ՍԱՀԱԿԵԱՆՑԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, ո­րոնք նա­խըն­թաց օր ստա­ցած էին ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը, ե­րէկ ի­րի­կուն խրախ­ճան­քով մը նշե­ցին ի­րենց ու­սում­նա­կան կեան­քի յա­ջող ա­ւար­տը։ Այս առ­թիւ Ա­թա­գիւ­ղի զբօ­սա­վայ­րե­րէն մէ­կուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան տեղ­ւոյն քա­րո­զիչ ու վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցիչ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տքթ. Ա­րէտ Քա­րա­պու­լութ, տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու, նա­խակր­թու­թեան բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Ժա­նէթ Ներ­կիզ, ինչ­պէս նաեւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու։ Տղա­քը զուար­ճա­ցան մին­չեւ ուշ ե­րե­կոյ։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015