ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ

Հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեան, որ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բին հետ ձեռ­նար­կած է «Լոյս ի լու­սոյ» կո­չուած հա­մեր­գա­շա­րի մը, Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րուն եւ Աղ­թա­մա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մերգ­նե­րէն վերջ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ նաեւ Տիար­պա­քը­րի Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն ներ­քոյ։ Բազ­մա­թիւ ա­րուես­տա­սէր­ներ հե­տե­ւե­ցան հա­մեր­գին, ո­րու ժա­մա­նակ Հա­մա­սեա­նին ինչ­պէս միշտ ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ Յա­րու­թիւն Թո­փի­կեա­նի ղե­կա­վա­րած երգ­չա­խում­բը։ Հա­մեր­գը տե­ւեց ա­ւե­լի քան ժամ մը։

«Լոյս ի լու­սոյ» ուխ­տի նա­խա­գիծ մըն է, ո­րու ըն­թաց­քին Հա­սա­մեան հա­մերգ­ներ կը սար­քէ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու հա­րիւր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015