ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը տեղի ունեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Տղոց ուրախութեան խնդակցելու փութացած էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, տեղւոյն թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Եսայի Տէմիրի, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Տքթ. Արէտ Քարապուլութ, տնօրէնուհի Թալին Մաթոսօղլու, նախակրթութեան բաժնի տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ, ուսուցչաց կազմը, յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները, ծնողներ եւ հրաւիրեալներ։ Օրուան հանդիսավարն էր Սիրուն Էօզչելիք։ Այս առթիւ իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին Սրբազան Հայրը, Թալին Մաթոսօղլու, Արէտ Քարապուլութ, շրջանաւարտներէն Քրիստին Պահշիշօղլու, Քնար Շահրիկօղլու եւ Սարէն Թոմաքեան, աւարտական դասարանի ծնողներու անունով՝ Մայտա Եոնթան։ Վարժարանի առաջինը հանդիսացած էր Սարէն Թոմաքեան, որ ստացաւ նաեւ «Սարայլը» մրցանակը, երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացած էին Քրիստին Պահշիշօղլու եւ Գամէր Ներկիզ ու Լազարին Տօնիկ։ Այս եւ միւս աշակերտները իրենց պարգեւներն ու նուէրները ստացան հիւրերու եւ վարժարանի վարիչներու ձեռամբ։ Ապա Սարէն Թոմաքեան կոճղին վրայ ամրացուց Սահակեանի համար աւանդական դարձած իր անունը։ Հուսկ բեմ առաւ աւարտական դասարանի երգչախումբը, որ երգեց վարժարանին քայլերգը՝ Անիթա Քուրտօղլուի մականին ներքեւ։ Յաւարտ հանդիսութեան սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։