ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՐԿՂԵՐԸ
Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը արդէն ձեռնարկած է ներկայ տարուան չորրորդ շրջանի առաքումներուն։ Արդէն ամուր նախընթացներով այս զօրակցութեան շարժումը հետզհետէ աւելի տարածում կը գտնէ եւ այս շրջանակին մէջ հերթական արկղերն ալ սկսած են իրենց հասցէատէրերուն յանձնուիլ։
Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, շուրջ 700 ընտանիքի բաժին հասած են սննդամթերք եւ կամ մաքրութեան զանազան անհրաժեշտ նիւթեր։
Ինչպէս միշտ, այս բոլորը հասցէատէրերուն կը հասնին, ըստ էութեան, մեր հայահոծ թաղերու եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններուն միջնորդութեամբ։
Պատրիարքարանի այս յանձնախումբի հովանիին ներքեւ ստեղծուած Գաղթականաց յանձնախումբն ալ այս նոյն շրջանին իր մօտ արձանագրուած ընտանիքներու կարիքներուն հասնելու նպատակով հերթական քայլը առած է։ Այսպէս, այդ ընտանիքներուն տրամադրուած գնումներու քարտերուն փոխանցուած են նախապէս ճշդուած գումարները։
Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի արդիւնաւէտ աշխատանքները ընթացքի մէջ են՝ համավարակի շրջանի սկիզբէն ի վեր։ Յանձնախումբին գլուխը կը գտնուի յայտնի համայնքային գործիչ Խաչիկ Ճանէլ։