113 ՏԱՐՈՒԱՆ ՆԱՄԱԿ՝ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՈՃՈՎ
Մի քանի օրեր առաջ հանդիպեցայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն արձակուրդի համար Հայաստան ժամանած բարեկամի մը հետ. երկար տարիներ չէինք տեսնուած:
Առաջին հարցումը հետեւեալը եղաւ. «ուրա՞խ ես հոս, կրցա՞ր յարմարիլ Հայաստանի պայմաններուն». ընդհանրապէս սփիւռքի մէջ ապրողները նման հարցումներ նողկանքի շեշտով մը կ՚ընեն, կարծես ըսել ուզելով «ինչպէ՞ս կ՚ապրիս այստեղ... հոս ալ ապրելիք տե՞ղ է»: Նոյն այդ նողկանքի շեշտը շաբաթը մի քանի անգամ կը լսեմ նաեւ տեղացի հայերէ, որոնք .«ստեղ ի՞նչ կայ ախպեր» մը ըսելով իրենց դէպի Եւրոպա կամ Միացեալ Նահանգներ երկարող երազներուն մասին կը պատմեն, վերջապէս իրենց համար «էսի երկիր չի»:
Որոշ ժամանակ ետք սկսած եմ համոզուիլ, որ հայուն թշնամին թուրքը կամ ազերին ըլլալէ աւելի հայը ի՛նք է, որ հայրենասիրութիւն կոչուած կեղծիքին տակ թաքնուած թշնամիէն աւելի վնաս կը պատճառէ հայրենիքին, որովհետեւ բարոյական հարուածը շատ աւելի ազդեցութիւն ունի քան շօշափելին:
Տակաւին երկու տարիներ առաջ ամբողջ կեանքը Հայաստանի մէջ ապրող արտագաղթող մը Հայաստան կը վերադառնայ այնպիսի հովերով՝ կարծես ի ծնէ Աստուած իրեն ամերիկացի ըլլալու համար ստեղծած ըլլայ. տակաւին երկու տարիներ առաջ «բարեւ» ըսողը հիմա «Հէլլօ»ով կը դիմէ ամենուն եւ կը փորձէ խօսուած հայերէնը ուշադիր լսել. չէ՞ որ ինքը արդէն ամերիկացի է. ինչպէ՞ս զգացնել այդ մէկը հայերէնը լաւապէս հասկնալ կարենալով. վերջապէս օրէնք է, որ Ամերիկա ապրողը հայերէնը պէտք չէ լաւապէս հասկնայ, թէ ոչ ո՞ւր մնաց ամերիկացի ըլլալու յատկութիւնը:
Ամբողջ կեանքը Երեւանի մէջ ապրող մը յանկարծ կը սկսի Երեւանի փողոցները համեմատել իր Լոս Անճելըսի փողոցներուն հետ, առիթը բաց չթողելու եւ այդ հսկայական փողոցներուն գովքը հիւսելու. օ՜ կը ներէք, փողոց չէ, հիմա արդէն այդ բոլորը իրենց համար «հայ ուէյ» են, որոնց վրայ իրենց բառերով «թրաֆիք» չկայ:
Աշխարհի վրայ դժուար թէ գտնէք այլ ազգ մը, որ հայերուն չափ օտարանալու եւ ձուլուելու հանդէպ հակում ու սէր ունենայ, որովհետեւ մեզի համար օտարինը մի՛շտ աւելի արժէքաւոր է, այն աստիճան՝ որ ես ու օտար մը միաժամանակ գրենք «կեանքը ալեկոծ ծովու վրայ նաւարկութիւն մըն է», վստահ եղէք օտար հեղինակին գրածը աւելի ճիշդ պիտի թուի ընթերցողին՝ քան իմս. կապ չունի թէ նոյն բանն է գրուածը:
Վերոյիշեալ բոլոր երեւոյթները նոր չէ, որ ծնունդ առած են մեր մէջ. հայը եղած է մի՛շտ նոյնը: Այս մէկը փաստելու համար կ՚ուզեմ կարդանք 119 տարիներ առաջ՝ 1903 թուականին գրուած նամակ մը: Սիփան անունով հայորդի մը, 18 մարտ 1903 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած «Երիտասարդ Հայաստան» պարբերականի խմբագրութեան կը գրէ նամակ մը, որուն մէջ կը խօսի Միացեալ Նահանգներէն ստացած նամակներուն մասին: Կարդանք նամակին սկիզբի բաժինը.-
«Յաճախ ընկերներէ եւ ծանօթ բարեկամներէ նամակ կ՚առնենք, որով ցանկութիւնը կը յայտնեն, որ իրենք «պատրաստ» են երկիր գալ գործել, հոն մեռնիլ, ուստի զանազան տեղեկութիւններ կ՚ուզեն: Կը ցաւինք նկատելու, որ նամակագիրներէն շատերը այն տեսակ հարցեր կ՚առաջարկեն, այն տեսակ խնդիրներու պարզաբանութիւնը կ՚ուզեն, որ իրօք արգահատելի է: Հազիւ 5-10 տարի կայ որ թողեր անցեր է Ամերիկա եւ կարծես ամերիկացի մըն է, որ տեղեկութիւններ կ՚ուզէ իր չտեսած Հայաստանի եւ անոր թշուառ որդիներու մասին»:
Եթէ անցեալին հոն հասնելու համար 5-10 տարի պէտք էր, այսօր մի քանի ամիս նոյնիսկ բաւարար է յայտնուելու ամերիկացիի կարգավիճակին մէջ: Նամակին սկիզբը թուականը եթէ չնշէինք, կրնայինք ենթադրել, որ գրուած է մի քանի շաբաթներ առաջ, որովհետեւ այդ իրավիճակէն բան մը փոխուած չէ:
Անցեալին Ամերիկայի հանգիստ կեանքը ձգել չուզող «հայենասէր»ներ կ՚արդարանային այն պատճառաբանութեամբ, որ Հայրենիքը խորհրդային տիրապետութեան տակ կը գտնուի. նման հայրենիքի մը մէջ ապրիլը անկարելի է իրենց համար: Այդ օրերէն անցած են աւելի քան երեք տասնամեակ. ո՞ւր են ընկերային հաւաքներու կամ մշակութային ձեռնարկներու ընթացքին «Երկիր մ՚ունինք մենք Հայաստան, ինչո՞ւ ապրինք օտարութեան» երգողները. ո՞ւր են անոնք՝ որոնք հայրենիքով ապրիլ ու հայրենիքի ցաւով տառապիլ ցոյց տալ կը փորձեն՝ սակայն հակառակ բոլոր պայմաններուն, չեն գար իրենց «պաշտելի» հայրենիքը:
Վերջերս սփիւռքի մէջ «մեծ հայրենասէր»ի հովերով ապրող ազգայնական մը յուսահատ ոճով մը կ՚ըսէր «ինչպէ՞ս գանք. այսքան տարի տուն, տեղ, շրջանակ ըրինք. ամէն բան սկիզբէն ինչպէ՞ս սկսիլ». այս բոլորը կ՚ըսէր այնպիսի ոճով մը, որ ի՛նք կ՚ուզէ, սակայն կեանքը չ՚արտօներ:
Սիփան իր նամակին մէջ նիւթական վիճակը հարցնող բարեկամներուն կը պատասխանէ. «Մենք հոս Ամերիկայի տոլարներով «սթէյք» ուտելու չափ փափկաճաշակ չենք: Մենք հոս Հայաստանի թոնիրի հացէն շատ գոհ ենք». մենք հոս «հայ ուէյ» կրնայ ըլլալ չունենանք եւ մեր «թրաֆիք»ի վիճակը այնքան ալ փայլուն չըլլայ ինչքան իրենցը (այլեւս որքանով որ իրենց է Միացեալ Նահանգները), սակայն մե՛րն է, մեր սեփականն է:
Կ՚առաջարկեմ այդիպիսներուն Հայաստան չգալ, որովհետեւ Հայաստանը «սթէյք»ին համը հայրենիքի ջուրին հետ համեմատութեան դնողներուն տեղը չէ՛, որովհետեւ մարդ իր սեփականն ու հարազատը, հակառակ իր բոլոր թերութիւններով ուրիշին հետ չի՛ կրնար համեմատութեան դնել, այնպէս ինչպէս համեմատութեան պիտի չդնէր իր մայրն ու զաւակները:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՍԵՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
(1925-2000)
Մեր թուականէն 97 տարիներ առաջ՝ 13 յուլիս 1925-ին Արցախի Մարտունի շրջանի Աշան գիւղին մէջ ծնած է բանաստեղծ, արձակագիր եւ Գրողներու միութեան անդամ Սերօ Աբրահամեան:
Աբրահամեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած Ղզղալա գիւղի դպրոց: Բանաստեղծը 16 տարեկան հասակին կորսնցուցած է լսողութիւնը, այդ իսկ պատճառով ուսումը կիսատ ձգելով ինքնաշխատութեամբ լաւապէս տիրապետած է մայրենի լեզուին:
Նկատի ունենալով ունեցած սէրը գիրքին ու գրականութեան հանդէպ, 1949-1963 թուականներուն ստանձնած է գիւղի դպրոցական գրադարանի, ինչպէս նաեւ մշակութային տան վարիչի ու տնօրէնի պաշտօնը: Ապա 1964 թուականին մաս կազմած է Պաքուի մէջ հրատարակուող «Կոմունիստ» հայկական թերթի խմբագրութեան. բանաստեղծը Պաքուի մէջ բնակութիւն հաստատած է մինչեւ 1990 թուականը, ապա վերադարձած է Հայրենիք եւ բնակութիւն հաստատած Սեւանի մէջ:
Վերադառնալով Հայրենիք, Աբրահամեան խուլերու եւ համրերու համար սկսած է հրատարակել «Խաղաղ աշխարհ» թերթը:
Աբրահամեան հեղինակ է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու եւ արձակ գրութիւններու. անոր հրատարակուած աշխատութիւններէն են «Իմ ստորագրութիւնը», «Ներշնչանք», «Լեռնային վտակ», «Լեռներ իմ լեռներ», «Ծարաւ» եւ այլ աշխատութիւններ: Աբրահամեան գրի առած է նաեւ Արցախեան հերոսներու կենսագրութիւններ, ինչպէս նաեւ Արցախեան ազատամարտի դրուագներ: Ան իր գրութիւնները հրատարակած է «Գրական Թերթ», «Ազատ Արցախ», «Սեւան» եւ այլ պարբերականներու մէջ:
Բանաստեղծը մահացած է իր ծնունդէն օր մը առաջ՝ 12 յուլիս 2000 թուականին եւ թաղուած ծննդավայր Արցախի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ