ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՍԸ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան հունձքի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Վարժարանը այս տարի 197-րդ անգամ շրջանաւարտ տուաւ։ Հրաժեշտի հանդէսին ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Գամառ եւ գործակից ընկերները, հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, կրթական մշակներ, Մխիթարեանի ընտանիքի յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Թալիա Քեշիշի եւ Սարվէն Սարիի։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց հՀայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։ Աւարտական դասարանի անունով արտայայտուեցաւ Ալէն Հրանդօղլու։ Տնօրէնուհի Եւա Օրագեան բարի երթ ու յաջող ապագայ մաղթեց ընթացաւարտներուն։ Միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեան եւս բարեմաղթանքներ յղեց տղոց։

Մինչ շրջանաւարտները ծափողջոյններու ներքեւ, հանդիսաւոր պայմաններով ստացան իրենց վկայականները, յաջողագոյններն ալ արժանացան առանձին պարգեւներու։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ հանդէսի մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2022