ՄԻՇՏ ԽԱՂԱՂ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կի բարձ­րա­ցու­մը մեր­ժող «Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ե­րէկ ներ­կա­յա­ցուց իր նոր պա­հանջ­նե­րը։ «Վե­րա­նա­յիլ եւ չե­ղեալ յայ­տա­րա­րել ա­պօ­րի­նա­բար կա­յա­ցուած հո­սան­քի սա­կա­գի­նի ո­րո­շու­մը, վե­րա­նա­յիլ ան­ցեալ տա­րուան սա­կա­գի­նը՝ նուա­զեց­ման նպա­տա­կով եւ պատ­ժել բո­լոր այն կար­գա­զանց ոս­տի­կան­նե­րը, ո­րոնք ա­նօ­րի­նա­կան կեր­պով Յու­նի­սի 22-ին Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ ծե­ծի են­թար­կե­ցին խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ պատ­ժել ա­նոնց ա­նօ­րի­նա­կան հրա­ման տուող­նե­րը։

Հարկ է նշել, թէ Բաղ­րա­մեա­նի վրայ ցոյ­ցը կը շա­րու­նա­կուի նոյն թա­փով։ Նա­խա­ձեռ­նող խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու եւ ոս­տի­կա­նու­թեան մի­ջեւ մշտա­կան կա­պի շնոր­հիւ ցոյ­ցը կը մնայ խա­ղաղ։ Ե­րէկ գի­շեր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու, խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու եւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու խումբ մը դար­ձեալ միա­ցաւ ցոյ­ցին, պատ­նէշ կազ­մե­լով ոս­տի­կա­նու­թեան եւ ցու­ցա­րար­նե­րուն մի­ջեւ, կան­խե­լու հա­մար ո­րե­ւէ բա­խում։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Հա­յաս­տան-Ռու­սաս­տան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ռու­սա­կան կող­մի նա­խա­գահ Մաք­սիմ Սո­քո­լո­վի գլխա­ւո­րած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ե­րե­ւա­նի մէջ ար­դէն քա­նի մը օ­րէ ի վեր տե­ղի ու­նե­ցող ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան գի­նի բարձ­րաց­ման դէմ բո­ղո­քի ցոյ­ցին՝ Սարգ­սեան ը­սաւ, որ ո­րոշ փոր­ձա­գէտ­ներ կը փոր­ձեն հա­կա­ռու­սա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­ներ փնտռել այդ բո­լո­րին մէջ։ Ան ընդգ­ծեց, թէ զին­քը կ՚ու­րա­խաց­նէ այն փաս­տը, որ ցու­ցա­րար­նե­րը ի­րենք  իսկ կը հաս­տա­տեն այդ են­թադ­րու­թիւն­նե­րուն ան­հե­թե­թու­թիւ­նը։

Նա­խա­գա­հը «ժո­ղովր­դա­կան չվա­յե­լող քայլ» ո­րա­կած է հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ կա­տա­ր-ւած խա­ղաղ ցոյց­նե­րը, միա­ժա­մա­նակ սա­կայն ռու­սե­րուն յայտ­նած է, թէ ճիշդ պի­տի ըլ­լայ ե­թէ ջրաե­լեկտ­րա­կա­յան­նե­րու ցան­ցը են­թար­կուի հա­շուեքն­նու­թեան։ Ըստ նա­խա­գա­հին, ճիշդ պի­տի ըլ­լար, որ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը իւ­րա­յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նէր Հա­յաս­տա­նի մէջ ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան։ «Մենք մէկ կող­մէ կ՚ու­զենք, որ դուք զբա­ղիք ձեր կա­տա­րած ներդ­րում­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեամբ, իսկ միւս կող­մէ տուեալ հար­ցին նա­յիք այդ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան տե­սան­կիւ­նէն», ը­սած է Նախագահ Սերժ Սարգ­սեան։

Սերժ Սարգսեանի ա­ռա­ջար­կին հետ կա­պուած Մաք­սիմ Սո­քո­լով նշեց, որ յանձ­նա­ժո­ղո­վի հո­վա­նիին տակ կը կազ­մա­կեր­պուի ըն­կե­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան վերս­տու­գու­մը՝ ներգ­րա­ւե­լով փոր­ձա­գէտ­նե­րու, շա­հագր­գիռ կող­մե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, այդ բո­լո­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լով ա­ռա­ւե­լա­գոյնս բաց եւ թա­փան­ցիկ, որ­պէս­զի հա­շուեքն­նու­թեան ար­դիւն­քով ի­րա­վի­ճա­կը ըլ­լայ բո­լո­րին հասկ­նա­լի։

Հարկ է նշել, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան հա­մար ժո­ղո­վուր­դէն գան­ձուող սա­կա­գի­նը սո­վե­տա­կան նախ­կին եր­կիր­նե­րու մէջ ա­մե­նա­բարձրն է։ Մա­նա­ւանդ որ, Հա­յաս­տան ինք­նա­բաւ է ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան ա­ռու­մով եւ ինք կ՚ար­տադ­րէ իր հո­սան­քը։ Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւ­նը հսկող ըն­կե­րու­թիւ­նը ռու­սա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, ո­րու բարձ­րաս­տի­ճան ղե­կա­վար­նե­րը մի­լիո­նա­ւոր դրամ ար­ժո­ղու­թեամբ ինք­նա­շարժ­նե­րով եւ յար­կա­բաժ­նի վարձ­քե­րով կը բնա­կին Ե­րե­ւա­նի մէջ եւ այս բո­լո­րը մեծ ընդվ­զում կը յա­ռա­ջաց­նէ հա­սա­րա­կու­թեան մօտ։

 

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015