ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐ, ՄՏԵՐՄԻԿ ՅՈՒՇԵՐ
1945 թուականին Գէորգ Զ․ Չէօրեքճեանի յամառ ջանքերով կը վերաբացուի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը (որ առժամանակ փակուած էր 1917 թուականի վերջաւորութեան՝ քաղաքական ու ռազմական անբարենպաստ պայմաններու հետեւանքով) եւ 1951 թուականին կու տայ առաջին ինն շրջանաւարտները։ Անոնց մէջ էր նաեւ Սարգիս Սարգսեանը՝ ապագայ Տ. Եղիշէ Աւ. Քհնյ. Սարգսեանը, որ ծնած է 1929 թուականին Վաղարշապատ եւ մինչեւ իր կեանքին վերջը՝ 2020 թուականը, ծառայած է Հայ Եկեղեցւոյ։ Եղիշէ Քահանան 1954-1962 թուականներուն եղած է Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի գաւազանակիրը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնակատար, ապա՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանի վարիչ, աշխատած է նաեւ Մատենադարանի եւ այլ մշակութային ու հոգեւոր կառոյցներու մէջ։
1958-1960 թուականներուն եղած է նախ Ատրպէյճանի հայոց թեմի առաջնորդ, յետոյ՝ Շիրակի, Վրաստանի, իսկ ժամանակաւորապէս՝ վեց ամիսով կատարած է նաեւ Մոսկուայի հոգեւոր հովիւի պարտականութիւնները եւ բազում այլ ծառայութիւններ մատուցած է հոգեւոր ոլորտին մէջ։
2000-2006 թուականներուն Տ. Եղիշէ Աւ. Քհնյ. Սարգսեան պաշտօնավարած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ, իբրեւ տեսուչ։
«Էջմիածին» ամսագրին մէջ Տ. Եղիշէ Աւ. Քհնյ. Սարգսեան յաճախ հրատարակած է յօդուածներ, գրախօսութիւններ, յուշեր, որոնցմէ մին՝ «Յուշեր Գէորգ Զ․ Չէօրեքճեան Հայրապետին մասին», գրաւեց մեր ուշադրութիւնը, եւ արեւմտահայերէնի վերածելով, կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն, ի յիշատակ չորս կաթողիկոս տեսած վաղարշապատցի հոգելոյս քահանային, որ եօթանասուն տարի ծառայեց իր ժողովուրդին եւ երկու տարի առաջ կեանքէն հեռացաւ՝ ստացած հայոց հայրապետներուն օրհնութիւնը եւ իր ժողովուրդին անսահման սէրը։
ՅՈՒՇԵՐ ԳԷՈՐԳ Զ. ՉԷՕՐԵՔՃԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄԱՍԻՆ
Տ. ԵՂԻՇԷ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Գէորգ Զ. Հայրապետը Հայոց բազմադարեայ Եկեղեցւոյ լուսաւոր դէմքերէն մէկն է: Ստալինեան բռնապետութեան տարիներուն ստանձնելով Հայոց Եկեղեցւոյ ղեկը, նախ որպէս ազգընտիր տեղապահ, ապա իբրեւ կաթողիկոս՝ իր ամբողջ եռանդը եւ կարողութիւնը ի սպաս դրաւ մեր սուրբ Եկեղեցւոյ պահպանման եւ բարգաւաճման գործին: Գէորգ Զ. Հայրապետը, պետական այրերու քարացած մտածողութեան հակադրելով իր նուրբ դիւանագիտութիւնը, կարողացաւ մեղմել համայնավարական հակաազգային եւ հակաեկեղեցական քաղաքական գիծը: Իմ սրտի պարտքը կը նկատեմ թուղթին յանձնել երջանկայիշատակ Հայրապետին մասին իմ այս քանի մը յուշը։
2009 թուական, «Էջմիածին» հանդէս:
***
1945-ի նոյեմբերի 1-ն էր. շատերուն համար սովորական օր մը, բայց կարեւոր օր մը Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Այդ օրը 28 տարուան դադարէ ետք, վերաբացուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանը:
Նորաբաց ճեմարան ընդունուելու համար դիմած էր 54 հոգի, որոնցմէ քննութիւններու արդիւնքով ընտրուած էր 35-ը: Այդ 35 երջանիկներէն էի նաեւ ես: Մենք հաւաքուած էինք Մայր Աթոռի նախկին մատենադարանի շէնքին առջեւ ու սրտատրոփ կը սպասէինք բացման պաշտօնական արարողութեան: Բոլորիս մօտ նկատելի էր լարում, թաքնուած ուրախութիւն եւ, հարկաւ, մտահոգութիւն՝ պայմանաւորուած տակաւին անծանօթ միջավայր մուտք գործելու հանգամանքով:
Նոր ընդունուածներս զբաղած էինք խօսակցութիւններով, երբ միջին տարիքի մարդ մը մօտեցաւ մեզի եւ կարգով մեզ առաջնորդեց նախկին մատենադարանի երկրորդ յարկի գեղեցիկ եւ ընդարձակ սենեակներէն մէկը: Քիչ անց գիտցանք, որ այդ անձը նախկին ճեմարանցի՝ մասնագիտութեամբ իրաւաբան Արտաշէս Դիլոյեանն էր, որ հրաւիրուած էր ճեմարան՝ դասախօսի եւ վերակացուի պաշտօնով: Մտնելով շէնք՝ տեղաւորուեցանք մեզի առաջարկուած ուսանողական սեղաններուն առջեւ, լարուած կը սպասէինք յետագայ իրադարձութիւններուն:
Շուտով ազդարարեցին Վեհափառ Հայրապետին գալուստը: Գէորգ Զ. Հայրապետը ներս մտաւ մի քանի բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ Աւետիք Իսահակեանի, ակադեմիկոս Ստեփանոս Մալխասեանցի, Դերենիկ Դեմիրճեանի, բանասէր-ազգագրագէտ Երուանդ Շահազիզի ուղեկցութեամբ: Վեհափառ Հայրապետը իր խորաթափանց աչքերով վերէն վար զննեց ուսանողներս եւ հայեացքը չհեռացնելով մեզմէ՝ սկսաւ «Հայր մեր»ը:
Խորախորհուրդ լռութեան մէջ հատիկ-հատիկ լսելի էր Տէրունական աղօթքի իւրաքանչիւր բառ. «... եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն...», այնուհետեւ «Զգործս ձեռաց մերոց...»ը ըսելէ ետք Վեհափառը սկսաւ ճեմարանի շէնքն ու առաջին ուսանողները օրհնելու արարողութեան: Անոր իմաստուն աչքերէն ուրախութեան արտասուք կը հոսէր․ «Օրհնեսցի եւ սրբեսցի նորաբաց Հոգեւոր ճեմարանս եւ ուսանողութիւնս», յուզուած եւ քիչ մը քաշուած ձայնով կ՚երգէր Վեհափառը:
Օրհնութեան արարողութեան աւարտէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգեւոր ճեմարանի վերատեսուչ Մ. Մինասեանը: Խօսեցան նաեւ Ներսէս Եպսկ. Աբրահամեան եւ Ռուբէն Եպսկ. Դրամբեան, որոնցմէ ետք Վեհափառ Հայրապետը նստած սկսաւ խօսիլ, բայց քիչ ետք ոգեւորուեցաւ ու ոտքի ելաւ: Ի հարկէ, ինծի համար դժուար է տարիներու խորքէն բառացի վերականգնել 77-ամեայ ծերունազարդ իմաստուն Հայրապետին խօսքը: Կրնամ ըսել միայն, որ ան կը խօսէր մեղմ, իմաստալից, հատիկ-հատիկ:
Այդ կարկառուն անհատականութեան խօսքէն ներկաները յուզուած էին, եւ երբեմն մէկը կամ միւսը թաշկինակով կը սրբէր աչքերը: Պէտք էր տեսնել սքանչելի, այդ չկրկնուող տեսարանը:
Երեւակայեցէք, մենք կը գտնուէինք հայոց մեծերէն մի քանիին առջեւ, որոնք կը փորձէին իրենց դիմաց կեցած սաներուն մէջ տեսնել գալիքի հայ եկեղեցականները: Կրնամ ենթադրել, որ անոնք կը մտածէին, թէ արդէն իրականութիւն է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի բացումը, որ պէտք է դառնար դարբնոցը իրենց առջեւ կանգնած ամօթխած, աշխարհի չարն ու բարին դեռ չճանչցող պատանիներուս: Կը թուէր, թէ այս մտածումը շատերուս մօտ կար. «Պիտի կարենա՞նք արդեօք տարիներու ընթացքին դաստիարակուելով ագգային-եկեղեցական գաղափարներով՝ դառնալ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ «մշակները առանց ամօթոյ»:
Ամիսներ յետոյ, երբ սկսանք հասկնալ ու ճանչնալ մեր շրջապատը, հպարտ էինք, որ ժամանակակիցներն ենք Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ի. դարու մեծ անհատականութեան՝ Գէորգ Զ. Հայրապետին, որ իրաւամբ մեր Եկեղեցւոյ երկնակամարի ամենալուսաւոր աստղերէն էր:
Հպարտ եմ, որ իմ ճեմարանական սերունդս ինը տարի ապրեցաւ, սորվեցաւ եւ աշխատեցաւ Գէորգ Զ. Հայրապետի հովանիին ներքոյ, նախ որպէս ուսանողներ, ապա՝ սարկաւագներ: Այդ մեծ անհատականութիւնը իր բազմազբաղ առօրեայէն ժամանակ կը գտնէր՝ մեզմով գբաղելու, որ երախայրիքն էինք հոգեւոր ճեմարանի:
Ան մեզի սորվեցուց բարութիւն, ազնուութիւն, եկեղեցասիրութիւն եւ անսահման հայրենասիրութիւն, ինչպէս նաեւ իր սկզբունքներէն՝ «երբեք չհեռանալ ճշմարիտ եւ արդար նպատակներէն»:
***
1952 թուականն էր. Սուրբ Գէորգ զօրավարի տօնի նախօրէն: Այդ տօնին էր նաեւ Գէորգ Վեհափառին անուանակոչութիւնը: Մայր Աթոռին մէջ հաւաքուած էին բազում հաւատացեալներ, որոնք եկած էին Հայաստանի զանազան վայրերէ:
Այդ օր Վեհափառը մեզի՝ ութ սարկաւագներս կանչեց իր մօտ եւ մանրամասնօրէն խօսեցաւ տօնի խորհուրդին եւ ընդհանրապէս ուխտագնացութեան երեւոյթին մասին, բացատրեց անոնց նշանակութիւնը հաւատացեալի հոգեւոր կեանքին մէջ:
Գէորգ Հայրապետը հրամայեց մեզ այդ գիշեր արթուն մնալ եւ աչալրջօրէն վերահսկել ուխտաւորներուն բազմութիւնը, որպէսզի վէճեր եւ այլ անախորժութիւններ չպատահին: Վեհափառին հետ էր նաեւ Աւետիք Իսահակեանը, որ, ի դէպ, ամէն տարի Սուրբ Գէորգ զօրավարի տօնին գիշերը կ՚անցընէր Մայր Աթոռի մէջ։
Վեհափառը սարկաւագները ազատ արձակեց, բայց զիս պահեց: Ան պատուիրեց, որ այդ երեկոյ ուղեկցիմ Վարպետին՝ Աւետիք Իսահակեանին։ Ես վեհարանէն վերցուցի աթոռ մը, որպէսզի կանգառներու ժամանակ Վարպետը նստի, եւ երկուքս դուրս ելանք: Ժողովուրդը ուրախութեան մէջ էր, ամէնուր կը տիրէր երգ ու պար: Ուխտաւորները տեսնելով Վարպետը՝ Աւետիք Իսահակեանը, աւելի կ՚ոգեւորուէին: Ահա այդպէս շրջելով ուխտաւորներու խումբին մէջ՝ չնկատեցինք, թէ ինչպէս ժամանակը անցաւ: Ես նայեցայ ժամացոյցիս եւ տեսայ, որ 12-ը անց է արդէն: Վարպետը յոգնած էր եւ առաջարկեց վերադառնալ վեհարան: Այդպէս ալ ըրինք։ Դէպի վեհարան շարժելով զգացինք, որ ժողովուրդին ոգեւորութիւնը աստիճանաբար պակսեցաւ։
Երբ հասանք, իմ սարկաւագ եղբայրները հոն էին: Վեհափառը զարմացած հարցուց, թէ ինչո՛ւ ընդհատուեցաւ ժողովուրդին երգն ու պարը: Պարզուեցաւ, որ սարկաւագները իրենք առաջարկած էին դադրեցնել, որպէսզի Վեհափառը կարենայ հանգստանալ:
Հայրապետը նայեցաւ Վարպետին եւ ըսաւ.
-Վարպե՛տ, ասոնց նայէ՛, հազարամեայ մեր ժողովուրդին այս ուրախ ուխտագնացութիւնը իմ սարկաւագներս կը փորձեն սահմանափակել, որպէսզի Վեհափառը հանգիստ քնանայ։
Այնուհետեւ Գէորգ Հայրապետը անգամ մը եւս անդրադարձաւ ուխտագնացութեան խորհուրդին եւ ձայնը բարձրացնելով ըսաւ․
-Պա՜հ, գիշեր մըն ալ թող Վեհափառը չքնանայ։
***
1945-1946 ուսումնական տարուան հոկտեմբեր ամիսն էր, Ս. Թարգմանչաց տօնի նախօրէն: Մեզի՝ ուսանողներուս արդէն տեղեակ պահած էին, որ պէտք է ուխտագնացութիւն կատարենք դէպի Օշական՝ Ս. Մեսրոպի գերեզման:
Յաջորդ օրը առտու կանուխ բոլոր ուսանողներս անհրաժեշտ իրերը ինքնաշարժին մէջ տեղափոխելէ ետք կազմ ու պատրաստ հաւաքուած էինք ինքնաշարժին քով, որպէսզի նստինք, սակայն մեզի ըսին, որ ուխտագնացութեան ոչ թէ ինքնաշարժով պիտի երթանք, այլ ոտքով: Ուսանողներուս մէջ ընդվզման ալիք մը բարձրացաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այդ ահագին ճամբան ոտքով երթալ: Մեր դժգոհութեան մասին տեղեակ պահեցին Գէորգ Հայրապետին:
Վեհափառը մեզի մօտեցաւ եւ փոքրիկ նախաբանէ ետք ըսաւ, որ իրեն տեղեակ պահած են, որ ուսանողները չեն ուզեր ոտքով երթալ: Վեհափառը իր խօսքին մէջ շեշտեց Ս. Մեսրոպին, Ս. Սահակին եւ մեր միւս թարգմանիչ վարդապետներուն մեծ դերը մեր ազգային դիմագիծը պահպանելու գործին մէջ։ Ան, անդրադառնալով մեզի, նշեց, որ հինէն ի վեր հայ իրականութեան մէջ ուխտագնացութիւնները կատարուած են միայն ոտքով, եւ իրենց ուսանողութեան տարիներուն ալ աւանդութիւն եղած է միայն ոտքով երթալ այցի Ս. Մեսրոպի գերեզմանին:
Մենք ոգեւորուեցանք Գէորգ Վեհափառին խօսքէն եւ անտրտունջ ճանապարհ ինկանք դէպի Օշական:
Օշականի մէջ Գէորգ Հայրապետի նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին ան անգամ մը եւս խօսեցաւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդին մասին: Պատարագի աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ ցերեկոյթ մը, որուն ընթացքին զեկուցումներ կարդացին դասախօս մը եւ ուսանողներէն մի քանին: Ցերեկոյթի աւարտին Գէորգ Հայրապետը անգամ մը եւս անդրադարձաւ տօնի խորհուրդին՝ ընդգծելով թարգմանիչ վարդապետներու անգնահատելի ազգապահպան դերը:
***
1948 թուականն էր: Ճեմարանցիներս պիտի տանէին Սեւանայ լիճ: Մեր ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր, որովհետեւ շատերս առաջին անգամ պիտի տեսնէինք հայոց կապոյտ հրաշքը: Հոն պիտի ըլլար նաեւ Գէորգ Զ. Հայրապետը, որ մեզմէ առաջ մեկնած էր: Հասնելով Սեւան՝ Հայոց Հայրապետը գտանք Գեղամայ կապուտակ գեղեցկուհիին ափին կեցած՝ խոհուն հայեացքը մխրճած ջրային հանդարտ տարածութեան խորխորատները:
Սեւանի ափին քիչ մը զբօսնելէ եւ մեր համեստ նախաճաշը ընելէ ետք, նաւակով այցելեցինք Սեւանայ կղզի: Գէորգ Հայրապետը մեծ ոգեւորութեամբ ուսանողներուս պատմեց բազմադարեայ մենաստանի հին եւ նոր պատմութիւնը, այնուհետեւ մեր աղօթքը բարձրացուցինք առ Աստ-ւած:
Կղզիէն վերադառնալէ ետք, Գէորգ Հայրապետի գլխաւորութեամբ, այցելեցինք Սեւանի Ջրային ելեկտրական կայանը, որ այդ ժամանակաշրջանի Խորհրդային Հայաստանի հպարտութիւնն էր: Մեզ կ՚առաջնորդէր Սեւանի այդ ջրակայանի տնօրէնը: Անոր հետ վերելակով իջանք վար, մեր առջեւ բացուեցաւ լայն սրահ մը, ուր տեղաւորուած էին ելեկտրակայանը աշխատցնող սարքերը: Սեւանի կայանի տնօրէնը հպարտօրէն եւ բարձրագոչ ձեւերով Նորին Սրբութեան եւ մեզի գիտական բացատրութիւններ տալով՝ առաջնորդեց թիւնելին միւս հատուածը, ուր հսկայ անցք մը բացուած էր՝ Սեւանի ջուրը կայանին համար օգտագործելու նպատակով: Քանի մը վայրկեան հմայուած ակնդէտ կը նայէինք բացուած անցքէն անասելի արագութեամբ դուրս յորդող ջուրին, սակայն առաջին տպաւորութիւնը անցնելէ ետք Հայրապետին դէմքին տեսանք դժգոհութեան եւ մտահոգութեան ստուեր մը: Հայրապետը չկրցաւ զսպել իր զայրոյթը եւ յանկարծ պոռթկաց.
-Սեւանը ցամքեցնելու լաւագոյն միջոցը գտա՛ծ էք:
Անկէ ետք անյապաղ պահանջեց վեր բարձրանալ: Ապա մեզ հաւաքեց իր շուրջը եւ մանրամասնօրէն բացատրեց իր զայրոյթին պատճառները:
Տասնեակ տարիներ անց ես իմացայ, որ այդ իրադարձութենէն անմիջապէս ետք Վեհափառ Հայրապետը նամակ մը գրած էր Մոսկուա՝ կառավարութեան համապատասխան անձերու ուշադրութիւնը հրաւիրելու այդ ազգավնաս երեւոյթին: Հայրապետը նամակին մէջ մասնաւորապէս նշած էր, որ Սեւանայ լիճին ցամքեցումը կը յանգեցնէ Արարատեան դաշտավայրին եւ շրջակայ տարածքներուն անապատացման:
Երբ թուղթին կը յանձնեմ այս տողերը, կարծես տարիներու խորքէն ինծի կը նային երջանկայիշատակ Վեհափառին իմաստուն եւ խոհուն աչքերը՝ միշտ լի իր ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ խանդավառ սիրով եւ մշտարթուն հոգածութեամբ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024