ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Ս. Խաչ դպրեվանքի շրջանաւարտից հանդէսը երէկ իրիկուն կայացաւ վարժարանի պարտէզին մէջ։ Խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր Սկիւտարի բարձունքին. հանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Դպրեվանքի առասպելանուն նախկին տնօրէն Հայկ Նշան, հին ու նոր դպրեվանքցիներ, որոնք փութացած էին ջերմօրէն ողջունելու վարժարանի նոր հունձքը։
Շրջանաւարտներուն ուրախակից եղան Դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Տոց. Թորոս Ալճան ու իր լծակից ընկերները, հիմնադրի ներկայացուցիչ Վարուժան Պուլկան, տնօրէն Արմէն Սարուխանեան եւ յարակից մարմիններէ ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Հանդիսավարներն էին Տանիելա Պաքըրճըօղլու եւ Արսէն Տէմիրօղլու։ Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Հայրը Սուրբը, Արմէն Սարուխանեան, Թորոս Ալճան, Թորոս Աբիկ, Հայկ Նշան եւ յանուն շրջանաւարտներու ալ՝ Լեթիսիա Ազաք եւ Անոյշ Տէմիրճի։ Վարժարանի այս տարուան առաջինը հանդիսացած էր Կիզէմ Քազ, որ ստացաւ նաեւ «Սարայլը» մրցանակը։ Երկրորդ եւ երրորդ դարձած էին Առէն Գօշ եւ Հիլտա Թաշեան, որոնք նոյնպէս, այլ աշակերտներու կարգին, պարգեւատրուեցան։
Յուզիչ էր կարկանդակի պահը, որու շուրջ բոլորուած աշակերտները մինչեւ ուշ երեկոյ զուարճացան։