ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՍԵՓԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՎԵՐ ԴԱՍՈՂՆԵՐԸ
Քաղաքական ու տնտեսական դիտանկիւնէն Հայաստանի տարածքին տակաւին կը գտնուին մարդիկ (թիւով մեծ), որոնք երանի՜ կու տան Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, համոզուած ըլլալով, որ այդ ժամանակ կեանքը շա՜տ աւելի խաղաղ ու բարեբեր էր՝ քան հիմա: Կարծիքով նման մարդիկ ո՛չ թէ կեանքը, այլ այդ ժամանակաշրջանին գումար աշխատելու ձեւն ու կերպը շատ սիրած էին, որ մինչեւ օրս զիրենք առաջնորդած է ծուլութեան ու ձրիակերութեան:
Ինծի համար սակայն Խորհրդային Միութիւնը միայն ահ ու սարսափ ազդած է՝ որովհետեւ նիւթապէս ինչքան ալ հարուստ ու ապահով ըլլայ, բանտ ու դժոխք է այնտեղ՝ ուր մարդ չի կրնար իր կարծիքը ազատ արտայայտել, չի կրնար բարձրաձայնել այն՝ որուն հանդէպ հաւատք ունի: Մարդկային ամենէն պարզ իրաւունքը՝ ազատութիւնը կաշկանդուելով մարդ կը դառնար զոհ:
Մեր թուականէն 85 տարիներ առաջ՝ 8 յուլիս 1937-ին հայ ժողովուրդը ազատամտութեան զոհերու շարքին կու գար նոր մը աւելցնելու. տարիներ առաջ այսօր Ստալինի որոշումով գնդակահարութեամբ կը պատժուի արձակագիր, գրականագէտ եւ թարգմանիչ Ակսել Բակունց:
«Նոր Ուղի» ամսագիրի ցրիչը՝ Վահան Արամունի գրողին մահէն ետք գրի կ՚առնէ իր յուշերը, ուր մեծ սէրն ու հիացմունքը կը յայտնէ գրողին հանդէպ: Ցրիչը կը պատմէ, թէ առիթով մը հանրային գրադարանէն գիրք մը վերցնելով կը մեկնի Նալպանտեան փողոցի վրայ գտնուող Բակունցի տունը. տան անդամները դուռը կը բանան: Ցրիչը ներս մտնելով կը տեսնէ, թէ Բակունց սեղանի մը շուրջ նստած կ՚երգէ «Գարուն ա ձիւն ա արել» յայտնի երգը. սեղանի շուրջ է նաեւ Չարենց՝ Բակունցի մտերիմ ընկերը, որ հազիւ երգը վերջացուցած «անգամ մըն ալ» ըսելով այլ երգ կը պատուիրէ Բակունցին: Բակունց Չարենցի խնդրանքով դարձեալ կ՚երգէ, որմէ ներշնչուած Չարենց հետեւեալ տողերը կ՚արտասանէ.-
Հասած ենք մենք արդէն այդ սահմանին, ուրկէ դժուարին վերելք մը կը սկսի: Սին տենչերու փոշին քերենք մեր խոհերէն եւ ելլենք ճամբայ, մե՛ծ ճամբայ ելլե՛նք: Ես հեռուն հորիզոններ կը տեսնեմ՝ փորձութիւններով յղի. հերոսութիւն, պայքար եւ աննահանջ ուղի՝ որ մարդուն մէկ անգամ կը տրուի: Այս մեծ ճամբուն ընթացքին, այս ահեղ վերելքին մենք չենք յոգնիր, չե՛նք կորսնցներ մեր ճամբան: Սերունդներու հողէն չի կտրուինք եւ մեր կամ մեր սերունդներուն աչքով մեր երթին նայինք (Եղիշէ Չարենցի 1929 թը-ւականին գրած «Թուղթ Ակսել Բակունցի» երկարաշունչ բանաստեղծութեան 144-155 տողերն են - Եղիշե Չարենց, «Երկերի ժողովածու», Երեւան, 4-րդ հատոր, էջ 37):
Թէ՛ Չարենց եւ թէ՛ Բակունց զոհն էին այդ ճամբուն՝ որուն երազով առյաւէտ փակեցին իրենց աչքերը: Երկուքին համար ալ այդ դժուարին վերելքը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ազատութեան համար մղուած պայքարը եւ անոնք ունէին այն գիտակցութիւնը՝ որ այդ ճամբան լեցուն է դժուարութիւններով: «Սեր կամ մեր սերունդներուն աչքով» խօսքը վկան է այն ճշմարտութեան, որ անոնք ունէին գիտակցութիւնը, որ կրնային նոյնիսկ իրենց կեանքով վճարել այդ ազատատենչութեան գինը, սակայն վստահ էին միաժամանակ, որ եթէ ո՛չ իրենք, ապա իրենց յաջորդող սերունդները անպայմանօրէն կ՚ապրին այն ազատութիւնը՝ ինչի սիրոյն երիտասարդ տարիքէն ծանօթացան մահուան հետ: Հայրենիքի ազատութեան համար ուխտ մըն է կատարուած Բակունցի եւ Չարենցի միջեւ «այս ահեղ վերելքին մենք չենք յոգնիր, չե՛նք կորսնցներ մեր ճամբան» սրբազան երդումով:
Ցաւ ի սիրտ, Բակունցի մահէն ետք երկար տարիներ մեր հայրենիքը շարունակեց մնալ Խորհրդային իշխանութեան տիրապետութեան տակ, այդ իսկ պատճառով շատեր վախնալով արժանանալ Բակունցի եւ Չարենցի բախտին, նախընտրած են լուռ մնալ, այդ իսկ պատճառով վստահ ենք, թէ թիւով ինչքա՜ն շատ են անոնք՝ որոնք նոյն երազին ի խնդիր ո՛չ թէ գնդակահարուեցան, այլ դարձան նահատակներ, զոհուած ի սէր ազատութեան եւ հայրենիքին: Փորձեցի Ակսել Բակունցի մահուան առիթով կարդալ ժամանակակից մտաւորականներուն, ինչպէս նաեւ մամուլին արձագանգը Բակունցի գնդակահարութեան գծով. մեծաւ մասամբ անոնք գրած են յուշեր կապուած մեծ գրողի դպրոցական եւ գրական կեանքին: Անոնցմէ ո՞վ պիտի համարձակէր ըսել, որ Բակունց նահատակուեցաւ ի սէր հայրենիքի բարօրութեան, ո՞վ պիտի կարենար ըսել, որ ան ուզեց եւ ապրեցաւ Ազատ Անկախ Հայաստանի մը երազով. բոլորը զինք «ժողովուրդին թշնամի» տեսնելէ անկախ ուրիշ կերպ չէին կրնար տեսնել:
Բակունց գնդակահարուեցաւ 38 տարեկան հասակին, իսկ Չարենց՝ 40. իրենց այդ կարճ կեանքի ընթացքին ինչե՜ր յաջողեցան ընել եւ կրցան իրենց անունը անմահացնել հայ գրականութեան աշխարհէն ներս (թէեւ այսօր կամաց կամաց մոռացութեան դատապարտուած):
Հաւանաբար չենք նկատեր, սակայն մենք բոլորս այսօր ականատեսն ենք ա՛յն երազին, որուն համար բազմաթիւ կեանքեր զոհուեցան: Մենք տեսանք ու կ՚ապրինք այդ ազատութիւնը, սակայն պէտք է գիտակցութիւնը ունենանք Չարենցի այն խօսքին, որ կ՚ըսէ՝ «մարդուն մէկ անգամ կը տրուի»: Այսօր՝ ազատութիւնը կորսնցնելու սեմին պէտք է լաւապէս գիտակցինք, որ այդ ազատութիւնը որպէս նուէր մեզի չտրուեցաւ. այդ ազատութեան մէջ արիւն ու պայքար կայ:
Այսօր եթէ կորսնցնենք այդ ազատութիւնը, պիտի ունենա՞նք նոր Բակունցներ ու Չարենցներ, որոնք նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգնելով յանձն պիտի առնեն ազատատենչութիւն քարոզել: Բակունց եւ Չարենց ունէին ընտանիք, ունէին կին. հաւանաբար ազատատենչութիւնը խեղդելով ապրէին մինչեւ խոր ծերութիւն, սակայն իսկական հայրենասիրութիւնը սկիզբ կ՚առնէ հոն՝ ուր Հայրենիքը աւելի առաջնահերթ կը դառնայ քան սեփական կեանքն ու ընտանիքը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑ
(1899-1937)
Մեր թուականէն 85 տարիներ առաջ՝ 8 յուլիս 1937-ին, Հայաստանի մէջ գնդակահարութեամբ սպաննուած է արձակագիր, գրականագէտ, թարգմանիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ Ակսել Բակունց (բուն անունով՝ Ալեքսանդր Թեւոսեան):
Բակունց ծնած է 25 յունիս 1899-ին, Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա նկատի ունենալով աշխատասէր, սական չքաւոր ըլլալը, ընդունուած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1917 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է Զանգեզուրի Լոր գիւղին մէջ, սակայն ուսուցչութեան պաշտօնը կիսատ թողելով զինուորագրուած եւ մասնակցած է Արտահանի եւ Սարդարապատի կռիւներուն:
Պատերազմի աւարտէն ետք ընդունուած է Թիֆլիզի արհեստագիտական կաճառի գիւղանտետութեան բաժին եւ 1926 թուականին ուսումը աւարտելով վերադարձած է ծննդավայր Գորիս, ուր ստանձնած է գաւառական գիւղատնտեսի պաշտօն, միաժամանակ վարելով Երեւանի «հողժողկոմատ»ի վարչութեան պետի տեղակալի պաշտօնը: Բակունց 1927-1928 թուականներուն աշխատած է «Մաճկալ» թերթին մէջ եւ ապա 1931 թուականին պաշտօն ստանձնած «Նոր Ուղի» հանդէսէն ներս:
Բակունց գրած է պատմուածքներ, ինչպէս նաեւ հողատնտեսութեան կապուած ուսումնասիրական յօդուածներ, որոնք հրատարակուած են իր աշխատած թերթերուն, ինչպէս նաեւ այլ պարբերականներու մէջ: Ան որպէս գրչանուն գործած է Ակսել անունը. իր դասընկերներէն մէկուն յուշերուն համաձայն Բակունց երիտասարդական տարիներուն դպրոցին մէջ կազմակերպած է օտար հեղինակի մը «Հերտա» խորագրեալ ներկայացումը եւ ինք ստանձնած այդ թատրերգութեան հիմնական հերոսին՝ Ակսելի դերը: Ներկայացումէն ետք Բակունց ըսած է, թէ յետ այսու ինքզինք Ակսել պիտի կոչէ եւ այդպսիով սկսած է գործածել Ակսել անունը:
Բակունցի յայտնի գործերէն են «Գալուստի կինը», «Սեւ Ցելերի սերմնացանը», «Անձրեւը», «Եղբայրութեան ընկուզենիները», «Քեռի Դաւօն» եւ այլ աշխատութիւններ: Յեյ մահու հրատարակուած է Բակունցի «Բան ու գործ», «Ծիրանի փողը», «Մթնաձոր» աշխատութիւնները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ