ԱՆԳԻՆ, ԳԵՂԵՑԻԿ, ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս գեր­մա­նա­ցի  մաս­նա­գէտ­նե­րու ջան­քե­րուն շնոր­հիւ նոր կեանք ստա­ցան մե­տա­ղա­կազմ 220 հայ­կա­կան ձե­ռագ­րեր, ո­րոնք ի պահ դրուած են Մա­տե­նա­դա­րա­նի մօտ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մա­տե­նա­դա­րա­նի վե­րա­կանգն­ման բաժ­նէն ներս վեր­ջերս ցու­ցադրուե­ցան նո­րո­գեալ հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րու ար­ծա­թեայ կազ­մե­րը։ Բո­լոր աշ­խա­տան­քը վե­րահս­կած են գեր­մա­նա­ցի մաս­նա­գէտ­ներ՝ Մարկ­րէթ Եաշ­քէ եւ Ռո­պէրթ Շթեհ­լէ։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Մա­տե­նա­դա­րա­նի վե­րա­կանգն­ման բաժ­նի ղե­կա­վար Գա­յիա­նէ Է­լիա­զեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս տա­րի գեր­մա­նա­ցի մաս­նա­գէտ­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն շնոր­հիւ նո­րո­գուած է տաս­ներ­կու ձե­ռա­գիր ու մէկ հնա­տիպ գիրք։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ նոր կեանք ստա­ցած է ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր ձե­ռա­գիր։ Ամ­րա­ցուած են կազ­մե­րու վրա­յէն բա­ցա­կա­յող կամ թու­լա­ցած բո­լոր մա­սե­րը։ «Մենք շատ ու­րախ ենք ըն­ձե­ռուած հնա­րա­ւո­րու­թեան հա­մար, ո­րու շնոր­հիւ ձե­ռագ­րա­տան մէջ ար­դէն գրե­թէ չկան ձե­ռագ­րեր, ո­րոնք ան­յա­պաղ նո­րոգ­ման կա­րիք ու­նին», ը­սաւ Գա­յիա­նէ Է­լիա­զեան։ 

Գեր­մա­նա­ցի մաս­նա­գէտ­նե­րը հին ձե­ռագ­րե­րու կազ­մե­րուն վրայ աշ­խա­տանք կը տա­նին 2001 թուա­կա­նէն ի վեր՝ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով Մա­տե­նա­դա­րա­նի վե­րա­կանգ­ման բաժ­նի աշ­խա­տա­կից­նե­րուն հետ։ Վե­րա­կանգ­ման են­թա­կայ կազ­մե­րը լու­սան­կա­րուած ու չա­փագ­րուած են Հա­յաս­տա­նի մէջ, ա­պա ու­ղար­կուած՝ Գեր­մա­նիա, ուր պատ­րաս­տուած են ա­ռան­ձին մա­սե­րը։ Փո­խան­ցե­լով վե­րա­կանգն­ման գոր­ծին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը՝ Մարկ­րէթ Եաշ­քէ յայտ­նեց, թէ բո­լոր ձե­ռագ­րե­րը ան­գին են, հե­տաքրք­րա­կան ու կ՚ա­ռանձ­նան ի­րենց գե­ղեց­կու­թեամբ եւ ա­նոնց վրայ կա­տա­րուե­լիք աշ­խա­տան­քին դժուա­րու­թեամբ։ Եաշ­քէ ա­ւել­ցուց, որ աշ­խա­տան­քի ա­մե­նադ­ժուար մա­սը սկիզ­բին էր, երբ ի­րենք տա­կա­ւին չէին տի­րա­պե­տեր հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րու հետ աշ­խա­տե­լու հմտու­թիւն­նե­րուն։ Այդ բա­ցը հնա­րա­ւոր ե­ղաւ լրաց­նել եր­կա­րա­մեայ փոր­ձա­ռու­թեան եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ։ 
Իր կար­գին, ա­րուես­տա­բան Ռո­պէրթ Շթեհ­լէն ալ նշեց, թէ ո­րոշ կազ­մեր ու­նին յա­տուկ՝ հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րու կազ­մե­րուն բնո­րոշ փա­կան­ներ։ Ան ը­սաւ, որ մտա­դիր է մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջը աշ­խա­տիլ հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րու կազ­մե­րու նո­րո­գու­թեան վրայ։ Կազ­մե­րու պատ­րաստ­ման ե­ղա­նակ­նե­րու եւ ժա­մա­նա­կա-շըր­ջա­նի մա­սին ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներն ալ պահ­պա­նուած են ձե­ռագ­րե­րուն մէջ։ 
Մա­տե­նա­դա­րա­նի վե­րա­կանգ­ման բա­ժի­նը կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի նաեւ մի­ջազ­գա­յին յայտ­նի կեդ­րոն­նե­րու հետ. օ­րի­նակ՝ Պեր­լի­նի Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նը, Ի­տա­լիոյ գիր­քե­րու Փա­թո­լո­ժիի կա­ճա­ռը, Սէն Փե­թերս­պուր­կի «Էր­մի­թաժ» թան­գա­րա­նը։ Մա­տե­նա­դա­րա­նի հա­ւա­քա­ծու­նե­րու պահ­պան­ման ու վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րէն բա­ցի, նման ջան­քեր կը գոր­ծադ­րուին նաեւ Հա­յաս­տա­նի թան­գա­րան­նե­րուն եւ գրա­դա­րան­նե­րուն մօտ ի պահ դրուած ար­ժէք­նե­րուն պա­րա­գա­յին։ 
Ի լրումն այս բո­լո­րին, Մա­տե­նա­դա­րա­նի յար­կէն ներս կը ծրագ­րուի այս տա­րի վե­րա­կանգ­նել եւս տասն­մէկ մե­ծա­դիր ձե­ռա­գիր։ Է­լիա­զեա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, ա­ւե­լի քան հա­զար մե­ծա­դիր ձե­ռա­գիր գո­յու­թիւն ու­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նի մէջ եւ ար­դէն ե­րեք տա­րիէ ի վեր աշ­խա­տանք­ներ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին ա­նոնց վե­րա­նո­րոգ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Մինչ այդ, անհ­րա­ժեշտ նիւ­թե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով կա­րե­լի չէր ըլ­լար ա­նոնց նո­րո­գու­թիւ­նը։ Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը շատ կա­րե­ւո­րե­լով այս ձե­ռագ­րե­րու պահ­պա­նու­թիւ­նը՝ ա­պա­հո­վեց անհ­րա­ժեշտ ճա­բո­նա­կան թուղ­թը, ո­րու ար­ժէ­քը շատ բարձր է։ Ան­ցեալ տա­րի վե­րա­նո­րո­գուած ինն մե­ծա­դիր ձե­ռագ­րին այս տա­րի պի­տի յա­ջոր­դէ եւս տասն­մէ­կը։ 
Ա­ւագ վե­րա­նո­րո­գող Սու­սան­նա Կի­րա­կո­սեան ներ­կա­յիս կեդ­րո­նա­ցած է 1444 թուա­կա­նի ձե­ռագ­րի մը վրայ եւ իր աշ­խա­տան­քը կը բաղ­դա­տէ բժիշ­կի մը աշ­խա­տան­քին հետ։ «Կ՚աշ­խա­տինք չվնա­սե­լու սկզբուն­քով։ Թերթ առ թերթ կը նո­րո­գ-ւին բո­լոր պատ­ռուած ու վնա­սուած է­ջե­րը, կ՚ամ­րա­ցուին թուղթն ու թա­նա­գը։ Այս ձե­ռա­գի­րը ու­նի սնկա­յին հի­ւան­դու­թիւն, բու­ժուած է եւ հի­մա կը գտնուի վի­րա­հա­տա­կան սե­ղա­նի վրայ», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս գոր­ծին հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ու­նե­նալ մեծ համ­բե­րու­թիւն եւ սէր։ 
Վե­րա­կանգն­ման ժա­մա­նակ կ՚օգ­տա­գործուին միայն բնա­կան նիւ­թեր եւ բարձր ո­րա­կի ճա­բո­նա­կան թուղ­թեր։ Մէկ ձե­ռագ­րի նո­րոգ­ման ժա­մա­նա­կը կա­խում ու­նի ա­նոր կրած վնա­սի աս­տի­ճա­նէն. եր­բեմն կրնայ տե­ւել վեց ա­միս, եր­բեմն ալ տա­րի մը ու նոյ­նիսկ ա­ւե­լի։
Մա­տե­նա­դա­րա­նի վե­րա­նո­րոգ­ման բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յեն նաեւ ա­մէն տե­սակ սար­քա­ւո­րու­մի տի­րա­պե­տե­լու նկատ­մամբ, որ­պէս­զի չկոր­սուի ձե­ռագ­րե­րու պատ­մա­կան ինք­նու­թիւ­նը։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015