ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ ԵՒ ԵՌՈՒԶԵՌ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը արդէն վերաբացած է իր դռները։ Համավարակի շրջանի երկու տարուայ ստիպողական ընդհատումէ վերջ, երէկուան դրութեամբ Կազդուրման կայանի հիւրընկալ երդիքին տակ վերստին գործնականօրէն համախմբուեցան մեր համայնքի զաւակները։ Թրքահայութեան համեստ խաւերէ ընտանիքներու տղոց մէկտեղումը տօնական մթնոլորտ ստեղծեց Գնալըի բարձունքին, ուր վերստին կենսունակութիւն կը տիրէ արձակուրդի տրամադրութիւններով եւ պատանիներու զիրար վերագտնելու եռուզեռով։

Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլուի գլխաւորած անձնակազմը երէկ ամբողջ օր մը անցուցին կայանի տղոց հետ։ Առաջին օրուան ապրումները լի ու լի էին։ Արձանագրուած տղաքը Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ աղօթեցին միասնաբար, մոմ վառեցին՝ փոքրիկներու ներաշխարհին յարիր մաղթանքները իրենց սրտին մէջ։ «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրը օրուան տեւողութեան եղաւ իրենց նախընտրելի վայրը՝ մինչ ճաշի եւ ընթրիքի պահերուն համախմբուեցան սեղանատան մէջ։

Պատասխանատուները տեղեկացուցին, որ այս պահու դրութեամբ Կազդուրման կայանը կը հիւրընկալէ առաւելագոյն տարողութեան թիւով մանուկներ եւ պատանիներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2022