ՅՈՅՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՅԱՅՏՆԻ ԴԷՄՔԵՐԷՆ ՏԻՄԻԹՐԻ ՔԱՐԱԵԱՆԻԻ ՄԱՀԸ

Պա­լըք­լըի յու­նա­կան հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Տի­միթ­րի Քա­րաեա­նի կնքեց իր մահ­կա­նա­ցուն՝ 90-ա­մեայ հա­սա­կին։ Հա­մայն­քէ ներս խնդրա­յա­րոյց դէմք մըն էր Քա­րաեա­նի, որ 24 տա­րիէ ի վեր ընտ­րու­թիւն չէր կազ­մա­կեր­պեր 1991-էն ի վեր ղե­կա­վա­րած այդ կա­ռոյ­ցէն ներս։ Քա­րաեա­նի կը հա­մա­րուէր յոյն հա­մայն­քի մէջ դէմք մը, որ ար­գելք կը հան­դի­սա­նար հա­սա­րա­կու­թեան շրջա­փոխ­ման եւ նոր կա­ռոյ­ցի ստեղծ­ման ճա­նա­պար­հին։ 2012-ին յոյն հա­մայն­քէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քեր հրա­պա­րա­կած էին յայ­տա­րա­րու­թիւն մը՝ նշե­լով, թէ Պա­լըք­լըի հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը այլեւս օ­րի­նա­կան չէ եւ պի­տի չճանչ­նան անոր կող­մէ առ­նուած ո­րո­շումները։ Քարաեանիի տեղի տուած այս մթնոլորտին մէջ Յունաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքն ալ երկար տարիներէ ի վեր չէր այցելեր Պալըքլըի՝ իր համայնքին պատկանող պատմական հիւանդանոցը։

Քա­րաեա­նիի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Յու­լի­սի 1-ին։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015