ԼԱՅՆԱԽԱՐԻՍԽ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ գումարեց կարեւոր ժողով մը, որու ընթացքին լայնախարիսխ արժեւորումի մը ենթարկուեցաւ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ շարք մը հեղինակաւոր իրաւաբաններ, որոնք համայնքային խնդիրներու վերաբերեալ ունին փորձառութիւն։ Երկարատեւ ժողովին սովորականէ աւելի լայն մասնակցութիւն բերուեցաւ։ Արդարեւ, մեր այն հաստատութիւնները, որոնք սովորաբար ԹՎՄ-ի նիստերուն մասնակցելէ ձեռնպահ կը մնան, այս անգամ տեղին որոշումով մը ներկայացուցիչ ուղարկած էին նիստին, որու նշանակութիւնը հասկնալիօրէն բացառիկ էր։ Դժբախտաբար, արտասովոր իրավիճակով հանդերձ, նորէն ալ կային քանի մը կառոյցներ, որոնց ներկայացուցիչները բացակայեցան երէկուան ժողովէն, որու օրակարգը իսկապէս հրատապ էր։

Համայնքի եւ թրքահայ հաստատութիւններու տեսակէտէ կարեւոր հաշուարկներու այս փուլին խորհրդակցութեան հրաւիրուած էին իրաւաբաններ Սարօ Պենկլեան, Էօմէր Քանթիք եւ Առէն Տատըրօղլու։

ԹՎՄ-ERVAB-ի երէկուան ժողովին ընթացքին, ըստ էութեան, համայնքային վարիչները ընտրական նոր կանոնադրութեան մէջ առանցքային երկու անպատեհութիւն նկատեցին։ Առաջինը այն է, որ կանոնադրութեան տրամադրութիւններով նոյն անձը կը կարողանայ նոյնաժամանակ մաս կազմել երեք տարբեր կառոյցի մատակարար մարմնին։ Թրքահայ շրջանակները յարմար չեն դատեր այս պարագան։ Հասկնալի է, որ այս կանոնադրութիւնը պատրաստուած է բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար եւ անոնց շարքին կան այնպիսի համայնքներ, որոնք շատ փոքրաթիւ են եւ սահմանափակ մարդուժը արգելք կը հանդիսանայ, որ իրենց բոլոր հաստատութիւններու պարագային ունենան բաւարար կամ ակնկալուած թիւով վարիչներ։ Ժողովականները նշեցին, որ թրքահայութիւնը, բնականաբար, պէտք չէ ուրիշ համայնքներու հաւասարակշռութիւնները խախտէ, կամ անոնց իրականութիւններէ բխած ստիպողութիւնները անտեսէ, սակայն, մեր համայնքին տեսակէտէ անպատեհ կէտերն ալ յստակօրէն պէտք է օրակարգի վրայ բերուին, որպէսզի պատկան իշխանութիւնները այդ բոլորը հաշուի առնեն։

Բաց աստի, ընտրաշրջաններու սահմաններու պարագային եւս տատամսումներ եւ վերապահութիւններ արտայայտեցին համայնքային վարիչները։ Հասկնալի է, որ շրջանային դրութիւն մը կը հաստատուի եւ համապատասխան տրամաբանութիւնով մը պէտք է դասաւորուին մեր հաստատութիւնները։ Բայց եւ այնպէս, Իսթանպուլի ընտրաշրջաններու սահմանումը կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած է՝ ըստ երեսփոխանական ընտրութիւններու պարագային որդեգրուած դրութեան։ Այստեղ մեծ խնդիր մը չ՚երեւիր առաջին ընտրաշրջանի պարագային, որ կ՚ընդգրկէ քաղաքի Ասիական ափն ու կղզիները։ Երկրորդ շրջանի պարագային կայ բացառութիւն մը։ Արդարեւ, Ոսկեղջիւրի երկու ափերը սահման նկատելով կը բնորոշուին երկրորդ եւ երրորդ ընտրաշրջանները, սակայն հին քաղաքը, որ պատմական պարիսպներու մէջ գտնուող հատուածն է, ածանցուած է երկրորդ ընտրաշրջանին, որ Ոսկեղջիւրի տարբեր ափին մաս կը կազմէ։ Բնականաբար, երեսփոխանական ընտրութիւններու պարագային այս հանգամանքը մեծ խնդիր մը չի յառաջացներ, սակայն համայնքային ընտրութիւններու պարագային կացութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Եթէ պատմական պարիսպներու մէջ մնացած հատուածը հաշուի առնուի, ապա, պարզ է, որ այդ շրջանին մէջ կը գտնուին հոծ թիւով համայնքային հաստատութիւններ։ Պարագան տարբեր չէ նաեւ երկրորդ ընտրաշրջանի պարագային։ Ուստի, հին քաղաքի հատուածը եթէ միացուի երկրորդ ընտրաշրջանին, ապա ահաւոր ծանրաբեռնուածութիւն մը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ, ինչ որ գործնական դժուարութիւններ կրնայ յառաջացել ընտրութեան կազմակերպման համար։ Մնաց որ, կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած սահմանումներով, երրորդ ընտրաշրջանին մէջ կը մնան միայն Պաքըրգիւղի եւ Եշիլգիւղի մեր եկեղեցիները եւ սա որոշ անհաւասարակշռութեան դուռ կրնայ բանալ։

Ուստի, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան նիստի ընթացքին յայտնեց, որ պիտի փորձէ այս երկու խնդիրները պատկան մարմիններու նկատառման յանձնել, որպէսզի աւելի կատարելագործուած, հանգիստ ու մեր համայնքի իրականութեան յարիր ձեւով ընտրութեան ձեռնարկել հնարաւոր դառնայ։ Շիրինօղլու յայտնեց, որ պէտք է միշտ նախընտրել երկխօսութեան ճանապարհը, համայնքային շրջանակները պէտք է դրական խօսոյթ մը որդեգրեն այս շրջանին, այլապէս այսքան սպասումէ վերջ ընտրութեան հեռանկարը վերստին կրնայ վտանգուիլ։

Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին մատնանշուեցաւ նաեւ, որ նորահաստատ շրջանային համակարգը մեր համայնքի պարագային գործնականօրէն գոյութիւն ունենալէ կը դադրեցնէ հինգ հաստատութիւններու հասկացութիւնը։ Այսինքն, բացառութիւն դասուած է միայն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը։ Ղալաթիոյ, Գարակէօզեան Տան, Գալֆաեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնները այս հանգամանքը կը համարեն իրաւունքի կորուստ։ Երէկուան ժողովի ընթացքին նշուեցաւ, որ կանոնադրութեան մշակման ժամանակ իրականութեան մէջ բոլոր համայնքները Իսթանպուլի ընդհանուրին մէջ ընտրութիւն կը պահանջէին, սակայն, թրքահայ իրականութեան առանձնայատկութիւնները հաշուի առնելով պատկան մարմինները այս շրջանային դրութիւնը հաստատած են ու միւս համայնքներն ալ յօժար գտնուած։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ պէտք է նրբանկատ ձեւ մը որդեգրել։ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան երէկ նշեց, որ իրաւական հարթութեան վրայ որեւէ նախաձեռնութիւն չեն ծրագրեր, որովհետեւ եթէ դատ մը բացուի, ապա ընտրութիւնը կրնայ վտանգուիլ։ Յամենայնդէպս, Ալճան դիտել տուաւ, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ուղղեալ գրութիւն մը պիտի պատրաստեն՝ մատնանշելով յառաջացած իրաւունքի կորուստը եւ ընդգծելով կացութիւնը սրբագրելու սպասումը։ Իր կարգին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ալ յայտնեց, որ բոլոր վերապահութիւնները պատշաճօրէն պէտք է արտայայտուին՝ առանց ընտրութեան հեռանկարը վտանգելու։

Իրաւաբան Էօմէր Քանթիքն ալ հարցումներու պատասխանելով յայտնեց, որ թէեւ այս կանոնադրութիւնը իրաւական թեքնիքի տեսակէտէ ունի որոշ թերութիւններ, սակայն արդէն ան կատարելագործման տեղ բացած է նաեւ ինքն իր բովանդակութեամբ։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը վիճելի կէտերու պարագային անհրաժեշտ միջամտութիւնները ընելիք ձեւով խմբագրած կամ շարադրած է կանոնադրութիւնը, ուստի, պատկան իշխանութիւններուն հետ երկխօսութեան մէջ մտնելով կարելի է ամէն տեսակ դրական վերաբերմունք, սրբագրութիւն ապահովել։ Ըստ իրեն, լաւ հիմնաւորուած սպասումներու պարագային կարելի է լաւատես ըլլալ։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2022