ԱՐՑԱԽ ՄՈՒՏՔԻ ՀԱՄԱՐ ԱՐԳԵԼՔ

Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննիսեանի Արցախ մուտքը արգիլուեցաւ։ Յովհաննիսեանի գլխաւորած «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան աղբիւրները այս մասին ահազանգ հնչեցուցին, ինչ որ հայկական լրահոսին մէջ գտաւ լայն արձագանգ։

«Աղաւնոյ, Արցախի Հանրապետութեան սահմանակէտ։ Երէկ երեկոյեան Ստեփանակերտ՝ թոռան մկրտութեան մասնակցելու ճանապարհին, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինուորներուն կողմէ պաշտօնապէս խոչընդոտուած է Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննիսեանի մուտքը Արցախի Հանրապետութեան տարածք։ Ցոյց տալով անոր իրենց հրամանատարը՝ ուղեկցող լուսանկարի հետ, անցակէտի զինուորները մերժման որեւէ հիմնաւորում ցոյց չտուին, բայց հաստատեցին, որ արգելքը սահմանուած կրնայ ըլլալ Երեւանի ամենավերեւէն», նշուած է կուսակցութեան հաղորդումներուն մէջ։

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը եղած է անտեղեակ։ Խնդիրը հարթելու փորձերը մնացած են ապարդիւն։ Րաֆֆի Յովհաննիսեան պատահածի պատասխանատուն կը համարէ միայն մէկ անձ՝ ձախողած առաջնորդը, ակնարկելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։

Հայաստանի իշխանութիւնները վերջին շրջանին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան արտասահմանի ղեկավարներուն կամ շարքային երիտասարդներուն համար երկիր մուտք գործելու արգելքներ կը սահմանէին, իսկ ներկայիս արդէն նոյնինքն Հայաստանի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն մէկուն Արցախ մուտք գործելու պարագային գործադրուած արգելքին հետ առընչակից ըլլալու պնդումներ կը հասցէագրուին անոնց դէմ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 1, 2022