ՎԱՀԷ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ. «ՀԱԼԷՊՆ ՈՒ ՀԱԼԷՊՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԴԵՌ ՀԶՕՐ ԵՆ ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԻ ԲԵՐԴԻՆ ՊԷՍ»

Հալէպահայ դեղագործ, համայնքային գործիչ Վահէ Սարգիսեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն:

*

-Ինչպիսի՞ն է Հալէպի վիճակը այս օրերուն: Ի՞նչ են հիմնախնդիրները։

-Հալէպն ու իր քաջարի ժողովուրդը, ինչպէս իր հզօր բերդը, կը շարունակեն դարերէն եկած իրենց տոկունութիւնը ցուցաբերել արտաքին ու ներքին շատ մը տագնապներու, նեղութիւններու, դժուարութիւններու եւ հարցերու նկատմամբ:

Ակնյայտ է բոլորին, որ տասնմէկ տարուան վրայ երկարող այս մարդկային աղէտը, որ նոյնինքն մարդու նենգամիտ ծրագիրներու մտայղացման արգասիքն է, խլեց ո՛չ միայն մարդկային, այլ նաեւ երկնային ամենագեղեցիկ արժէքներէն օգտուելու հնարաւորութիւնը:

Բնական էր, որ միանգամընդմիշտ ամբողջական բարելաւում չէինք կրնար նախատեսել ու այսօր եւս չենք կրնար ակնկալել աղէտի կոտտացող վէրքերն ու հազիւ թէ սպիացած հետքերը իր կուրծքին կրող Սուրիայէն, մասնաւորաբար Հալէպէն: Այսօր, ցաւ ի սիրտ, թշուառական դարձած ժողովուրդը առաւել քան երբեք կը տագնապի մէկ կողմէ անբացատրելի սղաճով, որ կը հիւծէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի նիւթական պաշարները, իսկ միւս կողմէ անգործութիւնն ու ամէնօրեայ օրապահիկ ծախսին չհամապատասխանող ու չբաւարարող աշխատանքային եկամուտը առաւել եւս կը նօսրացնեն ժողովուրդի նիւթական պահեստները։ Մինչ այդ, առհասարակ երկրի դրամադրոյթի անկայուն ելեւէջները ու հետզհետէ վատթարացման ու անկումի բացասական հետեւութիւնները ի վերջոյ ժողովուրդը սնանկացման ճահիճի մէջ կը խորասուզեն։ Այս գիշատիչ ուրուականը, որուն խեղդող մագիլները խրուած են ժողովուրդի կոկորդը, պարզապէս Սուրիոյ ու անոր բնակչութեան դէմ Արեւմուտքին նախասահմանած հեռակայ նենգամիտ ծրագիր մըն է՝ ընկճելու եւ հպատակեցնելու պետութիւնն ու ժողովուրդը իրենց քմահաճ կամքին, ի մտի ունենալով յաջողցնել ապագայի չարամիտ նպատակներ ու տարածքային հեռանկարներ:

-Երկար ժամանակէ ի վեր լսելի չեն դառնար այն խօսակցութիւնները, ըստ որոնց հալէպահայեր ինչ-ինչ դժուարութիւններով կը փորձեն արտագաղթել։ Կա՞յ այդպիսի իրադրութիւն մը այսօր։

-Եթէ իսկական պատկերացում մը կ՚ուզենք ունենալ ժողովուրդի առկայ իրավիճակի մասին, բաւարար է վերյիշել Աւետիք Իսահակեանի «Վայրի աղաւնին» բանաստեղծութեան առաջին հետեւեալ չորս տողերը, ուր նշած է.

Վայրի աղաւնին կուրծքը վիրաւոր
Ընկել էր մենակ աղբիւրի եզրին,
Ծորում էր շիթ-շիթ արիւնը բոսոր,
Մեռնում էր, աչքը՝ ջրի երազին:

«Ջրի երազով» տարուած ինչպէ՞ս մտածէ այլ, թէկուզ իրաւացի երազանքներ ունենալու մասին, երբ քսակն է դատարկ: «Արիւնաքամ» եղած ժողովուրդը ինչպէ՞ս մտածէ արտագաղթելու ու «չմեռնել»ու մասին, երբ չուելու իր թեւերը կտրուած են:

-Ներհամայնքային ընդհանուր պատկերին մէջ վերականգնումի ճիգ մը, հեռանկար մը գոյութիւն ունի՞, կամ թէ ընդհանուր խորագիրը՝ սպասողականութիւնն է։

-Անկասկած ներհամայնքային գործունէութիւնները, աշխատանքներն ու ծառայութիւնները իրենց զանազան բնագաւառներով՝ մշակութային, ընկերային, մարդասիրական, կրթական, բժշկական, եկեղեցական ու հոգեւոր, բոլորով մէկ անխտիր կը փորձեն թեթեւցնել ու մեղմացնել համայնքը կազմող թէկուզ թիւով նօսրացած հայորդիներու բեռը, նեղութիւնը, տագնապը, վիշտն ու ցաւը: Հակառակ այս բոլոր ջանքերուն, համայնքային համակարգը նկատի առնելով, որ առկայ հարցերը շատ աւելի մեծ եւ ծանր են, քան համայնքի ներկայ սահմանափակ կարողութիւններն ու հնարաւորութիւնները, այսօր՝ դժբախտաբար առաւել քան երբեք համայնքը ի վիճակի չէ հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու, յատկապէս Սուրիոյ վերջին 10-11 տարիներու վրայ երկարող պատերազմով ստեղծուած այս բարդ իրավիճակը, որպէս քննութեան չափանիշ ի յայտ բերաւ այն իրականութիւնը, որ ներկայ համայնքային համակարգը յաջող եղած է տեսական մարզին մէջ, քան ըսենք գործնական ոլորտներուն մէջ:

Ակնյայտ է բոլորին, որ վերոյիշեալ խնդիրները կրնան վտանգ սպառնալ համայնքի ֆիզիքական գոյութեան ու հայկական դիմագծին, որու համար ալ անկասկած մտավախութիւններ պիտի ըլլան. բայց եթէ  կարողանանք նորոգուած մտքով դիտարկել անցեալի թերութիւններն ու սխալները եւ ճկուն բարեկարգումներ մտցնել համայնքի աշխատանքային ընթացքներուն մէջ, ձերբազատուելով «ես»էն, որդեգրելով «մենք»ի գաղափարախօսութիւնը, ահա ճիշդ այդ մթնոլորտի մէջն է, որ պիտի չքանան մտահոգութիւններն ու մտավախութիւնները յանուն կայուն ու հզօր սփիւռքի:

-Հալէպցիները ընդհանրապէս եւ Հալէպի հայութիւնը մասնաւորապէս Հալէպ քաղաքի շուրջ նոր ռազմական գործողութիւններէ մտավախութիւններ կամ մտահոգութիւն ունի՞ն։

-Ներկայ իրավիճակէն ելլելով իւրաքանչիւր քաղաքացի, նաեւ հայը բնականաբար իր հանապազօրեայ հացի եւ այլ կենսական հարցերու լուծման ի խնդիր ելքի որոնման ջանքերու մէջ ըլլալով, դարձած է անտարբեր ո՛չ միայն համայնքային, մշակութային, ընկերային եւ շատ մը այլ մարզերու նկատմամբ, այլ նաեւ ոչ-համայնքային եւ քաղաքական հարցերու առընթեր: Ի դէպ, շրջակայ ռազմական գործողութիւններու իրադարձութիւնները ոչ մէկ մտահոգութիւն ու մտավախութիւն կը ներշնչեն ժողովուրդին. զարմանալիօրէն գուցէ մարդուն մէջ աստուածային ինքնապաշտպանման համակարգ մը կազմաւորուած ըլլայ պահելու եւ պահպանելու մարդը հաւանական աղէտէ մը եւ կործանիչ աւերներէ։

-Վաղուան հաշւոյն մտավախութիւններ ունի՞ք Հալէպ քաղաքի հայկական դիմագծին վտանգուած ըլլալուն առընչութեամբ։

-Մտքի թռիչքով մինչ հայաբնակ վայրերը կը տեսագրեմ, իւրաքանչիւր հայադրոշմ շէնքի ութ բնակարանի միայն երեք օճախներն են վառ: Բոյնէն պայմաններու բերումով հեռացած արագիլի վերադարձի յոյսով էինք տոգորուած անցեալին, այս օրերուս ցաւ ի սիրտ արագիլը լքած է իր սեփական տարածքը եւ, ափսո՜ս, որ հաւանական նոր հարեւաններու պատկերով պայմանաւորուած պիտի ըլլայ հայու յառաջիկայ դիմագիծը: Աւա՜ղ, առարկայականութեամբ դիտուած ու իրատեսութեամբ ներկայացուած այս թափանցիկ պատկերը թէկուզ եւ անընդունելի՝ փոքրամասնութեան համար, պարզապէս իւրաքանչիւր քաղաքացիին ամէնօրեայ դառն ապրումներն են:

Սոդոմ Գոմորի պատկերը յիշեցնող մեր օրերը, մինչ անխաղաղ աշխարհը կը տագնապի «վերջին օրերու» նախանշաններով, աստուածային սիրոյ ու փրկութեան ձայնը երկնքէն կու գայ ըսելու «Ու իմ անունովս կոչուած ժողովուրդս եթէ խոնարհիս ու աղօթք ընես, ու իմ երեսս խնդրես եւ իրենց չար ճամբաներէն դառնաս, ես ալ, երկինքէն պիտի լսեմ ու անոնց մեղքը ներեմ ու անոնց երկիրը պիտի բժշկեմ»։

Հաւատքով ու կատարեալ համբերութեամբ պիտի վերանան այս տագնապները, կրկին նոր գարուններ պիտի պայծառանան ու խաղաղութեան մթնոլորտի մէջ պիտի լուսաւորուին նոր օճախներ ու ծնունդ առնեն նոր սերունդներ, յոյս, կամք ու կորով ներշնչելու աշխարհասփիւռ ողջ հայութեան օճախներուն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022