ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԱՌԱԿՆԵՐ
ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ԿԱՐԾԻՔԻ ՄԱՍԻՆ
«Հայր ու որդի երկուքով կը նստին աւանակի մը վրայ եւ կը շարժուին դէպի մօտակայ գիւղը: Տեսնողները, առաջին անգան կը քննադատեն ու կը վատաբանեն զանոնք՝ ըսելով, թէ անոնք չեն խնայեր կենդանին եւ երկուքով անասունի վրայ կը նստին:
Հայրը կ՚իջնէ աւանակէն:
Միւս գիւղին մէջ կը քննադատեն, որ տղան հայրը չի յարգեր եւ մինակ կը նստի աւանակին վրայ, իսկ հայրը ստիպուած կը քալէ:
Այսպէս, աւանակի վրայ կը նստի մինակ հայրը: Այս անգամ ալ զայն կը քննադատեն, որ չի խնայեր երիտասարդ զաւակը:
Այս ամենէն վերջ, անոնք անտառէն ծառ կը կտրեն եւ իրենց վրայ կը տանին, իսկ աւանակն ալ կը կապեն:
Այս անգամ ալ զանոնք կը վատաբանեն՝ ծաղրելով իրենց անմտութիւնը, քանզի ծառը կտրեր են, իսկ աւանակը ձգած անգործ:
Այսպիսով՝ հայրը որդիին ըսաւ. «Երբ դուն քու գլուխովդ չես խորհիր, այլ կ՚ապրիս ուրիշներու կարծիքով ու խելքով, երբեք, ոչ մէկը կրնաս գոհացնել...»:
ՄԱՐԴԻԿ ԱՄԷՆ ԲԱՆ ԿԸ ՀԱՍԿՆԱՆ՝ ԸՍՏ ԻՐԵՆՑ ՍՐՏԻ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ
Ճամբեզրին երկու հոգի կանգնած կը զրուցէին: Գինեմոլ մը անցաւ անոնց քովէն ու խորհեցաւ.
-Թերեւս անոնք այժմ կը պայմանաւորուին միասին գինետուն երթալու եւ խմելու մասին:
Եւ իր բոլոր գործերը ձգելով շտապեց գինետուն:
Այնուհետեւ անոնց քովէն անցաւ անառակ կեանքով ապրող մէկը ու խորհեցաւ.
-Ահաւասիկ, մարդիկ օր ցերեկով, առանց վախնալու կը պայմանաւորուին մարմնական հաճոյքներու մասին: Իսկ ես ինչո՞վ եմ անոնցմէ պակաս:
Եւ ճանապարհը փոխելով՝ գնաց զուարճանալու:
Արդար մարդ մըն ալ անցաւ անոնց քովէն ու ինքն իրեն ըսաւ.
-Նայէ, բարի զրոյցներու համար մարդիկ գտած են ժամանակ: Իսկ ես՝ մեղաւորս, աւելի քան երեք օրէ ի վեր ժամանակ չեմ գտներ այցելելու իմ վատառողջ դրացիին:
Եւ իր բոլոր հոգերը մէկ կողմ ձգելով՝ աճապարեց դրացիին տեսութեան:
ՍԱՏԱՆԱՅԻ ՄՈԼՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
Սատանան կը յայտնուի մարդու մը ու կը խորհի ինքնիրեն. «Չգայթակղե՞մ արդեօք սա ադամորդին»:
Եւ անոր կ՚ընէ այսպիսի առաջարկ մը.
-Տուր ինծի քու հոգին, եւ ես քեզ ցոյց կու տամ, թէ ինչքան լաւ ու գեղեցիկ վայր մըն է դժոխքը:
Մարդը կը համաձայնի:
Կ՚ուզէ կարճ ժամանակով մը երթալ ու նախապէս տեսնել, թէ ինչ կը կատարուի դժոխքին մէջ: Անոնք ինկած հրեշտակի մը՝ դեւի հետ կ՚իջնեն դժոխք: Այնտեղ ձայներ էին, զուարճանք, գեղեցկութիւն, ամէնուր ուրախ մարդիկ, համեղ ուտեստներ: Ամէն բան հրաշալի էր:
Մարդը դիտեց իր շուրջը: Ամէնուր պտտեցաւ եւ սատանան հարցուց անոր.
-Դեհ, հոգիդ կու տա՞ս ինծի:
Մարդը խորհեցաւ. «Դեհ, եթէ դժոխքն այսքան հիանալի վայր մըն է, իսկ ինչո՞ւ ոչ»:
Այնուհետեւ յայտնուեցաւ փոքրիկ դեւ մը՝ ձեռքին պայմանագիր: Մարդը ստորագրեց զայն ու վերադարձաւ սովորական կեանք:
Անցան շատ տարիներ ու ժամանակը հասաւ...
Մարդը մահացաւ: Ըստ պայմանագրի գնաց դժոխք: Սակայն այնտեղ լիակատար գարշահոտութիւն էր. եռացող կաթսաներ, տանջուող մեղաւորներ, ճչոցներ: Դեւերը կը տապկեն ու կ՚այրեն մարդիկը, կը ծակծկեն փշոտ նիզակներով: Մարդը տագնապահար սկսաւ փնտռել սատանան. վերջապէս գտաւ զայն, մօտեցաւ ու հարցուց.
-Լսէ՛, դուն զիս ուրիշ բան մը ցուցուցած էիր, թէ ինչքան լաւ ու հիանալի է ամէն բան դժոխքին մէջ: Այս ի՞նչ է:
Եւ սատանան պատասխանեց.
-Է՜հ, սիրելի՛ս: Մի՛ շփոթեր զբօսաշրջութիւնը հպատակութեան հետ: Այլեւս դուն դժոխքի հպատակն ես:
Մատթէոս 7:13 «Որքան լայն է դուռը եւ ընդարձակ՝ ճանապարհը կարմիր գորգերով, որ կը տանի դէպի կորուստ, եւ բազմաթիւ են անոնք, որոնք կը մտնեն»:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան