ՄԵՌԱԾ ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՆ -(Բ.)
Դ.- «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ».- Մեղաւոր այս ականջներս ինչե՜ր ըսես չլսեցին եւ ինչե՜ր ըսես չտեսան... զաւակին կողմէ «բոզ» ու «շուն» որակուող մայր, զաւակներուն կողմէ ծեծի ենթարկուած ծնողք, հարազատ աղջկան կամ տղուն կողմէ սպաննուած մայր կամ հայր եւ դեռ շա՜տ աւելին: Ամիսներ առաջ հայաստանեան մամուլը կը յայտնէր, թէ Կիւմրի ապրող երիտասարդ տղայ մը սաստիկ ծեծի ենթարկած է իր մայրը, ինչպէս նաեւ մկրատով մահացու հարուածներ հասցուցած՝ մօր եւ քրոջ դէմքին: Լրատութեան համաձայն, տուն գալով մահով սպառնացած է մօրը, փորձած է խեղդամահ ընել. այնուհետեւ մայրը գետին տապալելով սկսած է փայտով հարուածներ հասցնել մարմինին եւ դէմքին՝ մինչեւ որ հասած է քոյրը եւ փորձած ոստիկանութիւն կանչել. տղան մայրը ձգելով այս անգամ յարձակած է քրոջ վրայ...: Դժբախտաբար աշխարհը այնպիսի տեղ հասաւ, որ նման բաներ զարմանալով կամ սարսափելով չէ՛ որ կը գրենք, որովհետեւ գիտենք, թէ այդ բոլորը ամէ՛ն օր եւ գրեթէ ամէ՛ն տեղ կը կատարուին՝ ներառեալ «ընտանիքը սրբութիւն» է ըսող հայութեանս մէջ: Ակամայ առիթով մը ներկայ եղայ ծանօթի մը ընտանեկան «կռիւ»ին, ուր տան տղան մօրը կ՚ըսէր «իշալլա սատկիս, գերեզմանիդ մէջը ծուռ դառնաս», «հիւանդութիւնը ուտէ քեզի մաշիս ու մինչեւ կեանքիդ վերջ ուրախ օր չտեսնես». այս բոլորը գիտէ՞ք ինչու համար... այն համոզումին՝ որ մայրը պարտաւոր է ցմահ իրենց դրամ տալ՝ որովհետեւ իր մայրն է, այլապէս «չի բերէիր...»:
Այս օրէնքը ո՛չ թէ միայն Իսրայէլացիներուն կամ Քրիստոնեաներուս մօտ, այլ կարելի է գտնել գրեթէ աշխարհի բոլո՛ր կրօններուն մէջ... սակայն կամաց կամաց այս պատուիրանն ալ մահամերձ եղած է այսօր. գրեթէ՛ մեռած է...:
Ե.- «Մի՛ Սպաններ».- Այս պատուիրանին կեանքի մէջ ըլլալ-չըլլալը հետեւեալով փաստենք. 2017 թուականին Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը հրապարակեց «Յանցագործութեան ժամացոյց» անունով ուսումնասիրութիւն մը. կատարուած ուսումնասիրութիւնը կը յայտնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն ներս իւրքանաչիւր 20 վայրկեանը մէկ կը կատարուի սպանութիւն մը. նոյն աղբիւրը կը յայտնէ, թէ իւրաքանչիւր 4 վայրկեանը մէկ բռնաբարութիւն տեղի կ՚ունենայ: Ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, որ այդ թիւերը տարի առ տարի աճ կ՚արձանագրէ: Վստահ եղէք, երբ հիմա դուք այդ գրութիւնը կը կարդաք, աշխարհի վրայ տեղ մը մարդիկ զոհ, իսկ ուրիշներ ոճրագործ կը դառնան. հաւանաբար այս տողերը գրած ժամանակ նոյնիսկ աշխարհի վրայ աւելի քան 10-15 հոգի յաւիտենական կեանք փոխադրուեցան՝ մարդասպանի ձեռքով: Ամէն ժամանակէ աւելի, մարդ արարած այսօր պատրաստ է դառնալ ոճրագործ՝ նոյնիսկ ամենէն պարզ հարցի մը համար, յանձն առնելով մինչեւ իսկ սպաննել իր հարազատ մայրը, քոյրը, եղբայրը, կինն ու զաւակը: Նման սպանութեանց համար ամերիկացիք մինչեւ իսկ գործառութեան մէջ դրած են «Familicide» բառը, որ յատուկ ընտանեկան սպանութիւն կը նկարագրէ:
Զ.- «Մի՛ շնար».- Ինչքա՜ն ծիծաղելի պիտի ըլլար նման պատուիրանի մը դիմաց գրել... որ այս մէկը արդէն իսկ վերացած է աշխարհի երեսէն եւ նման պատուիրան մը ներկայ դարուս ապրող մարդկութեան համար ի զօրու չէ...: Վստահաբար նման պատուիրանի մը դիմաց պիտի գտնուին մարդիկ, որ քննարկութեան դնեն Աստուծոյ հին-գլուխութիւնը. 21-րդ դար ենք արդէն. ո՞ւր լսուած է երիտասարդ աղջիկ մը շարունակէ մնալ կոյս. դարեր առաջ գրուած պատուիրան մը աւելի լաւը չէր կրնար ըլլալ...: Մարդկութեան ներկայ վիճակը կը փաստէ, որ այսօր մարդ շա՛տ աւելի կը շնայ՝ քան շունը ինք եւ հաւանաբար եթէ շուները լեզու ունենային առաջարկէին սեռային յարաբերութիւն անունը դնել մարդանալ՝ փոխան շնալուն: Կը պատկերացնեմ հոգեւորականներ փորձեն մարդոց համոզել, որ ո՛չ թէ շնալը, այլ Քրիստոսի կողմէ նոյնիսկ մտածելը, մինչեւ իսկ նայիլը ինքնին մեղք մըն է. ներկայ դարու ապրող մարդը արդարօրէն կրնայ հարց տալ, թէ «կո՞յր ըլլանք...», որովհետեւ այդ մեղքերէն հեռու մնալու միակ ու լաւագոյն միջոցը այս օրերուն կարծես կուրութիւնն է, որովհետեւ 21-րդ դարու իգական սեռի պատկանող ներկայացուցիչներէն շա՜տ շատեր ամէ՛ն ջանք ի գործ կը դնեն՝ «սուրբ» տղամարդոց առաջնորդելու այդ մեղքին մէջ: Այնպէս ինչպէս գողը կամ ոճրագործը իր արարքը արդարացնելու համար պատճառաբանութիւններ կը փնտռէ, այսօրուան մարդը եւս այդ պատուիրանին եւ մեղքին դիմաց պատճառաբանութիւն գտած է մարդկային բնութիւնը՝ որուն համար մեղաւոր կը ճանչնայ զԱստուած, որովհետեւ Աստուած ի՛նք տուած է մարդուն կեանք եւ բնութիւն եւ մարդ իր «կամքէն անկախ» է, որ նման պէտք ու կարիք կը զգայ: Վերջապէս Աստուած իր նմանութեամբ ստեղծեց մարդը...:
Երբեւէ առիթը ունեցա՞ծ էք շնութեամբ զբաղուող մարմնավաճառներու հարց տալ իրենց «արհեստ»ին մասին... առեղծուած է պարզապէս. անոնք գոհ եւ ուրախ չե՛ն իրենց կատարածին համար, սակայն երբեւէ հեռանալու կամ լքելու մտադրութեան ալ չունին. չուզելով հանդերձ ուզելու երեւոյթ մը ունին պարզապէս:
Վերոյիշեալ երեք պատուիրանները եթէ իրականութիւն դառնային՝ եթէ ամէն մարդ յարգանք ունենար իր մօրն ու հօրը՝ իր մեծաւորին հանդէպ, եթէ մարդասպանութիւններ ու աւազակութիւններ չըլլային, ամէ՛ն մարդ ապրէր իր պատիւով՝ այսօր դրախտը ո՛չ թէ երկինքի՝ այլ երկիր մոլորակը ինքնին դրախտը կ՚ըլլար:
•շարունակելի
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՆԱԻՐՈՒՀԻ ԱԼԱՎԵՐՏԵԱՆ
(1941-2021)
Մեր թուականէն 81 տարիներ առաջ՝ 25 յունիս 1941-ին Ստեփանակերտի մէջ ծնած է երգչուհի, պարուհի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վաստակաւոր արուեստագիտուհի Նաիրուհի Ալավերտեան:
Ալավերտեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայր Ստեփանակերտի մէջ. դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք երաժշտական կրթութիւն ստացած է Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական ուսումնարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1968 թուականին: Ապա ընդունուած է Մանկավարժական կաճառի բանասիրական բաժին, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1980 թուականին: Ալավերտեան 1958-էն մինչեւ 1978 թուականը եղած է Ղարաբաղ երգի եւ պարի պետական համոյթի մեներգչուհի եւ պարուհի: Ապա ելոյթ ունեցած է «Ղարաբաղ» համոյթին հետ, որոնց հետ միասին ելոյթներ ունեցած է Արցախի, Հայաստանի, Յունաստանի, Պուլկարիոյ եւ Պարսկաստանի մէջ: Ալավերտեանի արուեստը գնահատուած է ժամանակակիցներու կողմէ. շնորհիւ իր վաստակին, արուեստագիտուհին արժանացած է Ատրպէյճանի Ժողովրդական արուեստագէտի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ժողովրդական արուեստագէտի կոչումներուն. 2016 թուականին ստացած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վաստակաւոր արուեստագէտի կոչումը: Արուեստագիտուհին արժանացած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց», ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան ոսկի շքանշաններուն:
Ալավերտեան մահացած է 10 նոյեմբեր 2021 թուականին, ծննդավայր Ստեփանակերտի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ