ԽՆԴՐԱԳԻՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ

Թրքա­հա­յու­թեան օ­րա­կար­գը զբա­ղեց­նող գլխա­ւոր հար­ցը վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րէ ի վեր կայ ու կը մնայ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը։ Թուր­քիոյ Հա­յոց Մես­րոպ Բ. Պատ­րիար­քին են­թար­կուած ան­բու­ժե­լի հի­ւան­դու­թեան հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծուած դժուա­րին կա­ցու­թիւ­նը գրե­թէ ա­նե­լի մը մատ­նուած է 2010-էն ի վեր, երբ ա­թո­ռա­կից պատ­րիար­քի ու գա­հա­կալ պատ­րիար­քի եր­կու դի­մում­նագ­րեր յղուած էին պե­տա­կան պատ­կան մար­մին­նե­րուն, եր­կու տար­բեր հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րու՝ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վին եւ Ընտ­րո­ղա­կան նա­խա­ձեռ­նարկ մարմ­նին կող­մէ։ Հա­կա­սա­կան այս եր­կու դի­մում­նագ­րե­րու առ­կա­յու­թեան պատ­կան մար­մին­նե­րը ա­ռա­ջար­կած էին այ­լընտ­րան­քա­յին այլ ճա­նա­պարհ մը՝ ընտ­րել տա­լով պատ­րիար­քա­կան փո­խա­նորդ մը, որ ցարդ կը ղե­կա­վա­րէ թրքա­հա­յու­թիւ­նը։ Ան­կաս­կած նման կար­գա­վի­ճա­կով ղե­կա­վա­րում մը ինչ­քան որ ալ առ­ժա­մեայ ե­րե­ւի, բո­լո­րո­վին խա­ղաղ ու հան­գիստ մթնո­լորտ մը չի թե­լադ­րեր հա­մայն­քին՝ վեր­ջինս մշտա­պէս թող­լով վերջ­նա­կան լու­ծում մը գտնե­լու հար­կադ­րան­քին, հե­տե­ւա­բար լա­րու­մին մէջ։

Պատ­րիար­քա­կան առ­կախ այս դրու­թեան վերջ­նա­կան լու­ծում մը տա­լու նպա­տա­կով Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, ժա­մը 15.30-ին, ու­ղեկ­ցու­թեամբ գա­ւա­զա­նա­կիր Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեա­նի, այ­ցե­լեց Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիպ Շա­հի­նին եւ պաշ­տօ­նա­պէս ներ­կա­յա­ցուց պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­լու խնդրա­գի­րը։

Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ եւս նշուած է, որ 2010-ին ա­թո­ռա­կից պատ­րիար­քի ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­լու հա­մար ներ­կա­յա­ցուած էր դի­մում մը եւ յա­ռա­ջա­ցած զար­գա­ցում­նե­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք կա­տա­րուած՝ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի ընտ­րու­թիւն։

Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն հա­մայն­քի ղե­կա­վար մար­մին­նե­րը վճռա­կան քայ­լի մը ակն­կա­լու­թիւ­նը ու­նէին, նման նա­խա­ձեռ­նու­թեան ո­գի մը կը թե­լադ­րէին հո­գե­ւոր վե­րին իշ­խա­նու­թեան։ Ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ա­պա նաեւ կա­ռա­վա­րու­թիւն կազ­մե­լու գոր­ծըն­թաց­նե­րը սա­կայն իբր պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն յա­ռաջ բե­րուե­լով ա­նընդ­հատ կը ձգձգուէր դի­մում­նագ­րի ներ­կա­յա­ցու­մը։ Պատ­րիար­քա­րա­նէ հա­սած հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը կը նշէ, թէ Սրբա­զան Հայ­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն փա­փա­քը, այս դի­մու­մով խնդրած է պար­տին ու պատ­շա­ճին տնօ­րի­նու­մը մեր ա­ւան­դա­կան ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեանց եւ կա­նոն­նե­րու հա­մա­ձայն պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լու հա­մար։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015