ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ ՑԱՒԱԼԻ ԴԷՊՔ
Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սպասաւորներէն Առլէն Տեմիրհան ենթարկուած է յարձակման ու վիրաւորուած։ Այս ցաւալի եւ մտահոգիչ դէպքին կապակցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան հեռաձայնով կապ հաստատած է Առլէն Տեմիրհանի մօր՝ Արշալոյս Տեմիրհանի հետ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի անունով զօրակցութեան եւ արագ ապաքինման մաղթանքներ փոխանցելէ վերջ, փոխանորդ տէր հայրը տեղեկութիւններ ստացած է անոր առողջական վիճակին շուրջ։
Ընկերային ցանցերու վրայ ալ լայն արձագանգ գտած դէպքը պատահած է անցեալ շաբաթավերջին՝ յուլիսի 22-ին։ Ֆըսթըքաղաճըի մէջ փողոցը ծագած վիճաբանութեան մը հետեւանքով Տեմիրհանին վրայ չորս հոգի յարձակած է։ Վիրաւորեալ վիճակով ան դարմանուած է հիւանդանոցի մէջ։
Իրաւապահ մարմինները հարցաքննութեան ձեռ-նարկած են այս դէպքին համար՝ մինչ յարձակողներէն մին ձերբակալուած է։
Միւս կողմէ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ այս կապակցութեամբ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած է ընկերային ցանցերու վրայ։ Այս առթիւ շեշտուած է, որ Տեմիրհանի դարմանումը կա-տարուած է GATA-ի հիւանդանոցին մէջ։ Թաղային խորհուրդը պախարակած է այս յարձակումը եւ հրապարակաւ առողջական մաղթանքներ յղած՝ ենթակային։ Նոյն առթիւ յոյս յայտնուած է, թէ յանցագործները կը ձերբակալուին եւ արդարադատութեան համակարգին կը յանձնուին։