ԳՈՐԾ՝ ԱՆԳՈՐԾՆԵՐՈՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստերուն հետեւելով համոզուեցայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կարեւորը անկարեւորէն, պիտանին անպէտքէն զանազանելու եւ զատորոշելու ախտէն կը տառապի, այդ իսկ պատճառով կ՚ուզեմ օգտակար դառնալ, այն յոյսով որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստերուն անկարեւոր նիւթերը մէկ կողմ դնելով քաղաքացիներուն կեանքը դիւրացնող եւ անոնց առօրեան բարելաւող նիւթերու մասին բան մը մտածուի՝ անգործութենէ դուրս գալու եւ բան մը ըրած ըլլալու երազանքով:

Նիկոլ Փաշինեանը հինգշաբթի, 7 յունիս 2022 թուականի նիստի ընթացքին յայտարարեց, թէ «ուր երթաս ձգանիւթէ, երկաթէ, կահոյքի հին կտորներէ, շինարարական մասերէ խաչեր տեղադրուած են»: Այս համազգային մտահոգիչ հարցին ի դիմաց Փաշինեան կ՚ըսէր, թէ «պէտք է հասկանանք, թէ ինչ է կատարւում...»:

Փոխադարձաբար այս անիմաստ նիւթերուն նպատակը հասկնալու, այդ խաչերը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիին կեանքը ինչ ձեւով դժուարութեան դիմաց դնելու պատճառը հասկնալու մտահոգութեամբ, կու գամ օգնելու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, որպէսզի սկսի մտածել հարցերու մասին՝ որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան «հպարտ» քաղաքացիին կեանքը կը խոչընդոտեն:

ՆԱՄԱԿ Ա.-

ԱՆՁՆԱԳՐԱՅԻՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Համոզուած եմ, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան Անձնագրային բաժանմունքներու իրավիճակը շա՜տ աւելի ցաւալի, շա՜տ աւելի մտահոգիչ երեւոյթ ստացած է՝ քան ճամբուն եզերքը դրուած խաչերը, որոնք ո՛չ մէկ ձեւով մեր կեանքը կը դժուարացնեն: Հետեւաբար նախքան խաչերու մասին մտածելը, կ՚առաջարկեմ բարիք ընէք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն եւ զբաղուիք լուծել Անձնագրային բաժանմունքներու մէջ տեղի ունեցած հարցերը՝ քան անկարեւոր մանրուքները:

Վերջերս անձնագիրս նորոգելու համար մօտեցայ Վաղարշապատի անձնագրային բաժանմունք. տեղադրուած ինն պատուհանէն կ՚աշխատի միայն երեքը: Երեք պատուհաններուն դիմաց հաւաքուած են աւելի քան հարիւր հոգի, որոնք մերթ ընդ մերթ պաշտօնեաներուն, մերթ ընդ մերթ իրարու հետ կռուելով կը փորձեն առաջ անցնիլ եւ ազատիլ այդ քաոսէն՝ որ հինգ վայրկեան տեւող գործ մը անվերջանալի ժամերու կը վերածեն: Վեց տողանոց դիմում գրելու համար սպասեցի աւելի քան մէկուկէս ժամ. իննսուն րոպէ՝ մէկ րոպէի համար, որ կը կարծեմ մարդկային տրամաբանութեամբ անբացատրելի զաւեշտ մըն է:

Կ՚առաջարկեմ նիստի մը ընթացքին նստիք եւ ազգովի մտածէք, թէ ինչո՞ւ համար ինն պատուհան պատրաստուած եւ ամէ՛ն սարքաւորումներով օժտուած է՝ եթէ միայն անոնցմէ երեքը պիտի աշխատին. չէ՞ք կարծեր նոր պաշտօնեաներ բերելով ու այդ քաոսային վիճակին լուծում տալով աւելի մեծ բարիք մը կատարած պիտի ըլլաք՝ քան ճամբու եզերքը դրուած խաչերով զբաղուելով:

Երբեւէ մտածա՞ծ էք, որ նկատի ունենալով որ անձնագրային բաժանմունքները շաբաթ եւ կիրակի օրերը չեն աշխատիր, մարդիկ ստիպուած կ՚ըլլան իրենց գործերը ձգել, գործերէն կանուխ դուրս գալ, որպէսզի մի քանի վայրկեան տեւող գործողութեան համար այս ահռելի ջերմաստիճանին երկու ժամ հերթ սպասեն: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիին համար իսկական խաչն ու չարչարանքը այդ է, եւ ո՛չ ճամբու եզերքը դրուածները:

Արեւմտահայ գրող եւ արձակագիր, վերջին տասնամեակին Հայաստան հաստատուած Յակոբ Միքայէլեան մի քանի օրեր առաջ համացանցի մէջ կը գրէր. «ես անձնագիրս պէտք է փոխեմ եւ նորը առնեմ, սակայն առողջական պատճառներով չեմ կրնար ժամերով ոտքի մնալ. ինչ ընելու եմ». 79 տարեկան մտաւորական Յակոբը պարտաւոր է երթալ անձնագրային բաժանմունք եւ ժամերով ոտքի վրայ սպասել իր հերթը՝ որպէսզի վայրկեաններ տեւող դիմում մը լրացնէ, կամ ստորագրէ. Յակոբին վիճակն է իսկական խաչը եւ ոչ ճամբաներուն դրուածները: Յակոբին այս հարցումին ի պատասխան օգտատէր մը մեկնաբանութեան մէջ կը գրէ. «հետդ հաստափոր վէպ մը տար. կ՚օգնէ որ ժամանակին թաւալքը չզգաս», իսկ ուրիշ մը կ՚առաջարկէր արձակ աշխատութիւններէն մէկուն երկրորդ հատորը գրել... նկատի ունենալով ժամավաճառութիւնը, որ կ՚ապրի քաղաքացին:

Այլ քաղաքացի մը կը գրէ. «Ժամը 8-ից եկա անձնագրային, որ առաջինը լինեմ: Պարզվեց որ մենակ ես չեմ խելացի. Մարդիկ 6-ից սպասում էին». ուրիշ մը կը գրէ. «Անձնագրիս ժամկետը ամսվա սկիզբ լրացել է, ու քանի որ շատ եմ լսել, որ ահաւոր հերթերա ու քարոս, ռիսկ չէի անում գնալ: Այսոր առավոտյան ուղիղ 9-ին հասա Արաբկիր անձնագրային բաժանմունք եւ մեկ րոպե անց հեռացա, քանի որ հասկացա, որ այդ հոծ բազմութեան մէջ առհասարակ հնարավոր չէ նույնիսկ հերթ կանգնել»:

Վերջին մըն ալ նշեմ. «Եթե անձնագրի հետ կապուած գործ ունեք, օրինակ՝ նոր անձնագիր վերցնել, ուրեմն մի ամբողջ աշխատանքային օր աչքի տակ ունեցեք, մինչեւ բաժանմունքի փակվելը: Բայց սա լավագույն դեպքում, եթե այդ օր բախտը քեզ ժպտա ու հասցնեն փակվելուց առաջ քեզ սպասարկել»:

Անգործութենէ տառապող Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վիճակը նկատի ունենալով, ժամանակ առ ժամանակ կամաւոր յանձն կ՚առնեմ օգնել իրենց՝ անգործութենէն դուրս բերելու եւ անկարեւոր նիւթերու կողքին կարեւորները մատնանշելու խոստումով: Իսկ եթէ անկարող են գիտնալ ինչպէս լուծել նման հարց մը, մի քանի առաջարկներ ընեմ.-

Ա.- Արդէն իսկ տարեց աշխատակազմի փոխարէն պէտք է նորերը պատրաստել:

Բ.- Նկատի ունենալով, որ գործ փնտռող շատ կայ, լաւագոյնները ընտրել եւ ինն պատուհաններէն ինն հատը աշխատացնել:

Գ.- Նշանակել խորհրդատու անձեր, որպէսզի քաղաքացին հերթ չսպասած գիտնայ, թէ ինչ թուղթերու կարիք ունի (յաճախ մէկ ժամ սպասելէ ետք քաղաքացիին կ՚ըսեն պէտք է այս թուղթը բերել):

Դ.- Զարգացնել արհեստագիտութիւնը («ծրագրային խնդիր կայ» լսելէն քաղաքացին խա՛չ դարձաւ):

***

Փաշինեանը կը յայտարարէր, թէ Հայաստանը արհեստագիտութեան առաջատար երկիրներէն պիտի դառնայ... առաջատար ըլլալու համար նախ Հայաստանի Հանրապետութեան «հպարտ» քաղաքացիին կեանքը առջեւ տանինք՝ որպէսզի առջեւ երթայ Հայրենիքը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԻՆԱՍ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
(1928-1975)

Մեր թուականէն 94 տարիներ առաջ՝ 20 յուլիս 1928-ին Շիրակի մարզի Ջաջուռ գիւղին մէջ ծնած է յայտնի հայ գեղանկարիչ Մինաս Աւետիսեան:

Աւետիսեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ. փոքր տարիքէն սէր ունեցած է գեղանկարչութեան եւ մանրանկարչութեան հանդէպ, ինչը պատճառ եղած է, որ իր ուսումը շարունակէ Երեւանի «Փանոս Թերլեմեզեան» գեղարուեստի ուսումնարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1952 թուականին: Ապա մէկ տարի ուսումը շարունակած է Երեւանի Պետական գեղարուեստական եւ թատերական կաճառէն ներս եւ ապա փոխադրուած է Սեն Փեթերսպուրկի գեղարուեստի ակադեմիա, ուր աշակերտած է յայտնի արուեստագէտներու եւ շրջանաւարտ եղած  1960 թուականին:

Աւետիսեան 1962 թուականին մասնակցած է «հինգի ցուցահանդէս»ին, ուր Աւետիսեանի աշխատութիւններուն կողքին ցուցադրուած են Լաւինիա Մելիքեանի, Ալեքսանտր Գրիգորեանի, Արփենիկ Ղափանցեանի եւ Հենրիկ Սիրաւեանի գործերը:

Աւետիսեան ընդհանրապէս իր նկարչութիւններուն մէջ ներկայացուցած է գիւղական կեանքը. այդ գործերէն են «Գորգ են գործում», «Խնոցի», «Գիւղը», «Շեմքին», «Քնածը» եւ այլ աշխատութիւններ: Արուեստագէտը յայտնի է նաեւ իր դիմանկարներով. ան նկարած է ակադեմիկոս Արմէն Թախտաճեանի, Կոստան Զարեանի, Մարտիրոս Սարեանի եւ այլոց դիմանկարները: Զբաղած է նաեւ որմնանկարչութեամբ. Երեւանի, Կիւմրիի եւ Վահրամաբերդի մէջ ստեղծած է աւելի քան քսան որմնանկարներ. անոր յայտնի որմնանկարներէն «Ջուլհակուհիներ» աշխատութիւնը մինչեւ օրս կը գտնուի Զուարթնոց Միջազգային օդանաւակայանէն ներս:

Աւետիսեան զբաղած է նաեւ բեմանկարչութեամբ եւ ձեւաւորումով. անոր աշխատանքով ներկայացուած է Ալքսանդր Սպենդիարեանի «Ալմաստ»ը, Արամ Խաչատուրեանի «Գայանէ» ներկայացումը եւ այլ ներկայացումներ:

Իր կենդանութեան, ինչպէս նաեւ յետ մահու զանազան առիթներով կազմակերպուած են Աւետիսեանի անհատական ցուցահանդէսները:

Ծննդավայր Ջաջուռ գիւղին մէջ ցայսօր կը գտնուի արուեստագէտին տուն-թանգարանը: Շնորհիւ իր վաստակին, արուեստագէտը արժանացած է Հայաստանի Վաստակաւոր նկարիչի կոչումին:

Աւետիսեան մահացած է 24 փետրուար 1975 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2022