ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՇՈՒԿԱՅ
Պատկերացուցէք, որ լոյս աշխարհ եկած էք որպէս իգական սեռի ներկայացուցիչ եւ հին «աւանդական» օրէնքին համաձայն ձեր ծնողքը 13 տարեկան հասակին ձեզ տարած է շուկայ... ո՛չ թէ միրգ կամ բանջարեղէն գնելու, այլ ձեզ ծախու դնելու, որպէսզի աշխարհի օրէնքին համաձայն բարձրագոյն գումար վճարողը դառնայ ձեր ապագայ «սպասուած» ամուսինը:
Կրնա՞ք պատկերացնել նման կուսութեան շուկայ մը, ուր արական սեռի ներկայացուցիչներ կօշիկ ընտրելու սկզբունքով սակարկեն իրենց «ապագացու» կնոջ գինը եւ սուղ գտնելու պարագային դիմեն այլ «խանութ»՝ աւելի աժան ու մատչելի կոյս մը գտնելու ակնկալութեամբ: Իսկ եթէ պատահի, որ նոյն կոյսին համար երկու յաճախորդ գտնուի... հարց չէ. աճուրդի ճամբով բարձրագոյն գումար վճարողը կը տիրանայ աղջկան:
Եթէ նման շուկայ մը չկրցաք պատկերացնել, կ՚առաջարկեմ Մեծ Պահքի առաջին շաբաթ օրը այցելեն «զարգացած» երկիրներու ցանկին մէջ գտնուող Պուլկարիոյ Զակորա քաղաքը, ուր փողոցներուն վրայ կրնան գտնել 13-20 տարեկան կոյսեր վաճառքի դրուած:
Եւրոպա, 21-րդ դար եւ կոյսերու շուկայ՝ վաճառուող անչափահասներով:
Անցեալին մարդկային ընկերական կեանքը աւելի հաւասարակշռուած էր՝ հակառակ իր հինգլուխութեամբ. անցեալին ընկերութիւններու միջեւ տարբերութիւնները քիչ եւ յստակ էին. քաղաքացի եւ գիւղացի, ունեւոր եւ աղքատ։ Ընկերութեան բաժանումները այսքանով կը սահմանափակուէր, սակայն այսօր կարելի չէ թուել եւ մատնանշել անոնց տարբերութիւնները, որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդի հետ ծնունդ կ՚առնէ նոր մը՝ հինէն ամբողջութեամբ տարբեր, հինին ամբողջութեամբ ներհակ:
Կուսութեան այս շուկայի հիմնադիրները Պուլկարիոյ մէջ ապրող գնչուներ են՝ ծանօթ Գալայճի անունով. ազգատոհմ՝ որուն համար մեծ նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունի աղջկան կուսութիւնը, ինչը ապահովելու համար պատրաստ են ամէն զոհողութիւն յանձն առնել: Գալայճի ընտանիքներ իրենց իգական սեռի պատկանող զաւակները 10-11 տարեկանին կը դադրին դպրոց ղրկելէ, որպէսզի չըլլայ յանկարծ դպրոցի մէջ սիրահարի դասընկերներէն մէկուն եւ երիտասարդ տարիքին տարուի «մանկական» սիրով, որովհետեւ հինէն եկած աւանդութեան համաձայն, ապագայ ամուսինը գտնելու համար ո՛չ թէ սէրը, այլ գումարը կարեւոր է, որ ընտանիքին համար «արդար» իրաւունք մըն է՝ աղջկան կուսութիւնը արդարացիօրէն հսկել կարենալուն համար:
Այնպէս ինչպէս կարելի է թէ՛ տաս եւ թէ՛ հարիւր տոլարի կօշիկ գտնել, նոյնն է պարագան կուսութեան շուկային. ա՛յն աղջիկը որ շատ յաճախորդ կ՚ունենայ, նշան է, որ աւելի գեղեցիկ է միւս ծախու կոյսերէն եւ շուկայի օրէնքին համաձայն մի՛շտ ուզուած «ապրանք»ը կը սղի:
Անմեղ կոյսերը ապրանքի հետ համեմատելու ցաւը կ՚ապրինք, որովհետեւ իրենց «աւանդութիւն»ը այդ մէկը կը պահանջէ եւ վա՜յ այն կոյսին, որ մինչեւ իր 22-23 տարեկան հասնիլը իր յարմար յաճախորդը չգտաւ... վերջապէս ամէ՛ն ապրանք իր ժամկէտը ունի:
Գալայճի ազգատոհմին պատկանող աղջիկները տարին միայն մէկ անգամ առիթ կ՚ունենան արական սեռի հետ հաղորդակցելու, անշուշտ մի՛շտ ու մի՛շտ կուսութեան պահակներուն ներկայութեամբ:
Իսկ հակառակ կատարուած բոլոր ծանուցումներուն, եթէ ներկայացուած «ապրանք»ը կոյս չելլէ... շուկայի օրէնքի համաձայն կրնաք դարձեալ վերադարձնել տիրոջ եւ ստանալ այն գումարը, որ վճարած էք. նման «ոչ օրինակելի» ապրանքներ ցմահ որպէս ամօթ ու մուր որպէս անէծք ու նախատինք կը մնայ ընտանիքին մօտ:
Այս ամէնուն կողքին, վստահաբար ամէ՛ն ապրանք իր գեղեցկութեան կողքին պէտք է ունենայ իր մատուցելիք ծառայութիւնները՝ ճաշի պատրաստութիւն, մաքրութիւն եւ այլն, որուն երաշխիքը մայրն է, որ իր գովասանքներով կը փորձէ գին բարձրացնել, հաւանաբար յաջորդ օրը դրացիին ըսելու համար, որ իր աղջիկը շատ աւելի սուղի ծախեց՝ քան ուրիշինը:
Այս բոլորէն ետք ծախուածները մէկ կողմ... պէտք է լաւապէս ուսումնասիրել գնորդները, որոնք առուծախի վիճակէն գոհ ապագացու մը առնելէ աւելի ծառայ եւ սպասաւոր առնել կը թուին... վերջապէս գումարը վճարած եւ սեփականատէրը դարձած են կոյսերուն:
Մայրեր կը փորձեն դիմայարդարել իրենց կոյսերը, մանաւանդ անոնք որոնց կոյսերը քիչ մը գոց գոյնի մորթ ունին, որովհետեւ շուկային օրէնքին համաձայն ճերմակամորթ կոյսերը շատ աւելի յաճախորդ կ՚ունենան քան միւսները. կոյսին գինը կը սղի այն ժամանակ, երբ շուկայ ներկայանայ վիզին ու թեւին վրայ ոսկիներ կրած, որովհետեւ հարուստ «ապրանք»ը հարուստ յաճախորդ կը պահանջէ եւ այդ հարուստ երեւոյթը ստեղծելու համար նախապէս մեծ պատրաստութիւն կը պահանջուի կոյսի վաճառականներէն. 13 տարեկան ծախու կոյս մը կը զարդարուի իր տարիքին ոչ յարիր զարդարանքներով եւ պահ առաջ յարմարագոյն յաճախորդը գտնելու փափաքով կը տարուի շուկայ, որպէսզի թէ՛ ընտանիքը ազատի «ապրանք»էն եւ թէ որոշ նիւթական գումար մը մուտք գործէ ընտանիք:
Վա՜յ այն կոյսին, որ իր յաճախորդին հաւանութիւն չտայ:
Այսպիսի աշխարհ մը տակաւին, զարգացած երկիրի մը սիրտին մէջ գոյութիւն ունի...
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՎԱՐՍԵՆԻԿ ԱՂԱՍԵԱՆ
(1898-1974)
Մեր թուականէն 124 տարիներ առաջ՝ 15 յուլիս 1898-ին Նախիջեւանի Ջահուկ գիւղին մէջ ծնած է բանաստեղծուհի, թատերագիր, մանկագիր եւ թարգմանիչ Վարսենիկ Աղասեան:
Աղասեան փոքր տարիքին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Թիֆլիզ, ուր ստացած է իր կրթութիւնը Հայուհեաց Բարեգործական ընկերութեան դպրոցէն ներս:
Վարսենիկ իր առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակած է 1912 թուականին՝ 14 տարեկան հասակին, «Պատանի» հանդէսին մէջ: Ուսումը աւարտելէ ետք, 1928-1929 տարիներուն աշխատած է Պաքուի հայալեզու «Կոմունիստ» թերթի խմբագրական կազմէն ներս՝ որպէս գեղարուեստական գրականութեան բաժինի վարիչ: Ապա դարձած է Պաքուի ձայնասփիւռի ասմունքող եւ հաղորդավարուհի:
Բանաստեղծութեան կողքին Վարսենիկ գրած է նաեւ թատրերգութիւններ, որոնք ներկայացուած են Պաքուի, Ստեփանակերտի, Գանձակի եւ այլ վայրերու մէջ. անոնցմէ յայտնի է «Փոթորկուած անտառը» ներկայացումը:
Աղասեանի բանաստեղծութիւններն ու թատրերգութիւնները ժամանակի ընթացքին հրատարակուած են թէ՛ Պաքուի եւ թէ Երեւանի մէջ. անոնցմէ են «Օրերու երգը», «Ծիտիկի խինդը», «Երջանիկ մանկութիւն»ը, «Ժպիտներ»ը, «Մայրական յոյզեր»ը եւ ուրիշներ: Բանաստեղծութեան ու թատրերագրութեան կողքին, Աղասեան զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով: Պաքու գտնուած ժամանակ հայերէնի վերածած է Մեհտի Սէիզատէի, Նիզամի Կիանջեւի եւ այլ ազերի գրողներու գործերը: Թարգմանութիւններ կատարած է նաեւ ռուսերէն լեզուէն, հայերէնի թարգմանելով Աերկէյ Միխալքովի, Նիքոլա Նեքրասովի, Ալեքսէյ Թոլսթոյի եւ ուրիշներու գործերը:
Շնորհիւ իր գրական վաստակին, Վարսենիկ Աղասեան 1934 թուականին դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ:
Բանաստեղծուհին մահացած է 17 հոկտեմբեր 1974 թուականին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ