ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽԹԱՆՈՒՄ
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ FemInno կանանց նորարարական միջազգային համաժողովը, որու մասնակիցները առաջնահերթօրէն հետաքրքրուեցան երկրի տեղեկատուութեան արհեստագիտութիւններու բնագաւառով եւ էքօհամակարգով։ Թեքնոլոժիներու եւ նորարարութեան հետ իգական սեռէ հիւրերը Հայաստան մեկնած էին աշխարհի զանազան երկիրներէն. օրինակ՝ Գանատա, Գերմանիա, Զուիցերիա, Իտալիա, Լեհաստան, Նիժերիա եւ այլն։
Համաժողովի մասնակիցները այցելեցին նաեւ Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար թեքնոլոժիներու կեդրոնը, որու համալիրէն ներս կատարուած շրջայցը առիթ ընձեռեց, որ անոնք ծանօթանան գործունէութեան ընդհանուր գիծերուն։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած այս համաժողովը մաս կազմեց FemInno միջազգային քոնֆերանսի շրջանակին։ Համաժողովի օրերուն հիւրերը մասնաւոր հետաքրքրութեան առարկայ դարձուցին Հայաստանի թեքնոլոժիի ընկերութիւններն ու անոնց ազդեցութիւնը ամբողջ էքօհամակարգին վրայ։