աւարտիլը անխուսափելի դարձուցած է՝ ԹՎՄ-ի երէկուան ժողովին ընթացքին համայնքային վարիչները էապէս կարեւորեցին ժամանակի արժեւորման գործօնը ու մատնանշեցին համապատասխան օրացոյց մը ձեւաւորելու, ժամանակացոյց մը մշակելու խնդիրը։ Սա մասնաւորապէս կը վերաբերի ընտրողներու ցուցակներու ձեւաւորման։ Պետրոս Շիրինօղլու յիշեցուց, որ վերջին պատրիարքական ընտրութեան ժամանակ շրջանառութեան մէջ մտած էին անհանգստացուցիչ լսումներ, ըստ որոնց համայնքէ դուրս անձեր ալ ներգրաւուած էին քուէարկութեան։ Ան յայտնեց, որ այսպիսի խնդիրները պէտք է բացառուին, ընտրողներու ցուցակները պէտք է կատարելագործուին, որպէսզի ամէն ինչ ըլլայ տեղը տեղին։ Պատկան մարմիններն ալ բանաւոր շփումներու ընթացքին արդէն զգուշացումներ ըրած են այս ուղղութեամբ։ Ատենապետը յայտնեց, որ սա համայնքի նկատմամբ մեծ պատասխանատուութիւն մըն է։ Իր կարգին, Թորոս Ալճանն ալ նշեց, որ այս ընտրութիւնները վերանորոգման ու թափանցիկացման շրջանի մը սկիզբը պէտք է բնորոշեն։ Ուստի, բոլորը իրենց արձանագրութիւնները պէտք է թարմացնեն՝ անձնագիրեր եւ մկրտութեան վկայականներ ներկայացնելով։
Ի լրումն այս բոլորին արտայայտուեցաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Սարվէն Սերթշիմշէք, որ վերջին շրջանին ընտրողներու ցուցակներու կատարելագործման ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք տարած է։
Այս բոլորէն վերջ համայնքային վարիչները խօսեցան ընտրողական մարմիններ կազմելու աշխատանքի մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Եթէ թեքնիք առումով արդիւնաւէտ աշխատանք ծաւալուի, ապա ամէն ինչ կարելի է ժամկէտներու մէջ տեղաւորել։ Հնարաւոր է գտնել եզրեր, որոնք թեքնոլոժիի օգտագործման եւ համայնքի նոր ժողովրդագրական պատկերի ցոլացման խաչմերուկին վրայ գործնական լուծումներ կրնան ապահովել։ Համայնքային վարիչները նշեցին, որ ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացը պիտի համընկնի տարեկան սիրոյ սեղաններու եւ զանազան տօներու ժամանակաշրջանին։
ԹՎՄ-ի յաջորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երկուշաբթի։