ԵՂԻ՛Ր՝ ՓՈԽԱՆ ԵՐԵՒԻՍ
Մարդկային ընկերութիւնը, անցեալին հակառակ, էութիւնը թերագնահատելով աւելի կարեւորութիւն կու տայ երեւոյթին, որովհետեւ այսօր մեր շուրջ գրելէ ամէ՛ն մարդ երեւութապաշտ է՝ քան իրապաշտ: Փոխանակ ձգտելու ըլլալ այն՝ ինչպէս որ կ՚ուզեն երեւիլ, կը նախընտրեն երեւիլ՝ առանց ըլլալու:
Մինչեւ որոշ անցեալ մը, մարդկային կեանքին մէջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր մարդասէր, բարեսէր, համեստ ու խոնարհ ըլլալը, սակայն որոշ ժամանակ ետք այդ բոլորը մեր ապականած ընկերութեան կողմէ սկսաւ դիտուիլ որպէս տկարութիւն եւ անզօրութիւն եւ մարդիկ նման պիտակներ հեռացնելու համար իրենց վրայէն՝ սկսան փորձել «զօրաւոր» երեւիլ, որովհետեւ տեսան, թէ համեստութիւնն ու խոնարհութիւնը իրենց տեղերը կը զիջին քաջութեան ու համարձակութեան:
Այսօր մեր շուրջ բոլորը «զօրաւոր» երեւելու ջանքին մէջն են, որովհետեւ բոլորը կը գիտակցին, որ բանաստեղծին ալ ըսածով այս օրերուն «իրաւունքը ուժն է միայն» եւ վա՜յ այն մարդուն, որ ունի անոր պակասը:
Եթէ տասնամեակներ առաջ ընկերութիւնը կը մեծարէր պարկեշտ ու ամօթխած հոգիները, այսօր կ՚այպանէ, որովհետեւ ինչպէս թրքական առածը կ՚ըսէ՝ կեանքը այսօր «գայլերու սեղան» է եւ այդ գայլերուն մէջ բարի ըլլալ արդէն իսկ պարտուած ըլլալ կը նշանակէ:
Եթէ անցեալին լալը բնական էր, այսօր ամօթ որպէս կը դիտուի, չէ՞ որ անզօրութիւն է արտասուելը. մարդիկ զօրաւոր երեւելու համար իրենց մէջ կը խեղդեն ամէ՛ն բան. մի քանի տասնամեակ առաջ կորսուած սիրոյ համար լալը բնական երեւոյթ էր, սակայն այսօր ամօթ մըն է բնական այդ զգացումը. պէտք է խեղդել ներաշխարհին մէջ... որովհետեւ պէտք է մտածել, թէ «մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն»: Այդ ամօթին պատճառով է, որ այսօր մեր մէջ պակսած են բանաստեղծները, որովհետեւ թախիծը, զգացումը, յոյզն ու ապրումը անկարեւոր են. հիմնականը երեւոյթն է՝ նոյնիսկ եթէ չի համապատասխաներ իրականութեան:
Անցեալին եթէ ծնողներ իրենց զաւակներուն համեստութիւն, ազնուութիւն կը սորվեցնէին, այսօր հակառակը կ՚ընեն, որովհետեւ ո՛չ թէ համեստն ու բարին, այլ ճարպիկն ու հնարամիտն է, որ իր «արժանի» տեղը կը գտնէ ընկերութեան մէջ. «մեծերու հանդէպ յարգանքով եղիր», «քեզմէ մեծերուն պատասխան մի տար» ըսող ընկերութենէն այսօր անցած ենք «մի՛ լռեր, տկար մի՛ ըլլար, պատասխա՛ն տուր»ի:
Այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ փոփոխութիւն կը կրէ մարդուն որդեգրած չափանիշները. այդ չափանիշներու փոփոխութիւնը կարելի է նկատել նոյնիսկ դպրոցական աշակերտներու մօտ. փորձեցէք ուսումնասիրել աշակերտական դասարան մը եւ պիտի տեսնէք, որ աշակերտներ պիտի ձգտին մտերմութիւն ու բարեկամութիւն հաստատել համարձակին, անկաշկանդ արտայայտուողին հետ՝ քան անոր որ հեզութեամբ ու բարութեամբ ընկերասէր ընթացք կ՚ունենայ դասարանէն ներս. դասարանին մէջ «առաջնորդի» դեր կ՚ունենայ յանդուգն աշակերտը, որ իր անկաշկանդութեան շնորհիւ աւելի «խելացի» ու «իմաստուն» ըլլալ կը թուի այլոց աչքին:
Ներկայ ընկերութիւնը չունի ունակութիւնը համեմատելու եւ զանազանելու իսկական քաջն ու այդպէս երեւիլ փորձողը, որովհետեւ այսօր աշխարհը երեւոյթն է որ կը դատէ:
Ի՞նչ է քաջութիւնը. ի՞նչպիսի բան է զօրաւոր ըլլալը. ներկայ ընկերութիւնը կը հաւատայ, որ մարդ կրնայ զօրաւոր թուիլ ու երեւիլ, երբ ունի թանկարժէք ինքնաշարժ, վիզին ու ձեռքերուն ունենայ հաստ ու դիւթիչ ոսկիներ, մէկի փոխարէն մի քանի հեռախօսներ։ Փորձեցէք մտաբերել անձեր, որոնք զօրաւոր կը թուին ձեր աչքին եւ պիտի նկատէք, որ բոլոր տուալները նիւթական ու շօշափական են եւ ո՛չ մտաւոր կամ իմացական:
Փորձեցէք պահ մը ուսումնասիրել նաեւ ներկայ երիտասարդ սերունդին որպէս տիպար ընդունած անձերը. մեծաւ մասամբ մեծահարուստներ են անոնք՝ որոնք ունին աւելի քան մի քանի տասնեակ ինքնաշարժներ, դիկնապահներ, անձնական օդանաւներ, նաւեր եւ այլն. տիպար են՝ որովհետեւ իրենց համար այդ բոլորը անյաղթելի քաջութիւն որպէս կը դիտուին:
Անցեալ օր ականջալուր եղայ խօսակցութեան մը. երիտասարդ մը «սիկառ» կը ծխէր, իսկ բարեկամներէն մէկը կը հարցնէր, թէ ի՞նչ կը հասկնայ նման հաստ «սիկառ» մը ծխելով: Երիտասարդը ինքնավստահ կը պատասխանէ. «Դուն չես հասկնար, ասիկա «քարիզմա» ցոյց կու տայ, զօրաւոր ըլլալդ կը փաստէ». երիտասարդը մի՛ մեղադրէք, որովհետեւ փոքրամասնութիւն չեն այսպէս մտածողները. այսօր Հայաստանի մէջ կը տեսնեմ դպրոցական 15-16 տարեկան տղաք, որոնք դպրոցէն հազիւ դուրս եկած ճամբան կը սկսին սիկարէթ ծխել, որովհետեւ փոքր տարիքէն կ՚ունենան այն համոզումը, որ ծխողը ինքնահաստատուած, արդէն իսկ հասուն է. նմանները կ՚ունենան այն համոզումը, որ զինք ծխած ժամանակ տեսնող հասակակից մը, դասընկերուհի մը պիտի մտածէ, թէ ինք մեծցած է արդէն եւ լուրջ անձնաւորութիւն մըն է. ինք մանուկ մը չէ այլեւս...:
Իրականութեան մէջ ամէն տկար անձերը անոնք են՝ որոնք իրենց զօրութիւնը շօշափելի իրերու եւ երեւոյթներու մէջ կը փնտռեն. այդ մէկը ինքնին տկարութիւն է, որովհետեւ քաջութիւնն ու զօրութիւնը արտաքինէն, մարմնականէն աւելի հոգեկան հասկացողութիւն մըն է:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -18-
Չեմ գիտեր ինչ տրամաբանութեամբ, աշակերտութեանս տարիներուն վանքի տեսուչ Սրբազան հայրը ամէ՛ն կէսօր բոլոր աշակերտները պարտադիր Դպրեվանքէն քսան վայրկեան հեռաւորութեան վրայ գտնուող գոմը կը ղրկէր, ըսելով «գացէք ձեր ընկերներուն բարեւ տուէք եկէք». այրող արեւին տակ պարտադիր, առանց նպատակն ու իմաստը հասկնալու կը քալէինք մինչեւ «Պաշիր» կոչուող գոմ ու դարձեալ կը վերադառնայինք:
Օր մը ընթրիքի պահուն Սրբազան հայրը Յարութին հարց կու տայ.
-Այսօր գացի՞ք ձեր ընկերներուն:
Յարութ այս անմիաստ ճամբորդութենէն յուսահատ կը պատասխանէ.
-Այո, Սրբազան հայր, գացինք. ձեզի շա՜տ շա՜տ բարեւ ունին եւ ձեր որպիսութիւնը կը հարցնեն. կ՚ուզեն առիթով մը դուք ալ այցելէք:
***
Լիբանանի մէջ տարեց հայ մը գողութիւն կը կատարէ, առանց նկատելու եւ կամ գուցէ գիտնալու, որ նկարահանող սարքեր գոյութիւն ունին:
Խանութի սեփականատէրը բարի ու ազնիւ մարդ մը ըլլալով կը մեղքանայ հայ գողի տարիքին եւ փոխանակ ոստիկանութեան դիմելու կ՚ուզէ լաւութեամբ լուծում մը տալ հարցին, այդ իսկ պատճառով կու գայ Անթիլիաս՝ հայ հոգեւորականի մը ճամբով առանց խնդիրը մեծցնելու լուծումի հասնելու համար:
Դռնապանը արաբ մարդը կ՚առաջնորդէ Մեղրիկ Սրբազանի գրասենեակը. խանութի սեփականատէրը կը պատմէ ամբողջ եղելութիւնը եւ ցոյց կու տայ տեսագրութիւնները, խնդրելով որ սրբազանը լուծում մը տայ հարցին:
Յաջորդ օր սրբազանը հայ ծերունին կը հրաւիրէ Անթիլիաս եւ մեղմութեամբ կը փորձէ բացատրել, որ պէտք չէ նման քայլերու դիմէ՝ կեանքը ինչ պայմաններ ալ ստեղծէ, սակայն ծերունին կը մնայ անդրդուելի. «ես բան մըն ալ չըրի...»:
Սրբազանը կը փորձէ ցոյց տալ ծերունիին տեսագրութիւնը, ուր յստակօրէն կը տեսնուի գողութեան պահը. արդի արհեստագիտութեան անծանօթ 80 ամեայ ծերունին դարձեալ անդրդուելի է. կը պարզուի, որ ծերուկը տեղեակ չէ, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի սարք՝ որ գողութիւնները կը նկարէ։ Գողութեան արարքը մէկ կողմ դրած սրբազանն ու խանութի սեփականատէրը կը սկսին արհեստագիտութեան դասընթացք մը կազմակերպել ծերունիին համոզելու, որ յստակ տեսնուած է, թէ ինք է գողցողը...
Ծերունիին յամառութենէն յուսահատ Մեղրիկ Սրբազան կը հատուցէ վնասը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ