ՄԱՀԱՑՈՂ ԵՐԵԽԱՆԵՐ

Մենք չենք գիտեր, թէ որու կը պատկանի աշխարհի ամենաերկար երաժշտական ստեղծագործութիւնը։ Բայց գիտենք բան մը, որ մեր զգացումները կը «դրդեն» այդ երաժշտութեան առաջին իսկ ձայնանիշերը։ Մենք գիտենք, թէ երբ կը սկսի այդ երաժշտութիւնը, բայց չենք գիտեր, թէ երբ կ՚աւարտի։ Երբ այդ ձայնանիշերը փոխարինենք երեխաներով եւ իւրաքանչիւր ձայնանիշ նշանակէ մահ, ապա այդ երաժշտութիւնը աւելի իմաստալից կը հնչէ։ Մենք կ՚ուզենք, որ այդ երգը անմիջապէս աւարտի, բայց, ցաւօք, այս երգը չ՚աւարտիր։ Երեխաները կը շարունակեն մահանալ…

Այս աշխարհի վրայ, այս աշխարհագրութեան մէջ ծաղիկ մը նոյնիսկ չթողեցին, որ բուսնի, աճի։ Աշխարհ անապա՞տ է։ Ջո՞ւրը չորցած է։ Այս երկու հարցումներուն պատասխանն է «ո՛չ»։ Բայց մտքերը ամայացած են. մահը, սպանութիւնը, ճնշումը եկած են մինչեւ «անկողնի վերեւ»։

Իւրաքանչիւր ղեկավար, որ ստանձնած է երկրի մը ղեկը, մոռնալով իր մանկութեան մասին ու թաքնուելով պետութեան ետին՝ սպաննած է այդ երկրի զաւակները։ Իսկ ի՞նչ էր պետութեան մը կազմութեան բուն նպատակը։ Ժողովուրդը պաշտպանող, հսկող «պետութիւնը» հիմա սկսած է յարձակիլ իր ժողովուրդին վրայ։ Կ՚ոչնչացնէ այն, ինչ որ իրեն չի պատկանիր։ Արդեօք ուրկէ՞ ծագած է այս մտածելակերպը…

Այս մտածելակերպը աշխարհի վրայ տիրած է աւելի քան հազար տարիէ ի վեր։ Բազմաթիւ սուլթաններ, թագաւորներ, իշխաններ, նախագահներ եկան ու գացին։ Անոնք կոտորեցին, ոչնչացուցին, ջարդեցին այն մարդիկ, որոնք իրենց լծակիցներ չէին։ Անոնք, որոնք կը խօսէին մէկ մեթրնոց դագաղի մասին, հազարաւոր կեանքեր սղմեցուցին այդ դագաղներու մէջ եւ թաղեցին զանոնք։ «Նիւթականը կը մնայ այս աշխարհին վրայ» բացագանչողներ պալատներ, կայսրութիւններ հիմնեցին։ Անոնք, որոնք կը գովաբանէին երիտասարդութիւնը, հազարաւոր երիտասարդներու արիւնը թափեցին։ Երեխաներուն նուէրներ տուողները զանոնք բանտարկեցին նեղ սենեակներու մէջ, խեղճ երեխաները չարչարեցին… աքսորեցին…

Իւրաքանչիւր արիւնալի յարձակման ժամանակ հեռատեսիլի վրայ յաճախ կը տեսնենք երեխաներու անհանգիստ, մտահոգ աչքերը։ Անմեղ, կատարուածներէն անտեղեակ երեխաները կը վճարեն ամենասուղ գինը։ Անոնք պատերազմի հետեւանքով կ՚ապրին ամենածանր հոգեցնցումները։ 

Ամբողջ աշխարհի վրայ երեխաները ունին մշտական վախէ, վատ, դաժան ու կարճատեւ կեանքէ պաշտպանուելու իրաւունքը։ Այս իրաւունքներու  նպատակն է իւրաքանչիւր երեխայի համար ստեղծել պաշտպանիչ շրջանակ, որ կը նպաստէ անոնց հոգեբանական, ֆիզիքական եւ մտաւորական զարգացումին։ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Երեխայի իրաւունքներու հռչակագրին մէջ յստակ նշուած է, որ «Երեխայի անհատականութիւնը կրնայ կատարելապէս զարգանալ ընտանեկան միջավայրի մէջ՝ երջանկութեան, սիրոյ եւ փոխըմբռնման մթնոլորտի ներքեւ»։ Ոչ մէկ տեղ նշուած է, թէ պատերազմը կրնայ խանգարել այս գործընթացը։

Թէեւ բոլորս գիտենք, թէ պատերազմը վատ է երեխաներու համար, սակայն, ցաւօք սրտի, մարտը ամէնուր է։ Բազմաթիւ պատերազմներու վատ հետեւանքները, դժբախտաբար, կ՚ազդեն նաեւ երեխաներու վրայ։ Չսպիացող վէրք մըն է պատերազմը անոնց համար, որոնք գիտակցութիւնը ունին, կը կռահեն անոր վատ ու սարսափազդու հետեւանքները, սակայն ոչինչ կրնան ընել։ 

Վերջին քսան տարիներու ընթացքին բաւական տեղեկութիւն հաւաքուած է երեխաներու վրայ պատերազմի ֆիզիքական կամ հոգեբանական ազդեցութիւններու մասին։ Բայց եւ այնպէս, այժմ ժամանակը եկած է ո՛չ թէ «հիւանդութեան» ընթացքը նկարագրելու, այլ հիւանդութեան կանխարգելիչ ծրագրերը արդիւնաւէտօրէն գործարկելու։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2022