ԴԷՊԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅ
Կեդրոնականի ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառ հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի 2014-2015 տարեշրջանի հունձքին։ Այս առթիւ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան փայլուն հանդէս մը։ Տղաքը նախ հաւաքաբար լուսանկարուեցան Պատրիարքարանի համալիրէն ներս եւ աւելի վերջ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ իրենց խոնարհումը բերին վարժարանի երջանկայիշատակ հիմնադիր Տ. Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմին մօտ։ Աւելի վերջ օրուան յայտագիրը շարունակուեցաւ Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ, ուր անոնց հանդիսաւոր մուտքը ծափահարութիւններով ընկալուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ։ Կեդրոնականը այս տարի ունի 55 շրջանաւարտ։
Շրջանաւարտից հանդէսին ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, երեսփոխան Կարօ Փայլան, Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու, վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, կրթական մշակներ, ծնողներ, զանազան սերունդներէ կեդրոնականցիներ եւ հիւրեր։
Հանդէսի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սիլվա Գույումճեան։ Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ Շանթ Էսմէրի դաշնակի նուագները։ Աւելի վերջ շրջանաւարտները մի առ մի ստացան իրենց վկայականները, հիւրերուն ձեռամբ, որոնք արտասանեցին շնորհաւորութեան հակիրճ խօսքեր։ Դափնեկիր շրջանաւարտները առարկայ դարձան բոլորի գնահատանքին։
Վկայականներու բաշխումէն վերջ Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին շրջանաւարտներուն ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակի հատման ժամանակ խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։